Պաապտա
Երեքշաբթի, 8 փետրուար 2011, Պէյրութի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ արհի. Վարդան եպս. Աշգարեան, օգնական եպիսկոպոս արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, հայր Եղիա ծ.վ. Եղիայեան, հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան եւ պետական երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան այցելեցին Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշէլ Սլէյմանին, շնորհակալութիւն յայտնելու համար իր ցաւակցական այցելութեան համար հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, հանգուցեալ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան կաթողիկոս պատրիարքին վախճանումին առիթով։