Շաբաթ, 19 Ապրիլ 2008 - «Արտոյտներու Ագարակը» Ժապաւէնի Արտադրիչը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

 

Պէյրութ, Լիբանան
 

 
Հինգշաբթի՝ 17 Ապրիլ 2008ին, «Արտոյտներու Ագարակը» ժապաւէնի Լիբանանի մէջ անդրանիկ ցուցադրութեան առիթով Լիբանան գտնուող ժապաւէնի արտադրիչ՝ Կրացիա Վոլփի եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ՝ Ալեքօ Պեզիկեան ընկերակցութեամբ Լիբանանի Հայ դատի մարմնի ներկայացուցիչին եւ «Ազդակ»ի տնօրէնին այցելեցին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան ուր ընդունուեցան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ: Այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանը:

Յիշենք թէ այս ժապաւէնը, բեմադրութեամբ Իտալացի հռչակաւոր Թաւեանի եղբայրներուն եւ որուն հեղինակն է Անթոնիա Արսլան, իսկ գլխաւոր դերերը մարմնաւորած են Փազ Վեկա, Մորից Պլիպթրիւ, Արսինէ Խանճեան եւ Անճելա Մոլինա, նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ արդէն իսկ ցուցադրուած է միջազգային մակարդակի վրայ:

Այս մտերմիկ հանդիպման ընթացքին, Կրացիա Վոլփի խօսեցաւ ժապաւէնի պատրաստութեան ընթացքին
 
դիմագրաւած զանազան  դժուարութիւններուն մասին, որոնց պատճառը Թուրքիոյ կողմէ բանեցուած ճնշումները մեծ դեր ունեցած են
 
ժապաւէնի ցուցադրութիւնը խանգարելու միտումով, ինչ որ պատճառ դարձած է նիւթական ապահովելու որոշ դժուարութիւններու յառաջացման:

Հոգեւոր Տէրը իր կարգին լայն տեղեկութիւններ տուաւ Իտալացի հիւրին Իտալիոյ հայութեան մասին ընդհանրապէս եւ Հայ Կաթողիկէ համայքին մասին մասնաւորաբար: Ան խօսեցաւ Վատիկանի մէջ զետեղուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի արձանը շրջապատող հրապարակի անուանումի եւ բացման հանդիսութեան մասին որ տեղի ունեցաւ 22 Փետրուար 2008ին օրհնութեամբ  Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին:

Հանդիպման աւարտին Ամենապատիւ Հո•եւոր Տէրը բարձր գնահատեց Վոլփիի հայասէր աշխատանքը մաղթելով անոր յաջողութիւն եւ նուիրելով խորհրդանշական յուշանուէր մը:  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ