Երկուշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2014 - Արհի. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի Ծննդեան Պատգամը

 

Լոս Անճելոս

«Որովհետեւ ջուր բխեցաւ անապատի մէջ եւ գետ՝ ծարաւուտ երկրի վրայ... Մխիթարուեցէք խռոված սրտեր. քաջալերուեցէք ու մի՛ վախնաք: Ահաւասիկ մեր Աստուածը դատաստանով պիտի հատուցանէ. ինքը անձամբ պիտի գայ ու մեզ փրկէ»: (Եսայի 35, 1-10)

Գերյարգելի եւ Գերապատիւ Վարդապետներ,

Առաքինազարդ Քոյրեր,

Յոյժ սիրելի հաւատացեալներ,

Այս օրերուս քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամին՝ մեր Թեմին հաւատացեալներէն շատերը, մանաւանդ անոնք որոնք հարազատներ ունին Միջին Արեւելքի մէջ (Իրաք, Սուրիա եւ Լիբանան) դիմեցին մեր խորհուրդին: Ոմանք հարց տուին թէ՝ «Ի՞նչպէս կրնանք ապրիլ եւ կիսել Սուրբ Ծնունդի ուրախութիւնը այս տառապանքներով եւ անապահովութեամբ որոնք կը յուզեն ու կը վրդովեն մեզ... գէշ լուրերը զորս կը կարդանք թերթերուն մէջ եւ կը տեսնենք հեռատեսիլներէն... մեր հարազատ եղբայրներն ու քոյրերը որոնք ամէն օր կը հալածուին ու կը զոհուին իրենց քրսիտոնէական հաւատքին համար՝ քաղաքական եւ տնտեսական ծանր պայմանները, երիտասարդներուն անգործութիւնը, աղքատութեան աճը...»:

Կեանքի ամէնօրեայ անորոշութիւնները եւ մտահոգութիւնները կը հիւծեն ներքին խանդը եւ կը տկարացնեն յոյսը: Որպէս մարդ, երբեմն կարիքն ունինք հոգեւոր կազդուրման: Կարիքն ունինք վերանորոգուելու հոգեպէս եւ ամրապնդուած համոզումներով զօրացած սրտով շարունակելու մեր կեանքին ուխտագնացութիւնը:

Երբ, Սուրբ Ծննդեան օրը, Սուրբ Կոյս Մարիամը ծննդաբերեց Յիսուսը եւ զետեղեց զինք մսուրին մէջ՝ իրականացաւ ինչ որ Տէրն ըսած էր Եսայի մարգարէին բերնով. «Որովհետեւ ջուր բխեցաւ անապատի մէջ եւ գետ՝ ծարաւուտ երկրի վրայ...»: Այն սուրբ օրը, Աստուած մարդկութեան համար խաղաղութեան ովասիս մը ստեղծեց Բեթղեհէմի մէջ՝ ուր ուղղուեցան յոգնած ու ծանրաբեռնուած հովիւները եւ Մոգերը, որոնք յոյսի նշոյլ մը կը փնտռէին: Անոնք, Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Յովսէփի ներկայութեան, Մանուկ Յիսուսին երկրպագելէ ետք, վերադարձան իրենց տուները, վերանորոգուած եւ անսահման սիրով լի հոգիով:

Սիրելի եղբայներ ու քոյրեր, այս Ծննդեան օրերուն, մենք ալ պահ մը դադար առնենք ամփոփուելու եւ խորհրդածելու Յիսուսի մասին. Աստուծոյ Որդին որ աշխարհ եկաւ մեզի հետ ըլլալու համար: Այդ ջերմ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ մթնոլորտը որ կը պարուրէր սուրբ Ընտանիքը Բեթղեհէմի քարայրին մէջ, պիտի թափանցէ նաեւ մեր հոգիներէն ներս, ոչ թէ մեր արժանիքներուն համար՝ այլ Աստուծոյ ողորմութեան ու շնորհքին միջոցաւ:

Հակառակ կեանքի անապահովութիւններէն ծագած տագնապին որ կը վրդովէ մեզ, փրկութիւնը որուն կը ձգտինք ամէնքս, տակաւին կարելի է: Յիրաւի, սուրբ Մատթէոս աւետարանիչը կ'ըսէ թէ խանձարուրներով փաթթուած եւ մսուրին մէջ զետեղուած Մանուկին անունը «էմմանուէլ» է, որ թարգմանի «Աստուած մեզի հետ» (Մատթ. 1, 23): Աստուած միշտ կ'ուզէ ներկայ ըլլալ մեր կեանքին մէջ եւ կու գայ մեզ փրկելու համար: Յորդանան գետին եզերքը խռնուած բազմութիւնը հարցուց Յովհաննէս Մկրտիչին. «Ի՞նչ պէտք է ընենք»: Ան ըսաւ անոնց՝ որ իրենց ունեցուածքը կիսեն չունեցողին հետ, պարկեշտ ըլլան եւ յարգանք ունենան բոլորին հանդէպ (Ղուկ. 3, 10-14):

Բեթղէհեմի մէջ ծնած Մանուկը մեր փրկութեան միակ յոյսն է: Եկէք, հովիւներուն եւ Մոգերուն նման, զինք սրտբաց ընդունինք: Սորվինք Աստուածամօր՝ Մարիամի հաւատքէն, որ ուշադիր էր իր շուրջ պատահածներուն եւ «այս ամէնը կը պահէր իր սրտին մէջ եւ կը խորհրդածէր անոնց վրայ» (Ղուկ. 2, 19), միշտ պատրաստ ըլլալով իր բաժինը բերելու եւ մասնակցելու աստուածային խորհուրդին: Անոր օրինակին հետեւելով է որ Քրիստոս Փրկիչը պիտի ծնի մեր սրտերուն մէջ այսօր: Ինչպէս որ Փրանկիսկոս Քահանայապետը կ'ըսէ իր առաքելական յորդորին մէջ. «Մարիամը՝ աղքատիկ խանձարուրներով եւ առատաբուխ սիրով, կրցաւ ախոռ մը տունի վերածել Յիսուսի համար... ան այն առաքեալն է որ կ'ընկերանայ մեզի մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին, իր մայրական սիրով բանալով մեր սրտերը հաւատքի լոյսին: Որպէս հարազատ մայր, ան կը քալէ մեր կողքին, կը կիսէ մեր պայքարները եւ մեզ միշտ կը համակէ Աստուծոյ սիրով»: (Evangelii Gaudium, 286)

Սուրբ Ծնունդը, որ Աստուծոյ սիրոյ արտայայտութիւնն է մեզմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ, մեզի կը պարգեւէ այն ուրախութիւնը եւ ուժը որոնք մեզ ատակ կը դարձնեն փափաքելու եւ գործելու մարդկութեան ապագայ բարիքին համար այս աշխարհի մէջ որ յաճախ հակասական է: Սուրբ Օգոստինոս կ'ըսէ. «Աստուած որ քեզ ստեղծեց առանց քու օգնութեանդ, պիտի չփրկէ քեզ առանց քու գործակցութեանդ»: Հարկաւոր է որ ամէն անձ ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները: Կրնանք միասին դիմագրաւել կեանքի դժուարութիւններն ու տագնապները, միմիայն վերահաստատելով փոխադարձ վստահութիւնը եւ համագործակցելով, կառուցանելու համար հասարակութեան բարիքը:

Հայցելով Մանուկ Յիսուսին օրհնութիւնը բոլորիդ վրայ, ի սրտէ կը մաղթեմ որ Ան այսօր ծնի ձեր սրտերուն մէջ եւ իւրաքանչիւրիդ պարգեւէ սէր, խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն:

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ

Ձեզի մեզի մեծ աւետիս

                                                                                                                            Միքայէլ Եպս. Մուրատեան

                                                                                                                                   Առաջնորդ

20 Դեկտեմբեր 2014   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ