Կիրակի, 1 Մայիս 2011 - Աստուծոյ Ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ. սրբազան քահանայապետին երանացման սուրբ Պատարագը


Հռոմ

Կիրակի, 1 մայիս 2011, առաւօտեան ժամը 10-ին, սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը, կարտինալական դասի մասնակցութեամբ՝ նախագահեց Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ. սրբազան քահանայապետին Երանացման սուրբ Պատարագի արարողութեան։

Նշենք թէ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի երանացման դատը սկիզբ առած էր Հռոմ Թեմի խնդրանքով։

Սրբազան արարողութեան մասնակցեցան աւելի քան 87 պաշտօնական պատուիրակութիւններ, որոնց մէջ կային 5 արքայական իշխանութեանց ներկայացուցիչներ, 16 երկիրներու նախագահներ եւ 6 վարչապետներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով եկեղեցականներ կաթողիկէ եւ այլ քրիտոնեայ Եկեղեցիներէն եւ իսլամ կրօնքի ներկայացուցիչները։ 

Պատարագը սկիզբ առաւ ժամը 10-ին գլխաւորութեամբ Բենետիկտոս ԺԶ. քահանայապետին։ Պատարագի ընթացքին գործածուած սկիհը Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի գործածած սկիհնէրէն մին էր, ինչպէս նաեւ պատարագի շուրջառը։ Սուրբ Զոհի աւարտին նորին սրբութիւնը երանացումի բանաձեւը կարդաց որմէ յետոյ սուրբ Պետրոս Տաճարի ճակատին դրուած ու քօղով ծածկուած երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի նկարը (լուսանկարուած 1995-ին) ի յայտ եկաւ, որոտընդոստ ծափողջոյններու ընդմէջէն։ Պատարագէն ետք խորանին վրայ զետեղուեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի ձիթենիի ձեւով սրուակի մը մէջ դրուած արիւնը, ցոյց տալու համար հանրութեան, արժանանալով հաւատացեալներու մեծարանքին։
Սուրբ Զոհին աւարտին ուխտաւորներուն կարելիութիւն տրուեցաւ շարքով մտնել սուրբ Պետրոս Տաճար, մեծարելու համար հոն դրուած Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի դագաղը։

Արարողութեան հետեւեցան աւելի քան 2300 լրագրողական գործակալութիւններ եկած աշխարհի 101 երկիրներէն, որոնց մէջ 1300 հեռատեսիլի կայաններ, 700 թերթեր, 230 լուսանկարիչներ եւ 250 ռատիոկայաններ։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ