Ուրբաթ, 29 Ապրիլ 2011 - Հայոց ցեղասպանութեան 96 ամեակի ոգեկոչում Դամասկոսի մէջ


Դամասկոս

Դամասկոսի հայ երեք համայնքապետերու հովանաւորութեամբ եւ մշակութային միութիւններու միացեալ յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, կիրակի 24 ապրիլի երեկոյեան Դամասկոսի առաջնորդանիստ սուրբ Սարգիս եկեղոցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Նահատակաց յուշարձանին առջեւ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան մասնաւոր արարողութիւն հայոց ցեղասպանութեան 96 ամեակի յիշատակին։ Այս ոգեկոչման մասնակցեցան Դամասկոսի հայ առաքելական թեմի առաջնորդ՝ գերշ. տէր Արմաշ Ս. եպս. Նալպանտեանը, հայ կաթողիկէ առաջնորդ՝ արհի. տէր Յովսէփ եպս. Առնաութեանը, Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Արշակ Փօլատեանը, Դամասկոսահայ միութիւններու վարչականներ եւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ, հակառակ ներկայ դժուարին պայմաններուն, բազմաթիւ դամասկոսահայեր։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Դամասկոսի մարոնիթ առաջնորդ Սամիր Նասսար եւ ասորի ուղղափառ Ժան Գաուագ եպիսկոպոսները։

Երկուշաբթի 25 ապրիլի առաւօտուն, Դամասկոսի ազգային գերեզմանատան մէջ գտնուող Նահատակաց յուշարձանին առջեւ կրկին Դամասկոսի համայնքապետերու, Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանի եւ հոծ հաւատացեալներու բազմութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ ի յիշատակ բիւրաւոր նահատակներուն, որմէ ետք ներկաները ծաղիկներ տեղադրեցին յուշարձանին առջեւ։ Օրուայ  պատգամաբերն էր պատուելի Սամուէլ Թաշճեան՝ հոգեւոր հովիւ Դամասկոսի հայ աւետարանական Եկեղեցւոյ։

Իսկ նոյն օրը՝ երեկոյեան, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Նահատակաց յուշարձանին առջեւ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն մը, որմէ ետք Դամասկոսի մշակութային միութիւններու միացեալ յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, հայ կաթողիկէ Ամինեան սրահին մէջ կատարուեցաւ Նահատակաց յուշահանդէս: Բացումը կատարեց Դամասկոսի թեմի առաջնորդ տէր Արմաշ եպս. Նալպանտեանը: Առաջնորդ սրբազան հայրը ողջունեց ներկաները Քրիստոսի Յարութեան աւետիսով՝ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է Յարութեանն Քրիստոսի, ապա աւելցուց ըսելով. «Հայ ժողովուրդ յարեաւ ի Տէր Զօրէ, օրհնեալ է Յարութիւնն Հայ Ազգի»։

Օրուայ հանդիսավարներն էին Նինա Գոճայեան եւ Նորայր Տէր Պետրոսեան։ Ապա գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Դամասկոսահայ միութիւնները: Օրուան բանախօս` տիար Պարոյր Աղպաշեանը, իր խօսքին մէջ նշեց հայկական հարցին քաղաքական պատմականը եւ անդրադարձաւ Հայաստանի հանրապետութեան այժմեան քաղաքական կեցուածքին հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ, ներկայացնելով լրացուցիչ բացատրութիւններ: Ան մանրամասն անդրադարձաւ հայևթուրքական արձանագրութեանց եւ անկէ բխող խնդիրներուն, ապա կարեւորեց հայկական համասփիւռքեան Գոնկրէսի անհրաժեշտութիւնը։

Յուշահանդէսը փակուեցաւ առաջնորդ արհի. տէր Յովսէփ եպս. Առնաութեանի խօսքով, որն ինքնին կոչ էր միասնականութեան եւ համագործակցութեան: Հայաստանի ազգային քայլերգով աւարտեցաւ յուշահանդէսը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ