Երկուշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2008 - «Առօրեայ Աւետարան»ը Աշխարհի Բոլոր Հայերուն Համար

«Առօրեայ Աւետարան» կայքէջի հայերէն բաժինը վերջերս միացաւ այլ 10 լեզուներու շարքին, որ կը փոխանցէ Աւետարանը ըստ հայական ծէսին:

Այս նախաձեռնութեան նպատակն է տարածել Աստուծոյ խօսքը այն բոլոր հայերուն, որոնք համացանցը կ՛օգտագործեն:

11 լեզուներով աշխարհի տարբեր եկիրներէն անդամակցութեան թիւը կը հասնի 300.000ի: Յոյսով ենք որ Լիբանանահայութիւնը ինչպէս նաեւ համայն աշխարհի հայ այցելուները կ՛անդամակցին կայքէջին որպէսզի օգտուելով Աստուծոյ խօսքէն օժանադակեն անոր զարգացման եւ բարելաւման:

«Առօրեայ Աւետարան» համացանցային էջի յանձնախումբը կը բաղկանայ աշխարհական երիտասարդներէ եւ երիտասարդուհիներէ որոցմէ եղբայր Մաթոսեան սցանցնած է հայերէն բաժնի համադրումը   եւ օժանդակութիւնը կը վայելէ  Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծիրանաւորներուն ինչպէս Ընկերային Հաղորդակցութեան Միջոցներու պատասխանատու՝  Գերապայծառ Տէր Ճօն Ֆօլէյին եւ այլ հաստատութիւններուն: 

Հաճեցէք այցելել www.aroriaavedarane.org հասցէն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ