Երեքշաբթի, 28 Փետրուար 2006 - Հայաստանի նոր դեսպան Պր. Վահան Տէր Ղեւոնդեան այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան
Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պր. Վահան Տէր Ղեւոնդեան երեքշաբթի, 28 փետրուար 2006, կէսօրէն առաջ այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան ուր ընդունուեցաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ զոր կը շրջապատէին պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Տէր Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեան, Զմմառու Միաբանութեան ընդհանուր Մեծաւոր Գերյ. Հայր Գէորգ Թ.Ծ.Վրդ. Եղիայեան, ժողովրդապետ Հայրերը, Հայ Կաթողիկէ Միաբանութեանց եւ վարժարաններու Մեծաւորներ ու Տնօրէններ, ինչպէս նաեւ Թեմական Յանձնաժողովի անդամներ:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ Ն.Վ. դեսպանին կողմէ արտասանուած ողջոյնի խօսքերէն ետք, խօսակցութիւնը շարունակուեցաւ ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտի ներքեւ եւ շօշափեց մասնաւորաբար Հայաստան-Լիբանան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները միջ-կառավարական, մշակութային, տնտեսական եւ կրթական մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ Հայաստանը եւ համայն Հայութիւնը յուզող խնդիրները: Պր. դեսպանը ընդարձակ լուսաբանութիւններ փոխանցեց հայկական հպատակութեան, Արցախի շուրջ բանակցութեանց գործընթացի եւ հայրենական կեանքի զանազան երեսներու մասին:
Պր. Վահան Տէր Ղեւոնդեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հայաստանին եւ հայկական դեսպանատուներուն հանդէպ Հայ Կաթողիկէ Համայնքին կողմէ ցուցաբերած զօրակցութեան մասին: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր կարգին վստահեցուց որ այդ զօրակցութիւնը երբեք պիտի չպակսի:

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ