Կիրակի, 31 Հոկտեմբեր 2010 - Տիրամար Նուարդ Եղիայեանի հոգեհանգիստ Զմմառու մէջ

 

Զմմառ

 

Կիրակի, 31 հոկտեմբեր 2010-ին, Զմմառու վանական եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, գերյարգելի հայր Գէորգ ծ. Եղիայեան, իր մօր՝ տիրամայր Նուարդին մահուան քառասունքին,  ձայնաւոր սուրբ Պատարագ մատոյց եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց, մասնակցութեամբ վանական հասարակութեան։

 

Յաւարտ հոգեհանգստեան պաշտօնին, հանգուցեալին պարագաները ցաւակցութիւնները ընդունեցան մայրավանքին դահլիճին մէջ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ