Ուրբաթ, 25 Յուլիս 2008 - Ամեն. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Շնորհաւորեց Սլէյմանը եւ Սինիորան

Լիբանան

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց  Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը զոյգ շնորհաւորական նամակներ ուղղեց Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյմանին եւ վարչապետ Ֆուատ Սինիորային Լիբանանի ազգային միասնականութեան նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով, մաղթելով որ այս մէկը Լիբաբանի ընծայէ ապահովական կայունութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման նոր հանգրուան մը: Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորեց նաեւ Լիբանանի գերիներու ազատ արձակումը եւ նահատակներու աճիւններու վերդարձը, նկատելով այս նուաճումները յաղթանակ համայն Լիբանանինցիներուն եւ յուսալից ապագայի վառ հորիզոն մը: Հոգեւոր Տէրը իր վսատահութիւնը յայտնեց երկրի պետերուն թէ ազգային շահերը միշտ կը գերադասեն անձնական շահերն ու ժամանակավրէպ քաղաքակութիւնները:
Լիբանանը ըլլալով օճախ տարբեր մշակոյթներու եւ կրօններու, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նամակի աւատրին աղօթք բարձրացուց Աստուծոյ, որ Լիբանանը պահպանէ բոլոր տեսակի չարիքներէ եւ լուսաւորէ անոր ապագան որպէսզի ան դառնայ ազատ եւ անկախ հայրենիք բոլոր լիբանանցիներուն ինչպէս նաեւ արաբական ու համայն աշխարհի ժողովուրդներուն համար:       
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ