Շաբաթ, 19 Մայիս 2007 - Գիր Շնորհաւորութեան Տիար Ռոպէր Հատտէճեանին

Դիւան թիւ 120/2007

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ

ԳԻՐ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ

ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾԱՌԱՅ
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՄԲՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ

Ողջոյն Եւ Աստուածաւանդ Օրհնութիւն
Առ
Տիար Ռոպէր Հատտէճեան

 
Յարգարժան Տիար Ռոպէր Հատտէճեան


 Սփիւռքահայ գրական կեանքին մէջ վերջին  վեց տասնամեակին իր ուրոյն տեղն ու դերակատարութիւնը ունեցած ձեզի նման մեծավաստակ անձնաւորութեան մը 80-ամեակը, ինչպէս նաեւ ձեր գրական գործունէութեան 60-ամեակը եւ «Մարմարա»ի իբրեւ խմբագրապետ ձեր լրագրական-հրապարագրական գործունէութեան 40-ամեակը չէին կրնար վրիպիլ մեր հայրական ուշադրութենէն եւ չարժանանալ մեր բարձր գնահատանքին:

 Ձեր գրական վաստակով դուք գնացիք սփիւռքահայ  գրական-մշակութային կեանքի առաջատար դիրքերուն վրայ եւ դարձաք ծանօթ ու յարգուած հեղինակութիւն մը ոչ միայն Սփիւռքի, այլ Հայաստանի մէջ: Դուք արժեւորեցիք ձեր աստուածատուր շնորհները՝ զանոնք դնելով ի սպաս մեր գրական, մշակութային եւ հոգե-մտաւոր արժէքներու ու աւանդներու պահպանութեան ու գոյատեւումին: Այս ճշմարտութեան պերճախօս վկայութիւնը կը հանդիսանան ձեր գրական ստեղծագործութիւնները, որոնք ճոխացուցին ու հարստացուցին մեր մշակութային գանձարանը:

 Մենք՝ քաջածանօթ ըլլալով սփիւռքահայ մամուլի դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն, ժամանակակից լրատուամիջոցներուն հետ հնարաւորին չափ քայլ պահելու անոր գերագոյն ճիգին եւ Հայ Մամուլի ղեկավար ու պատասխանատու դիրքերուն վրայ կանգնած մարդոցմէ պահանջուած զոհողութիւններուն, մեծապէս կ’արժեւորենք նաեւ ձեր քառասնամեայ վաստակը իբրեւ «Մարմարա»ի խմբագրապետ:

 Ձեր հաւատացեալ Հայու վկայութիւնը տուիք տարիներ առաջ Զմմառու Հայ Կաթողիկէ պատմական Վանքը ձեր կատարած այցելութեան առիթով, երբ ամենայն ջերմեռանդութեամբ խոնարհեցաք հրաշագործ Տիրամօր պատկերին առջեւ դուք՝ Մխիթարեան ուսանող: 

 Ձեր ութսունամեակը լաւագոյն առիթը կը նկատենք անգամ մը եւս հայցելու Զմմառու Տիրամօր շնորհները ձեր վրայ, մաղթելով ձեզի քաջառողջութիւն, երկար կեանք եւ յարաճուն կորով, որպէսզի  շարունակէք ձեր մշակութանուէր առաքելութիւնը:

 Հայրական Օրհնութեամբ՝
 

Ներսէս Պետրոս ժԹ.
 Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
 Կաթողիկէ Հայոց


Տուաւ ի Կաթողիկոսական Աթոռոյ որ ի Զմմառ
Ի վեշտասաներորդի աւուր ամսեանն Մայիսի յամի Տեառն 2007
յութերորդում ամի Հայրապետական Մերոյ

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ