Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2014 - Օծուեցան եւ տեղադրուեցան Կիւմրիի նորակառոյց՝ «Սրբոց Մարտիրոսաց» աթոռանիստ եկեղեցւոյ խաչերը

 

Կիւմրի (Հայաստան)

Նոյեմբերի 20-ին Կիւմրիի հայ կաթողիկէ հասարակութեան համար տօն էր. վերջապէս նորակառոյց «Սրբոց Մարտիրոսաց» աղօթատան վրայ յայտնուեցան խաչերը՝ բոլորին աւետելով, որ արդէն  մօտ է այն գեղեցիկ օրը, երբ սուրբ Պատարագին մասնակցելու եւ Տիրոջ հետ հաղորդուելու հնարաւորութիւն կ’ունենան նորակառոյց, շքեղ տաճարին մէջ: Աղօթատան երկու խաչերը օծեց Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արևելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Գերշն. հայր Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանը, յաւուր պատշաճի, թեմի հոգևորականներու օգնութեամբ ու գոհաբանական աղօթքներով, հաւատացեալներու բազմութեան, Շիրակի մարզպետարանի, Կիւմրիի քաղաքապետարանի եւ այլ հասարակական կառոյցներու աշխատակիցներու ներկայութեամբ: Խաչերը գինիով եւ ջուրով լուացին համայնքի նախկին ժողովրդապետ տէր Գրիգոր աւագ քահանայ Մկրտչեանը եւ ներկայ ժողովրդապետ հայր Պետրոս վարդապետ Եսայեանը: Յաւարտ հանդիսաւոր ծիսակարգի, նորաօծ խաչերը հաւատացեալներու բազմութեան ծափահարութիւններու ուղեկցութեամբ տեղադրուեցան տաճարի գմբեթին եւ զանգակատան վրայ:

 Կիւմրիի հայ կաթողիկէները սրտի տրոփիւնով և խոր կարօտով այս իրադարձութեան սպասած են տասնամեակներ շարունակ, գրեթէ չորս սերունդ, մօտ 90 տարի՝ 1926-էն սկսեալ, երբ քաղաքին մէջ  գործող կաթողիկէ աղօթատունը մասամբ աւերուեցաւ երկրաշարժին հետեւանքով ու այլեւս չվերականգնուեցաւ, իսկ 1930-ականներուն, ստալինեան հալածանքներուն ժամանակ, աղօթատունը փակուեցաւ: Համայնավարները արգիլեցին հայ կաթողիկէ հոգևորականներու գործունէութիւնը առհասարակ, շատերը աքսորուեցան կամ բռնութիւններու զոհ դարձան. Գերշն. հայր Ներսէս Արքեպս. Տէր-Ներսէսեանի տեղեկութիւններով՝ շուրջ 40 հոգեւորական սպաննուեցան 1936-39-ին: Կիւմրիի կամ, աւելի ճիշդ, Ալեքսանդրապոլի կաթողիկէ աղօթատունը նուիրուած էր Սրբուհի Աստուածածնին, կառուցուած է 1843-1855-ին, Ալեքսանդր վարդապետ Արամեանի ջանքերով, ինչպէս  ցոյց կու տայ մինչեւ օրս տաճարի պատին պահպանուած քարէ արձանագրութիւնը: Կիսաւեր տաճարը, որ կը գտնուի Կիւմրիի ներկայիս զինուորական կոմիսարիատի հարևանութեամբ, այժմ անշուք  բնակելի շինութիւն մը կը յիշեցնէ: 1926 երկրաշարժէն յետոյ խոնարհուած տաճարը ապաստանարան դարձաւ անօթևան չորս ընտանիքներու համար, որոնց վրայ հետագայ տասնամեակներու ընթացքին աւելցան  եւս  տասէն աւելի ընտանիքներ: Այդ ընտանիքներուն ըրածը սրբապղծութիւն չէր, այլ՝ ճարահատեալ ընտրութիւն, իսկ համայնավարներն ազատուեցան այդ ընտանիքներուն բնակարան ապահովելու գլխացաւանքէն՝ միաժամանակ ոչնչացնելով կառոյցի սկզբնական նշանակութիւնը: Տարիներու ընթացքին հին աղօթատունը շրջապատուեցաւ շինութիւններով, հեռացաւ մարդոց աչքէն, իսկ 1988-էն յետոյ աղօթատան կից նաեւ տձեւ ժամանակաւոր տնակներ յայտնուեցան՝ իրենց վառարաններու խողովակներով, որոնց ծուխը մինչ օրս կը սեւցնէ տաճարի բաց մնացած խորանի կամարակապ առաստաղը, ուր տեղ-տեղ երեւցող աստղերու պատկերները կը յուշեն, որ անցեալին խորանը նկարազարդ  եղած է: Այդ խորանը, ուր գրեթէ 100 տարի առաջ քահանան կը ճաշակէր Տիրոջ մարմինն ու արիւնը, այժմ անպիտան արկղներու գորշ  անկիւն մը դարձած է: Ասիկա էր Աստուածածնին նուիրուած աղօթատան խաչը՝ երկրաշարժ, անաստուածութեան սրբապղծութիւն, արհամարհանք, ճիշդ ինչպէս իր հաւատացեալներու մի քանի սերունդներու կրած ծանր խաչը, մէկ տարբերութեամբ միայն՝ աղօթատունը իր կեանքը տալով՝ փրկեց աղէտէն տուժած հայ ընտանիքներու կեանքերը: Իսկ քաղաքի կաթողիկէ ջերմեռանդ հաւատացեալներու  խումբ մը կը շարունակէր գաղտնի աղօթել տուներու մէջ, իսկ յետոյ՝ առաքելական «Սուրբ Եօթվէրք» եկեղեցւոյ մէջ:

1991-ին, երբ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը ձեւաւորեց Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու թեմը՝ Գերշն. հայր Ներսէս Արքեպս. Տէր-Ներսէսեանի առաջնորդութեամբ, հայ կաթողիկէ հոգեւորականները վերսկսան իրենց առաքելութեան Հայաստանի մէջ, Կիւմրիի մէջ հաստատուեցաւ թեմի առաջնորդարանը՝ Աթարբեկեան 82 հասցէին, համայնքը տասնամեակներու հարկադիր անդամալուծութենէ յետոյ սկսաւ հոգևոր զարթօնք ապրիլ, աղօթատուն ունենալու խնդիրը օրըստօրէ աւելի հրատապ կը դառնար: Խոնարհուած աղօթատունը վերանորոգելու համար հարկ էր նախ լուծել այնտեղ ապաստանած ընտանիքները բնակարաններով ապահովելու բարդ խնդիրը, ինչ որ հսկայական ծախսեր կը պահանջէր, որոնք գումարուելու էին վերանորոգման մեծ ծախսերուն վրայ: Հետևաբար, որոշուեցաւ կառուցանել նոր աղօթատուն:

Նոր տաճարի կառուցման աշխատանքներուն հնարաւոր եղաւ մեծ դժուարութիւններով սկսիլ միայն 2010-ին, թեմի առաջնորդական տեղապահ հայր Վահան ծ.վրդ. Օհանեանի եւ Կիւմրիի ժողովրդապետ տէր Գրիգոր աւագ քհն. Մկրտչեանի ջանքերով. ան կրցաւ ի վերջոյ ստանալ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան արտօնութիւնը՝ քանդելու այժմու նորակառոյց տաճարի տարածքին վրայ գտնուող պատմամշակութային արժէք համարուող հին շինութիւնը եւ տեղը կառուցել տաճարը: Երբ ձեռնարկուեցաւ տաճարի հիմերու փորման աշխատանքներուն, բարդութիւններ առաջ եկան գրունտային ջուրերու արտահոսքի պատճառով, ինչ որ ստիպեց շինարարներուն կարճ ժամանակով դադրեցնել աշխատանքը, մինչեւ որ ճիշդ լուծում տրուեցաւ խնդրին: Շինարարութիւնը լայն թափով շարունակուեցաւ: Ճարտարապետը Յակոբ Ճիւանեանն է՝ փորձառու  մասնագէտ մը, որ որոշեց ճարտարապետական առանձնայատուկ  կառույց մը պարգեւել Եկեղեցւոյ՝ 8 խաչուող կամարներով, առանց ներքին սիւներու, մօտ 30 մեթր բարձրութեամբ, Զուարթնոցի տաճարին յատուկ ճարտարապետական տարրերով, որոնց վերջնական գեղեցկութիւնը հաւատացեալները կրնան ըստ արժանւոյն գնահատել արդէն 2015 գարնան, երբ աղօթատան շինարարական ու ներքին յարդարման աշխատանքները լրիւ կ՛աւարտին: Աղօթատունը ի սկզբանէ անուանակոչուած է Սբ. Խաչ, բայց ի տես Ցեղասպանության 100-րդ տարելիցին, վերանուանուած է Սրբոց Մարտիրոսաց՝ ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի 1,5 միլիոն զոհերու եւ բոլոր անոնց, որոնք այս կամ այն կերպ հալածուած են իրենց հաւատքին համար ու իրենց ջերմեռանդութիւնը փոխանցած են ներկայ սերունդներուն: Հաւատացեալները հպարտ են՝ տեսնելով վերածնուած համայնք, խոնարհուած հին տաճարի յիշատակը իր մէջ սրբութեամբ ամփոփող, շքեղութեամբ վեր խոյացող  երիտասարդ աղօթատուն մը՝ պատրաստ դիմակայելու նոր փորձութիւններ ու իր խաչուող ամուր կամարներուն ներքեւ երաշխաւորելու հայ ժողովուրդի հաւատքի ամրութիւնն ու վերելքը: Ինչպէս լրագրողներուն հետ՝ խաչերու օծման առիթով զրոյցի ընթացքին նշեց Գերշնհայր Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանը, այս աղօթատունը բաց է բոլորին առջև՝ առանց խտրութիւն դնելու կաթողիկէներու, առաքելականներու կամ այլոց միջև, այն ևս մէկ նոր հոգևոր տուն է, Աստուծոյ հետ հաղորդուելու սրբավայր: Իսկ ժողովրդապետ Հայր Պետրոս վրդ. Եսայեանը ուրախ է, որ այսուհետեւ հաւատացեալները, որոնք անցեալին կը խուսափէին աղօթքի գալէ ժողովրդապետութեան շէնքի նկուղային յարկի աղօթասրահին մէջ, այժմ աւելի հոծ բազմութեամբ կը յաճախեն եկեղեցի: Նոր աղօթատունը, անոր խօսքերով, վերածնուող հաւատքի խորհրդանշական փիւնիկն է, որ իր թևերուն տակ կը հաւաքէ իր ձագուկներն ու կը ճախրէ առ Աստուած:

«Սրբոց Մարտիրոսաց» եկեղեցւոյ օծումն ու բացումը տեղի պիտի ունենայ 2015 մարտ կամ ապրիլ ամիսներուն, հաւանական է՝  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ներկայութեամբ եւ օրհնութեամբ, հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ եւ բազմաթիւ հիւրերու մասնակցութեամբ:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ