Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2011 - Լռութիւն եւ Խօսք՝ աւետարանացման ճանապարհը


Վատիկան

Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը 2012 տարուան ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրուան համար որպէս խորագիր ընտրած է՝ «Լռութիւն եւ Խօսք՝ աւետարանացման ճանապարհը»։

Սուրբ Աթոռի ընկերային հաղորդամիջոցներու խորհուրդի նախագահը այս առընչութեամբ կը յայտնէ, թէ լռութիւնը հիմնական խորագիրը կը կազմէ ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային յաջորդ օրուան համար։ Լռութեան արժէքը սրբազան պապին համար պարզապէս հակաթոյն ներկայացուած չէ այն ընկերութեան համար, որ յատկանշուած է հաղորդակցութեան շարունակական եւ մնայուն հոսանքով, այլեւ որպէս հիմնական համարկումի գործօն մը։ Որովհետեւ լռութիւնը յատկապէս կը նպաստէ ընտրողութեան եւ մտածողութեան, ան կրնայ նկատուիլ որպէս այն հիմնական պահը Խօսքը ընկալելու համար։

Ան կ'աւելցնէ. «Խորագրին մէջ երկու գործօնները իրար կ'ամբողջացնեն ճշգրիտ հաւասարակշռութեամբ, հարստացնելով հաղորդութեան արժէքը, եւ զայն վերածելով որոշակի գործօն մը նոր աւետարանացման ի խնդիր»։

Ան կ'ընդգծէ սրբազան պապին փափաքը 2012-ի ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրուան խորագիրը կապելու հոկտեմբեր 2012-ի Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին հետ, «Նոր Աւետարանացումը քրիստոնէական հաւատքի փոխանցման համար» խորագրով։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ