Երեքշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2012 - Տիեզերական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ԺԳ. Սիւնհոդոսի աշխատանքներու առաջին օր


Վատիկան

Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի արարողութեամբ կիրակի 7 հոկտեմբերին, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ԺԳ Սիւնհոդոսին, որուն խորագիրն է՝ «Նոր աւետարանացումը ի սպաս քրիստոնէական հաւատքի փոխանցման»:
Սիւնհոդոսի ժողովները պիտի ընթանան 3 շաբաթ, մասնակցութեամբ 262 սիւնհոդոսական հայրերու, 49 ունկնդիր հիւրերու եւ 45 մասնագէտներու, որոնք պիտի խորհրդակցին Նոր Աւետարանացման նիւթին շուրջ։

Եկուշաբթի 8 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9-ին, Վատիկանի սիւնհոդոսական սրահին մէջ սկիզբ առին սիւնհոդոսական գործնական աշխատանքները Սրբազան Քահանայապետի ներկայութեամբ։ Սիւնհոդոսի բացման խօսքը արտասանեց, Սրբազան Քահանայապետի կողմէ անուանուած, Սիւնհոդոսի պատգամաւոր նախագահ` Հոնգ Գոնկի եպիսկոպոս Ճոն Թոնկ Հոն կարդինալը, որ յանուն սիւնհոդոսական հայրերուն երախտագիտութեան զգացումներ յայտնեց Սրբազան Հօր, Նոր Աւետարանացման խորագրով սիւնհոդոսական այս նիստին համար։ Ծիրանաւորը ապա անդրադարձաւ «Աւետարանացման» նիւթին, մէջբերելով Չինաստանի համայնավար վարչաձեւի տակ ապրուած փորձառութենէն օրինակներ, հրաւիրելով ներկաները ըլլաու «հաւատքի եռանդուն վկաներ»։

Ապա խօսք առաւ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսական ժողովի ընդհանուր քարտուղար՝ գերապայծառ Էթէրովիչը, որ իր խօսքին մէջ նշեց սիւնհոդոսի կարգախօսը «գացէ՛ք ուրէմն եւ աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը եւ մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։ Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ինչ որ ես պատուիրեցի ձեզի եւ ես ահաւասիկ ձեցի հետ եմ ամէն օր` մինչեւ աշխարհի կատարածը (Մատթ 28, 19-20)»։

Հակիրճ դադարէ ետք խօսք առաւ Վաշէնկթոնի արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Տոնալտ Ուիլլիամ Վուրլը, սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցողը, ներկայացնեով «քննարկումէ առաջ տեղեկագիր«ը։ Այս տեղեկագիրի ներկայացումի աւարտին տեղի ունեցան ազատ ելոյթներ։

Յետ միջօրէին աշխատանքները շարունակուեցան հինգ ցամաքամասերու ներկայացուցիչներու զեկոյցներու ելոյթով, որմէ ետք սկիզբ տրուեցաւ ընդհանուր բանավէճին։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ