Ուրբաթ, 16 Մարտ 2012 - Յետ Սիւնհոդոսական Արձագագներ


Պէյրութ

Մարտ, 6-էն 13, 2012 Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսը գումարուեցաւ յաւիտենական քաղաք Հռոմի մէջ, նախագահութեամբ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ մասնակցութեամբ արհիապատիւ առաջնորդ եպիսկոպոսներու եւ արքեպիսկոպոսներու: Բացակայ էին արհիապատիւ արքեպիսկոպոսներ Չոլաքեան , Գուսան, Տապպաղեան, Քէշիշեան եւ Աշգարեան եպիսկոպոս։

Բանակցական այս սուրբ Ժողովին ուսումնասիրուեցան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վարչական, հովուական, ծիսական ու կրթական մարզերու վերաբերեալ օրակարգի վրայ դրուած նիւթերը, ինչպէս կը յայտնէ մեզի փակման հաղորդագրութիւնը։

Որոշումներ առնուեցան յատկապէս հովուական մարզին մէջ, ինչ կը վերաբերի կղերին միջեւ համագործակցութեան կերպերուն ու պայմաններուն: Այս որոշումները տակաւին չհրապարակուեցան: Անոնց մասին ուղղութիւններ պիտի ներկայացուին եկեղեցականներուն եւ հաւատացեալներուն, որպէսզի ինչպէս կ'ըսէ հաղորդագրութիւնը, «ներդաշնակ համագործակցութիւն» գոյանայ կղերին միջեւ, այն ինչ որ պիտի առաջնորդէ «համայնքիս բոլոր տարրերն ու կարողութիւնները միատեղելու ու զօրաշարժի ենթարկելու» դէպի բարենորոգումներ։

Սիւնհոդոսական հայրերը, իրենց Լիբանան վերադարձին, շատ դրական արտայայտուեցան այս բանակցական Սիւնհոդոսին մասին առանց յաւելեալ տեղեկութիւններ աւելցնելու հաղորդագրութեան վրայ: Անոնք շեշտեցին թէ հովուական բարեփոխութիւններու սկիզբ նշող այս Ժողովը  «շօշափելի իրողութեան» վերածուի հաւանաբար ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէն հրատարակուելիք հովուական թուղթով մը, ըսաւ Մինասեան արքեպիսկոպոս։
Նշենք թէ հաղորդագրութեան կողքին ոեւէ այլ վաւերաթուղթ չհրատարակուեցաւ եւ ոչ մէկ յանձնախումբ կազմուեցաւ, այս Սիւնհոդոսին առաջադրանքներն ու որոշումները ի գործ դնելու համար: Կրնանք հաստատել նաեւ թէ Սիւնհոդոսը չճշդեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համագումարի մը թուականը, հիմնականօրէն կեդրոնանալով հովուական խնդիրներուն վրայ։ Ըստ Սիւնհոդոսի քարտուղար արհի. Թէյրուզեանի, յաջորդ Սիւնհոդոսական ժողովը տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ 2012-ի սեպտեմբեր-ին, երբ սրբազան քահանայապետը պիտի այցելէ Զմմառու վանքը։  


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ