Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2008 - Ամեն. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Ընդունեց Հռոմի Հայ Գաղութի Յանձնախումբի Անդամները

Հռոմ, Իտալիա

Ուրբաթ 10 Հոկտեմբեր 2008ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Հռոմի Լեւոնեան Հայ դպրեվանքի իր անձնական հիւրասրահին մէջ ընդունեց Հռոմի Հայ Գաղութի Յանձնախումբի անդամները, առաջնորդութեամբ Գերյ. Յովսէփ Ծ.Վ. Քէլէկեանի՝ Մեծաւոր Հռոմի Լեւոնեան դպրեվանքի:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր գնահատանքը եւ գոհունակութիւնը յայտնեց յամձնաժողովի անդամներուն, անոնց նուիրումին համար հայապահպանման գործին մէջ: Իր քաջալերական խօսքին մէջ, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը կարեւորեց հիւրընկալող երկրի օրինակելի քաղաքացի ըլլալը, մնալով հաւատարիմ Հայ ինքնութեան, պահպանելով Հայ մշակոյթն ու լեզուն: Այս առթիւ, Հոգեւոր Տէրը յանձնախումբի անդամներու իւրաքանչիւրին Վարդարան մը նուիրեց որպէս յիշատակ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ