Հինգշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2010 - Սրբոց Հրեշտակապետին տօնը Զմմառու վանքին մէջ

 

Զմմառ

 

Շաբաթ, 6 նոյեմբեր 2010, Զմմառու կաթողիկոսական Արծիւեան մայրավանքին մէջ տօնուեցաւ Սրբոց Հրեշտակապետին անուանակոչութեան տօնը։ Այս առթիւ, սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատոյց Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր եւ պատրիարքական փոխանորդ՝ հայր Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան։ Այնուհետեւ, կէսօրուան ժամը 1.30-ին, դպրեվանքի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական ճաշկերոյթը, մասնակցութեամբ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ, առաքելական նուիրակ՝ գերյ. Կապրիէլ Գէքիայի եւ իր քարտուղարին, նախկին երեսփոխան պրն. Ժաք Ճուխատարեանի, Անարատ Յղութեան քոյրերու, պաշտօնական հիւրերու եւ վանքին բարերարներու եւ բարեկամներու։

Տօնակատարութեան աւարտին, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, առաքեալական նուիրակը, վանքին մեծաւոր եւ մատակարար հայրերը եւ տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանը բեկանեցին կարկանդակը իրենց անուանակոչութեան տօնին առիթով եւ միեւնոյն ժամանակ վարչական հայրերը ուրախութեամբ յիշեցին հայր Գաբրիէլ Մուրատեանին պաշտօնական տոքթորայի տիտղոսի ստացումը։  

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ