Չորեքշաբթի, 4 Մայիս 2011 - Լիբանանի ազգային լրատուութեան սպասարկութեան յիսնամեայ յոբելեանին մասնակցութիւն

 
Պէյրութ

Երեքշաբթի, 3 մայիս 2011 երեկոյեան տեղի ունեցաւ Լիբանանի ազգային լրատուութեան սպասարկութեան յիսնամեայ յոբելեանը, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին եւ մասնակցութեամբ պետական ու հոգեւոր բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն, Պէյրութի մօտակայ` «Հապթուր» պանդոկին մէջ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ ներկայացուց այս հանդիսութեան հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանը։

Այս առիթով խօսք առաւ Լիբանանի ազգային լրատուութեան սպասարկութեան տնօրէնուհի տիկին Լոր Սլէյման, որ ներկայացուց ոսկեյոբելեանին գիրքը, որ կը պարունակէ լիբանանեան քաղաքական կեանքէն (1961թուականէն մինչեւ մարտ 2011 արխիւէն) ընտրուած նկարներ, ինչպէս նաեւ սպասարկութեան պատմանակը, նպատակը եւ գործունէութիւնը։

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ