Երեքշաբթի, 17 Յուլիս 2012 - Կարդինալ Սանտրիի խօսքը՝ Տաշիրի «Սուրբ Աստուածածին» եկեղեցւոյ վերաօծման առթիւ


Տաշիր, Հայաստան

Գերպ.՝ Տէր Մինասեան,
Գերպ. Պապական նուիրակ՝ Տէր Սոլչինսկի,
Պատուական քաղաքական իշխանութիւններ,
Հոգեշնորհ Վարդապետներ եւ առաքինազարդ Քոյրեր,
Քոյրեր եւ եղբայրներ ի Տէր:

Սրտի մեծ հրճուանքով կը տօնախմբեմ այս գեղեցիկ եկեղեցւոյ վերօծումը իմ Հայաստան այցելութեանս առիթով, որ երէկ Կիւմրիի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանին մէջ սկսայ։

Մտածութիւնս ի մասնաւորի Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետին կ՛ուղղուի, որ Աստուծոյ բոլոր եկեղեցիներուն միութեան վրայ կը նախագահէ՝ սիրով. ու իր վկայութեամբ եւ պաշտօնական Ուսուցմամբ, չի դադրիր մեզ հաւատքի մէջ հաստատելէ։ Պատիւն ունիմ փոխանցելու ձեզի իր Առաքելական Օրհնութիւնը եւ իր նուէրը այս եկեղեցւոյ՝ սկիհ մը, Քրիստոսի հետ հաղորդուելու, իր մահուան՝ սիրոյ ամենազօրաւոր նշանը որ մեզի տուաւ։ Միացած ենք Ամենապատիւ ու Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ՝ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Պատրիարք Կաթողիկոսին, Գլուխ եւ Հայր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։

1. Ոմանք կարող են հարցնել. «ի՞նչ պահանջք կայ Աստուծոյ նուիրուած տաճար մը կարուցանել, երբ Աւետարանը կ՛ըսէ թէ՝ Աստուած հոգիով եւ ճշմարտութեամբ երկրպագուներ կը փնտռէ (Յովհ 4). արդեօք ճշմարիտ չէ՞ թէ ան որ անկեղծ սրտով զԱյն կը փնտռէ, կարող է իր Աստուածային Ներկայութիւնը ամենուրեք տեսնել։ Օրինակի համար, հոս կ՛ուզեմ հայ հեղեինակի մը շատ գեղեցիկ հատուածը մէջբերել, որ անցեալ դարուն մէջ՝ յետ աքսորի եւ մահուան դատապարտուելուն կը գրէր.
«Ամենուրեք կենդանի Աստուծոյ շունչը՝ կը շնչեմ.
Ամենուրեք իր կանչը որ չի լռեր՝ կը լսեմ.
Իր ձայնը որ կ՛եղանակէ՝ խորունկ
Տիեզերքի մեղեդին եւ շշնչիւնը,
Կ՛ազնուացնեն ու կը բարձրացնեն հոգիս՝ պատրաստ լսելու» (Յովհաննէս Թումանեան)։
Եկեղեցի օծելու արարողութիւնը շատ խորհրդանշական է, որովհետեւ հարցումէն չի խուսափիր այլ մեզ անկէ անդին կը փոխադրէ. կ՛երեւակայենք թէ ինչպէս թանձրացեալ իրականութիւնը, Աստուծոյ կողմէն կ՛իւրացուի որպէս շօշափելի, վստահ նշան մը Իր Ներկայութեան։ Ստեղծուածը՝ անեղծը կը պատկերացնէ եւ այս ձեւով բոլոր անոնք որ անոր մէջ կը հաւաքուին՝ Աստուծոյ տաճար, սուրբ ու Անոր հաճոյ անձեր կը դառնան, եւ կենդանի քարերու Եկեղեցւոյ աստուածայայտնութիւնը կ՛ըլլան։

2. Հայկական աւանդութիւնը խաչքարերը պահպանած է, որպէս հոգեկանութեան հարազատ պատկերներ, այսինքն՝ քարեղէն յուշարձաններ, որոնք գեղազարդ քանդակուած
խաչեր կը կրեն։ Անոնց մէջ երկրաւոր տարրը՝քարը, խաչին հոգեւոր դրոշմը կ՛ընդունի՝ միաժամանակ աստուածային ու մարդկային, որ նոր կեանք կու տայ նոյնինքն նիւթին։ Եկեղեցի տաճարը՝ խաչքարի իմաստը կ՛ընդլայնէ, որովհետեւ մարդուս գործին պտուղն է եւ բնութեան մէջ զետեղուած կը զատորոշուի եւ բոլորովին ուրիշ իրականութիւն մը կ՛ոգեկոչէ, որ տարբեր եւ գերազանցային է։ Տաճարը իրականութեան վերջին իմաստը կը յայտնաբերէ, Աստուծոյ Որդիին ընկալումը, որ մեզմէ մէկը դարձած է որպէսզի կարենանք Հօր Աստուծմէ որպէս Որդիներ կերպարաւորուիլ, սուրբ Հոգիէն կենդանացած։ Արարողութեան սկիզբը սուրբ Միւռոնով օծեցինք եկեղեցւոյ խաչերը՝ չորս ծագերու ուղղութեամբ. նմանօրինակ անդաստանի արարողութեան, ուր Քրիստոսի Խաչը իր Օրհնութիւնը կը տարածէ բոլոր ստեղծագործութեան վրայ։ Այն ինչ որ ըրինք նման է որպէս թէ ձայն տուած ըլլաինք արարչութեան հեծեծանքներուն, ըստ Պօղոսեան արտայայտութեան. «արարչութեան ուժգին ակնկալութիւնը, արդարեւ, Աստուծոյ որդիներուն յայտնութիւն կը ցուցաբերէ» (Հռոմ 8, 19)։
Հայ բանաստեղծի մը հրաշալի արտայայտութիւնը, կը հասնի այն ընթերցումին թէ՝ բոլոր բնութեան մէջ Հաղորդութեան կոչ մը կայ.
Երկինքէն՝ հասկերուն վրայ
Աստղերը օրհնեալ իւղը կը հոսեցնեն։
Ցանէ՛, գիւղացի, Տիրոջ նշխարհին անունով
Լոյսի հունտեր մատներէդ արտահոսին
Իւրաքանչիւր կաթի սպիտակ հասկի մէջ
Վաղը Քրիստոսի մարմնին մասնիկ մը պիտի հասուննայ։
(Դանիէլ Վարուժան, Անդաստան)
Փառք տանք Աստուծոյ, որովհետեւ այսօր մեզի շնորհքը կու տայ այս տաճարը Իրեն նուիրագործելու եւ այսպիսով մեզի կը յիշեցնէ թէ իսկապէս Իր պարգեւն ենք։ Եկեղեցւոյ օծումը մեզի կը յիշեցնէ, որ տարածքը Աստուծոյ կը պատկանի, սակայն անոր մէջ կոչուած ենք ստեղծագործութեան գիտակից ձայնը ըլլալու, որ դէպի Արարիչը կը ձգտի։ Աստուած տարածքը կը սրբացնէ եւ մեր հետ միասին անոր մէջ կը բնակի. արդեօք մենք ի վիճակի՞ ենք այն սրբութիւնը պահպանելու, որ Մկրտութիւնն ու սուրբ Միւռոնը առատութեամբ մեզի կը պարգեւեն։ Արդեօք կերպարանափոխուած նայուածք մը կը կրե՞նք այն մարդկային բաներուն մէջ որ ընդհանրապէս ամէն օր ընտանիքին եւ ընկերութեան մէջ կը կատարենք, յատկապէս առօրեայ աշխատանքին մէջ, թէ՝ իսկական կեանքերնիս տարբեր է, բոլորովին անջատուած ծիսակատարութենէն եւ աղօթքէն։ Սէրը ամէն բան կը միացնէ՞, թէ՝ տկար է եւ մեր մէջ գէշութիւնն ու բաժանումներն կը գերիշխեն։ Միակ իսկական կեանքը, միակ ճշմարտութիւնը որ յաւէտ կը մնայ այն է՝ որ Քրիստոսէ կը բխի, ինչպէս ըսած է Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը. «Աստուած մարդուս իսկական չափանիշն է, ճշմարիտ հարազատութեան գաղտնիքը կը կայանայ, վերադառնալ աղբիւրին որ է՝ Աստուծոյ»։

3. Եկեղեցի տաճարը մեզի կը յիշեցնէ թէ՝ նոյնինքն ժամանակը Աստուծոյ պարգեւ մըն է եւ մենք դէպի Իրեն կ՛ուղղուինք։ Ծննդեան հայկական արարողութիւնը, ջրօրհնեքի ժամանակ, աներկբայ կերպով փրկագործութեան այժմէականութիւնը կը կրկնէ.
Այսօր մարդկային մեղքերը ջնջուած են Յորդանանի ջուրով.
Այսօր ծովի ճահճախուտ ջուրերը քաղցրութեան վերածուած են՝ մեր Աստուծոյն Յայտնութեամբ.
Այսօր ունայնութեան անարժէք արահետները՝ հարթուած ու ջնջուած են.
Այսօր աշխարհիս մուրը անոսրացած է եւ մաքրուած՝ Աստուծոյ յայտնութեամբ.
Այսօր ջուրերը կը բացուին աշխարհիս փրկութեան.
Այսօր, բոլոր արարածները կը յայտնուին լոյսով զգեստաւորուած՝ Աստուծոյ ցուցաբերումով.
Այսօր դրախտը մարդկութեան կը բացուի եւ մարդիկ արդարութեամբ կը ցնծան՝ յաւիտենականութեան համար.
Այսօր անցեալի տխրութենէն կերպարանափոխուած ենք եւ ազատագրուած որպէս Նոր Իսրայէլ.
Այսօր Աստուծոյ Արքայութիւնը ժառանգած ենք, որովհետեւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը վերջ չունի։
Մարդեղութեան եւ Աստուածայայտնութեան խորհուրդը, ամէն օր Որդիներու դէմքերուն եւ գոյութեան մէջ կ՛արձագանգեն։ Հայ ժողովուրդը, իր հաւատքին եւ ինքնութեան թանկարժէք գանձը դարեր շարունակ պահպանած է ոչ քրիստոնեայ եւ նոյնիսկ անաստուած վարչակարգերու ընթացքին, որոնք ջանացած էին պետութեան իրականութիւնը փոխարինել Աստուծոյ։ Սակայն, Աստուծոյ աւետիսը կենդանի մնացած է, մինչ մնացեալ ամէն բան թշուարօրէն կործանած է։ Բայց մենք զմեզ չխաբենք թէ՝ մեր հաւատքը այսօր նուազ վտանգուած է։ Եկեղեցին որ այսօր Աստուծոյ կը նուիրագործենք, թող ըլլայ երաշխիքը մեր յանձնառութեան, պահպանելու Յաւիտենականի իմաստը որուն կը ցանկանք։

Երբ հոս մեր փոքրերն ու մեծերը բերենք Սուրբ Մկրտութեան համար, երբ Նոր Կեանքի բաղարջով սնանինք որ Սուրբ Հաղորդութիւնն է, երբ հոս ապաշխարհութեան շնորհքով վերածնինք, երբ աղօթենք մեր սիրելի ննջեցեալներուն համար, մեր մէջ պիտի փայլի անժամանակ Աստուծոյ Գերագոյն Գեղեցկութիւնը։ Որովհետեւ Քրիստոսի Յարութիւնը սրտերուն մէջ կը ծաղկի եւ Աստուածամայրը առաջինն է որ մեր մէջ զայն պիտի պահպանէ, իր մայրական ու սիրալիր աղօթքներու բարեխօսութեամբ։ Ամէն։

Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի
Արեւելեան Եկեղեցիներուն Ժողովին Նախագահ


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ