Երկուշաբթի, 17 Փետրուար 2014 - Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի հովուական թուղթը Ընտանիքի մասին

 

Գիւմրի - Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան


ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԹՈՒՂԹ
Ը Ն Տ Ա Ն Ի Ք Ը

«…Արդ, ինչ որ Աստուած միացուց, մարդ թող չբաժնէ» (Մատթ. 19.6):

2013ի տարին, մեզի առիթը տուաւ խորացնելու եւ ապրելու մեր քրիստոնէական հաւատքը։ Առիթէն օգտուելով,  խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր դասին, Ծայրագոյն վարդապետներուն, վարդապետներուն, երէց քահանաներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն, հոգեւոր Քոյրերուն, նուիրեալ հոգիներուն, եւ համայն հաւատացեալ ժողովուրդին, որոնք չխնայեցին իրենց ժամանակը, առողջութիւնը և հարազատը, ի յայտ բերելու համար համագործակցութիւնն ու նուիրումը, վկայութիւնն ու ապրումը մեր քրիստոնէական հաւատքին, իրենց բարի օրինակով եւ զոհողութեամբ։  Տարի մը ամբողջ կեդ րոնացանք Հաւատքի բացառիկ շնորհքներուն վրայ, խնդրեցինք Ս. Հոգւոյն լոյսը, աղօթե­ ցինք միասին, քարոզեցինք եւ վկայեցինք հաւատքին, մեր առօրեայ կեան քով։ Տարին բոլորելով սակայն, փակեցի՞նք արդեօք մեր հաւատքի էջը, թէ սկսանք ու կըշարունակենք հաւատալ, արժանանալու համար այն հրաշալի երանութեան, զոր Յիսուս, յարութենէն ետք Ս. Թոմասին, ըսաւ. “Որովհետեւ դուն ինծի տեսար հաւատա ցիր. Երանի՜ անոնց որոնք չեն տեսներ, սակայն կը հաւատան” (Յով.20,29): Այո, երանութեան պիտի արժանանանք եթէ շարունակենք մեր քրիստոնէական հաւատքի ապրումները։

Այս բնաբանին վրայ հիմնուած, կու գամ անգամ մը եւս  հովուական թուղթով հրաւիրելու Ձեզ յոյժ սիրելի կղեր եւ հաւատացեալներ, 2014ի նոր տարին ապրելու  ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ  հետ։ Մենք ալ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ հետ միասին, այս տարին կը նուիրենք մեր հայ ընտանիքին, որ պէտք ունի վերագտնելու աւետարանին պատգամը եւ զայն ապրելու հրամայականը։
Յիշատակութեան արժանի է Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի հովուական թուղթը նուիրուած ընտանիքին, որ 1994ին Միացեալ Ազգերու նախաձեռնութեաբ կազմակերպուած էր։ Այս հովուական թուղթին մէջ սրբազան Քահանայապետը կը գովէ Միացեալ Ազգերու կազմակերպու թիւնը, որ նման նախաձեռնութիւն մը կատարեց, որովհետեւ գերազանց առիթ մըն է աշխարհի ազգերուն եւ պետութիւններուն, անդրադառնալու եւ արժէւորելու ընտանիքը մեր ներկայ հասարակական ընկերութեան մէջ։ Եկեղեցին ալ իր կարգին, կ՛ըսէ երջանկայիշատակ Քահանայապետը, մաս կը կազմէ այս վսեմ շարժումին, քանի եկեղեցիին նկարագիրը եւ կոչումն է, Քրիստոսէ իրեն պարգեւուած,  յատուկ առաքելութեամբ երթալու “բոլոր ազգերուն” (Մատթ 28, 19): Սակայն, կը շարունակէ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը “կ՛ուզեմ այս թուղթովս ուղղուիլ ոչ վերացական ընտանիքի հաստատութեան, այլ իրականին, աշխարհի որ մէկ կողմը որ գտնուի, որ մէկ գոյնի կամ ազգի եւ կամ մշակոյթի պատկանի։ Կ՛ուզեմ որ այս պատգամը հասնի ամէն մէկ ընտանիքի, որ կենսական կորիզ մըն է տիեզերական մարդկային մեծ ընտանիքին”[1] ։                         
Ինչպէս անցեալին ընտանիքի մասին աշխատանք մը կատարուած է համաշխարհային մակարդակով, Այս տարին ալ Աստուծոյ կամքով կ՛ուզեմ որ հովուական այս թուղթով, ձեզի հետ միասին բաժնել, Նախ Եկեղեցւոյ մտահոգութիւնները, որուն համար այս տարի Եպիսկոպոսներու բացառիկ Սիւնհոդոսի ատեն, պիտի ուսումնասիրուին ընկերային կեանքի բոլոր դժուարութիւնները եւ պայքարները, որոնք կը սպառնան Ընտանիքին։ Կ՛ուզեմ ձեզի հետ միասին բաժնել  մեր Թեմի Ընտանիքի վիճակը։ Անձնապէս, որպէս Հովիւ կ՛ուզեմ կիսուել Ձեզի հետ՛ իմ խորհրդածութիւններս, մտահոգութիւններս ու հարազատ փափաքներս հայ ընտնիքի առողջ ու երջանիկ կեանքին համար։ Կ՛ուզեմ ձեզի հետ միասին ապրիլ ընտանեկան նոր շունջ մը. հարուստ մարդկային եւ գերբնական շնորհքներով։ Կ՛ուզեմ ձեզի հետ միասին աղօթել հայ ընտանիքի վերականգնումին համար։ Աշխատիլ ձեզի հետ վերարծելու հիմնական բնաբանները ընտանիքին, զարգացնել բարոյական արժէքները սլանալու համար դէպի աստուածային բարձունքները։
Մինչ աշխարհը, իր քայքայիչ ու քանդիչ աշխատանքները կը տանի ընտանիքին դէմ, զայն  ենթարկելով ազատութեան խաբուսիկ պատկերներուն, սուտ աձնական  իրաւաբանական բացականչութիւններուն, եւ կամ անբարոյականութիւնը հաստատելով, որպէս անհատի անձնական բնական երեւոյթ, իսկ կենակցութիւնը փոխանակ ամուսնութեան, վիժումը, փոխանակ կեանքի պահպանութեան, միասեռականութիւնը, անհատի ազատութեան գերագոյն արտայայտութիւն, մենք Հայ ազգի մաքուր ցեղի զաւակներ, Քրիստոնեայ հաւատացեալ ազգի վերապրողներ, եւ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ յարած  հաւատարիմներ, պիտի աշխատինք լրջօրէն մօտենալ ընտանիքի մաքուր ըմբռնումին, նախեւ առաջ Ս. Գրային իմաստով, տեսնելու  Աստուծոյ ստեղծագործութեան վեցերորդ օրուան հրաշքը, երբ ստեղծեց մարդը “եւ Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերին վրայ, Աստուծոյ պատկերին վրայ ստեղծեց անոր, արու եւ էգ ստեղծեց անոնց” (Գիրք Ծնն.1,27), եւ քննել ստեղծագործութեան պատմութեան մէջ, այս նախադասութիւնը, ուր կրկնութիւններով, Աստուած կը յայտնաբերէ մարդ էակի ստեղծագործութեան բաձառիկ կարեւորութիւնն ու յատուկ կոչումը։Ապա աշխարհի կեանքի մէջ ընտանիքը, անոր ընկերային, բարոյական եւ իրաւական հարցերը, իրաւունքները եւ պարտականութիւնները։           
Այս թուղթով կ՛ուզենք որդեգրել, որպէս տիպար օրինակ ընտանիք, Բեթղեհեմի Ս. Ընտանիքը, խոնարհ, հնազանդ, անդորր, միացած եւ միախոհ, պարզութեան մէջ երջանիկ, միասնօրէն իրենց ընտանեկան եւ ընկերային պարտականութիւնները ապրող եւ կատարող, ինչպէս Ս. Աւետարանի մէջ կը յիշուի Ս. Յովսէփի հնազանդութիւնը Աստուծոյ կամքին, իր խոստացեալ կինը կ՛առնէ իր մօտ հրեշտակի տեսիլքի վրայ հիմնուած, անոր մէջ տեսնելով աստուածային հրամանը, նոյնպէս Մարիամը, որ վստահեցաւ ու հնազանդեցաւ Աստուծոյ կամքին, աւետման օրը, հրեշտակի ողջոյնով (Մատթ. 1, 20-25), ու ինչպէս միասին քալեցին դէպի Բէյթլեհեմ, կատարելու աստուածային ծրագիրը։
Ս. Ընտանիքը ընդօրինակելով, մեկնաբանել մեր մարդկային ժամանակակից ընտանիքի յատուկ իրաւունքները, պարտականութիւնները, և մանաւանդ աստուածային բարոյեական արժէք ները, որ մեզմէ կը խնդրուի անոնց հաւատարիմ մնալ քանի որ հաւատացինք Աստուծոյ։ Պիտի աշխատինք վերականգնել մեր  ընտանիքը եթէ իյնկած է, զարգացնել զայն, եթէ գիտակից է իր յատուկ կոչումին,  պիտի մեծարենք ու բարի օրինակի առարկայ դարցնենք մեր հասարակութեան, եթէ կարողանայ քրիստոնէական ճշմարիտ վկայութիւնը ներշնչել։ Մէկ խօսքով այս հովուական թուղթս բարերար աշխատանոց մը պիտի դառցնենք նախ անձը կերտելու, ապա մեր ճշմարիտ անհատական կոչումը իմանալու ու զայն  ընտանիքի ոլորտի մէջ զետեղելով ապրիլ Աստուծոյ հովանիի տակ։

Խրատ հոգեւորական դասին               
«Այս է իմ պատուերս, որ սիրէք զիրար » (Յովհ. 15.17):
Այս բոլոր տեսութիւնները կը մնան ամուլ եթէ, մենք հոգեւորականներս, իմանալով ճշմարտութիւնը, չաշխատինք ամրապնդել զանոնք մեր քարոզութեան եւ առաջնորդութեան մէջ։
Եպիսկոպոսական օծումը լրումն քահանայութեան ըլլալով, եպիսկոպոսին ուսերուն կը դրուին պատասխանատուութիւններ ուսուցանելու սրբացնելու եւ կառավարելու իրեն յանձ նուած եկեղեցին (Կաթ. Եկեղ. Քրիստոնէական վարդապետութիւն) ։ Սակայն եպիսկոպոսը, կարող է լրացնել այս պարտականութիւնները միայն ու միայն քահանայական դասին հետ համագործակցաբար։ Քահանայական դասը, իր յատուկ կոչումով նոյն պատասխանա տուութիւնն ունի եպիսկոպոսին հետ միասին համագործակցաբար վարել սրբազան այս  առաքելութիւնը։ Հովիւի յանձնառութենէ մղուած, ամենայն պարզութեամբ պիտի խնդրէի ձեզմէ, յոյժ սիրելի հոգեւորական դաս, քոյրեր եւ եղբայրներ, որ այս տարին, դուք ալ ինծի հետ միասին նուիրէք մեր հայ ընտանիքի ծառայութեան եւ լաւագոյն ապագայի զարգացման։ Աշխատինք միասին ամրապնդել մեր հայ ընտանիքը Աստուծոյ շնորհքին մէջ, միացած պահել ամուսնական անքակ կապով, գօտապնդել զիրենք զեղուն սիրով, որ ամենաբարին Աստուած օրհնէ զիրենք բազմանդամ սուրբ ընտանիքով։     
Արդ, մենք կը նկատուինք որպէս երկրի “Աղը”, որ մեր հոգեւորականի, յատուկ կոչումով կանչուած ենք վկայելու հայ ընտանիքի մօտ, մեր բարի օրինակով, բարի խրատներով, ունենալով միշտ Ս. Աւետարանը, որպէս առաջնորդ եւ Ս. Ընտանիքը, որպէս տիպար օրինակ։ Ընդհանրական Սուրբ եկեղեցւոյ քրիստոնէական վարդապետութեան մէջ, քահանայութիւնը  կը նկատուի եօթ խորհուրդներէն մին եւ մենք այս եկեղեցւոյ հիմնական անդամներէն ըլլալով կանչուած ենք Աստուծոյ ծառայութեան։ Այս պատճառի համար է, որ Յիսուսի տուած աղի օրինակը յիշեցինք։ Սակայն նկատի առնելու ենք նոյն օրինակին երկրորդ մասը. “Եթէ աղը համը կորսնցնէ ինչո՞վ այն պիտի համեմուի” (Ղուկ. 14, 34-35) ։  
Նոյնպէս, յիշենք Քրիստոսի խօսքերը իր աշակերտներուն, պարտականութիւնները, որ իրենց վրայ դրաւ, եւ կարողութիւնները որ շնորհեց քարոզելու համար Աստուծոյ անունը աշխարհի չորս ծագերուն։ Այսօր մեզի տրուած են պարտականութիւններն ու առատ շնորհքները, շարունակելու Քրիստոսի պատգամը։ Այս տարի, յատուկ կերպով ձեզմէ եւ ինծմէ կը խնրուի մեր ուշադրութիւնը դարձնել մեզի յանձնուած ընտանիքներուն։ Մեզմէ կը խնդրուի խիստ խնամք տանիլ արտայայտելու ճշմարիտ կոչումը ընտանիքին, որ կը յայտնաբերուի ամուսնական Ս. Խորհուրդով։          
Սակայն վերոյիշեալ կէտերը իրականացնելու համար, յիշենք  Յիսուսի սիրոյ պատուիրանը, որ աշակերտներուն տուաւ “Այս է իմ Պատուիրանը, որ սիրէք իրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի” (Յվհ. 15, 12)։ Արդարեւ, մեր քահանայական կոչումով կարելի չէ ապրիլ այս պատուերէն դուրս եւ արժանանալ Քրիստոսի աշակերտելու մեծ պատիւին։ Կարելի չէ վկայել անոր, եթէ իր պատուիրանը չպահենք ու զայն ճշմարտապէս չապրինք։ Կարելի չէ քարոզել սէրը, որ էական հիմքն է ընտանիքի կեանքին, եթէ մենք անկէ զուրկ ենք։ Սիրոյ այս պատուիրանը, Յիսուսի սրտին այնքա՜ն մօտ էր, որուն համար կրկին ու կրկին պատուիրեց աշակերտներուն ըսելով. “Այս կը պատուիրեմ ձեզի. Որ սիրէք իրար” (Յով. 15,17): Արդ ինչպէ՞ս պիտի արժանանանք  Քրիստոսի ծառայութեան պատիւին, եթէ չհասունցնենք սիրոյ սերմը մեր սրտերուն մէջ։ Ինչպէ՞ս պիտի գործենք ու նուիրուինք հայ ընտանիքի դաստիարակութեան սրբութեան ու առջնորդութեան, եթէ, որպէս քահանայական կամ հոգեւորականի կոչումով չունինք հարկ եղած սիրոյ (հիմք) բնաբան, մեր հոգիին մէջ։
Անոր համար խոնարհութեամբ եւ բարի տրամադրութեամբ կը մօտենամ ձեզի սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր ի Քրիստոս, որ 2014 տարին տրամադրենք մեր անձնական խղճի քննութեան, եւ ազնուութեամբ նորոգուելու տրամադրութեան, խնդրելով Աստուծոյ Հօր եւ մեր Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի օրհնութիւնն ու շնորհքը տոգորուելով աստուա ծային սիրով ի սպաս մեր հայ ազգի զաւակներու ծառայութեան։
Հուսկ, անխուսաբելի է Յիսուսի պատկերը, որպէս հովիւ, որ մեզի փոխանցած է ոչ միայն տիտղոսն ու առատաշնորհ պարգեւները, այլ նաեւ պարտականութիւնը այն հատուածին մէջ ուր կ՛ըսէ. “Ես եմ քաջ Հովիւը եւ բարի Հովիւը կը ճանաչնայ իրենները, եւ իրենց կը կանչէ իրենց անուններով, եւ իր ձայնին կը լսեն” (Յովհ. 10,11) ։ Հետեւաբար մեր առաքելութիւնն է երթալ ոչխարներուն ետեւէն, հաւաքել զիրենք, պահպանել, եւ առաջնորդել դէպի հոգեւոր մարգագետիները։ Մենք, իբրեւ այլ ոմն Քրիստոսներ, պիտի վկայէք Լոյսին՝ Քրիստոսին որ ըսաւ “Ես եմ լոյսը աշխարհի, ով որ ետեւէս գայ՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ՝ պիտի ընդունի կեանքի լոյսը” (Յովհ. 8, 12) ։
Ընտանիքի Յատուկ Կոչումը «Եվ Աստված մարդուն ստեղծեց իր պատկերով. Աստծո պատկերով ստեղծեց նրան, արու և էգ ստեղծեց նրանց» (Գիրք Ծննդոց 1.27):
Ինչպէս նախաբանին մէջ յիշեցինք թէ “ընտանիք” բառը եւ անոր Էութիւնը հասկնալու համար, հարկ էր անպայման դիմել Ս. Գրքին։  Արդ, առաջին կէտով նշենք թէ Ս. Գիրքը՝ Հին Կտակարանին մէջ կ՛ըսէ. “Աստուած ըսաւ մարդը ստեղծենք Մեր կերպարով ու նմանութեամբ (Գիրք Ծնն.Ա 26-27)։ Աստուծոյ այս արտայայտութիւնը, բնականաբար աստուածային անհուն սիրոյ արտայայտութիւն մըն էր, ուզել մարդը ստեղծել եւ առանձնաշնորհել արարչագործու թեան բոլոր արարածներէ վեր։ Անտարակոյս, վերոյիշեալ սուրբ գրային արտայայտութիւնը յատուկ նկարագրով եւ կարողութեամբ հարուստ է. մանաւանդ երբ մարդը կը դառնայ երկնային դրախտի բնակիչ, Աստուծոյ մօտ եւ բարեկամ, տէր բոլոր ստեղծագործութեան, զրահուած անկրկնելի իշխանութեամբ, տիրելու երկնքի տակ գտնուող բոլոր գազաններուն, թռչուններուն եւ սողուններուն։ Աննկարագրելի պատիւ եւ բացառիկ կոչում։
Երկրորդ կէտին մէջ, կը նշմարենք Աստուածաշունչի, Գիրք Ծննդոցի կեդրոնացումը մարդկային ստեղծագործութեան նկարագրին  եւ կոչումին վրայ։ Հոն, կը տեսնենք թէ ինչպէս Հայր Աստուած, մարդուն կը պարգեւէ մեծ պատիւ մը, “Աստուածանման էակ” ըլլալու։ Այս պատկերը կը պարզուի, այս բառերուն մէջ. “եւ Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերին վրայ, Աստուծոյ պատկերով անոր ստեղծեց” (Գիրք Ծնն.1,27)։ Ստեղծագործութեան պատմութեան միակ տեղն է, ուր կրկնակի կոչութեամբ կը հաստատուի ստեծուածին բնութիւնն ու յատուկ կոչումը։  Ինչ որ Մնացածներուն մօտ, Աստուած կը ստեղծէ, կը տեսնէ թէ բարի է, կ՛օրհնէ ու կ՛անցնի յաջորդ քայլին։ Մինչ մարդուն  ստեծագործութեան մէջ, Աստուած առաւելաբար կը զբաղուի եւ յատուկ շնորհքով կ՛օրհնէ զինք, որովհետեւ նման է Իրեն։ “Մեր կերպարով ստեղծենք մարդը” (Գիրք Ծնն.Ա 26-27) ։ Այո, այս բառերով կը հաստատուի մարդուն աստուա ծային նկարագիրը, հետեւաբար եւ կոչումը որ կը տարբերի միւս արարածներէն։
Երրորդ կէտին մէջ, հիանալի կերպով կը ժխտուին այսօրուան մեր մարդկային հասարակու թեան  մէջ, դարերէ ի վեր դարձող շշուկները,  որոնք կ՛աշխատին մարդկային էութիւնը եւ կա­ րույցը քանդել։ Գիրք Ծննդոցի, մարդուն ստեղծագործութեան էջին մէջ, նոյն նախադասու թեան աւարտին, մարդուն բնութիւնը կը յայտնուի. “…արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք” (Գիրք Ծնն.Ա 27), կ՛ըսէ Հին Կտակարանը։ Այո, արու եւ էգ, եւ ոչ իրարանման անձեր, ինչ որ  այսօրուան աներեւոյթ ուժերը կը ջանան մտայնութիւնները փոխելով աղաւաղել մարդկային բնութեան օրէնքները ընդունելով միասեռականութիւնը, որպէս բնական երեւոյթ մարդկային բնութեան։
Այս երեք բացատրութիւններէն ետք, դեռ աւելին կարող ենք քննել եւ բացատրել։ Սակայն այնպէս կը թուի մեզի որ գոհանանք Արարչագործութեան աւարտին, Աստուծոյ արտասանած խօսքը առնել, որպէս հիմնաքար ընտանիքի կառոյցին “…Աճեցէք եւ բազմացէք, լեցուցէք երկիրը եւ տիրեցէք անոր…” (Գիրք Ծնն. Ա, 28) ։ Աստուածային օրհնութեամբ պսակուած եւ ամուսնական կեանքի ընտրուած մարդը, պարտականութիւն կը ստանայ կազմելու ընտա նիքը, բազմանալու եւ տէր դառնալու իրեն տրուած աշխարհին։ Աստուծոյ կողմէ այս արտայայտութիւնը բաւարար է, ծնունդ տալու համար ընտանեկան հիմնարկին ։ 
Ուստի առաջին ընտանիքը կը սկսի Ադամ եւ Եւայի միջոցաւ, որ իրենց միութեամբ պիտի բազմանային ու լեցնէին երկիրը ու տիրէին անոր։ Այո անոնք մնացին մէկ մարմին.  ինչպէս Նոր Կտակարանը կը նկարագրէ Մատթէոս Աւետարանիչի բեռնով, երբ փարիսեցիները մօտենալով Քրիստոսի հարցուցին, զինք փորցելու համար. “Կարելի՞ է արդեօք, որեւէ պատ ճառի համար կինը արձակել”,  Յիսուս կը պատասխանէ անոնց, երեք հաստատումներով “Չէ՞ք կարդացած որ Արարիչը սկիզբէն արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք…Ուրեմն այլեւս երկու չեն, այլ մէկ մարմին… Ուստի ինչ որ Աստուած միացուց մարդը թող չբաժնէ” (Մատթ.19,1-6)։ Հետեւաբար Յիսուս չհաստատեց միայն ինչ որ Աստուծմէ հիմնուած էր արարչագործու­    թեամբ, այլ շնորհք մը աւելի տուաւ ամուսնական կեանքը ապրելու նոր արժանապատուութեամբ՝ ամուսնութեան Ս. Խորհուրդի մէջ, որ կը պատկերաւորուի Քրիստոսի  եւ եկեղեցւոյ միջեւ գոյացած սիրով, ինչպէս կը նկրագրէ Ս. Պօղոս իր նամակին մէջ ուղղուած Եփեսացիներուն    “ Դուք այրեր, սիրեցէք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս սիրեց իր եկեղեցին”  (Պօղ. Եփես 5,25)։ Ի՜նչ հրաշք, Քրիստոս, մէկ հատուածով, վերահաստատեց արարչագործութեան նպատակը, ընտանիքի սրբութիւնը եւ օրէնքը անլուծանելիութեան։ 
Այսպէսով, Քրիստոսի խօսքերը, կրկնակի հաստատում եւ զգուշացում մը եղան, բոլոր անհատներուն, խումբերուն   կազմակերպութիւններուն ու պետութիւններուն, թէ արարչա գործութիւնը անհպելի իրականութիւն մըն է երկու սեռի, որոնց նպատակը շարունակել Աստուծոյ Հօր ծրագիրը։ Ուստի “..Ինչ որ Աստուած միացուց, թող մարդ չբաժնէ” (Մարկ. 10,9 )։ Այսպէսով, անխախտելիօրէն կը հիմնուի ընտանիքը, որպէս աստուածային անլուծանելի խորհուրդ։ Խորհուրդ մը, որուն պարտականութիւնն է, ընտանիքը պահել ու պաշտպանել ընկերային եւ բարոյական ախտերու դէմ։
Ընդհանրական եկեղեցւոյ քրիստոնէականն ալ իր կարգին կը խնդրէ պահել Պսակի խոր հուրդը, որ երկու ամուսիններուն՝ Այր մարդու եւ կնոջ միջեւ կը հաստատուի, որովհետեւ ան հիմնուած է աստուածային օրէնքներուն վրայ ի շահ զոյքի ընդհանուր բարիքին, որդեծնու թեան եւ զաւակներու կրթութեան համար, պահելով միշտ Աստուծոյ կամքը, որ է պսակի անլուծանելի խորհուրդը[2]։ Աստուածային ծրագիրը երկու ամուսիններուն վրայ, ինչպէս տեսանք մեր աշխատասիրութեան ընթացքին, Աստուած ստեղծելով Այրն ու Կինը, զիրենք կոչեց ամուսնական Ս. խորհուրդի մէջ ապրելու իրենց սիրոյ մտերիմ կեանքը, որովհետեւ Ինքը սիրոյ աղբիւր ըլլալով, սիրոյ մէջ ստեղծեց մարդը, եւ սիրելու հրաւիրեց։ Ուստի « Այլեւս երկու չեն այլ մէկ մարմին» (Մատթ. 19, 6), «Աստուած զիրենք օրհնելով ըսաւ Աճեցէք եւ բազմացէք» (Ծննդ. 1,28)։
Եկեղեցւոյ վարդապետութեան տուած վերոյիշեալ բացատրութիւնը, ուրիշ նպատակ չի հետապնդեր եթէ ոչ, ինչպէս նախապէս յիշեցինք, ապահովել ամուսնացեալ զոյգին, առողջ միջավայրի մէջ անդորրութիւն եւ երջանկութիւն, կրթելու զաւակներ եւ պատրաստելու նոր սերունդ մը աստուածային շարաւիղով, շարունակելու համար արարչագործութիւնը դարերու ընթացքին։
Այսպէսով ընտանիքը կը դառնայ բնական վայրը մանուկներու եւ երիտասարդներու առաքինութեան, ժուժկալութեան, ողջախոհութեան եւ եղբայրսիրութեան կազմաւորման աշխատանքին։ “Ընտանիքը տեղական եկեղեցի մըն է, դպրոց մը բարոյական եւ հոգեւոր հասունութեան”[3] ուր ծնողքը եւ զաւակները կը փորձար կեն վերոյիշեալ արժէքները ։ Մարդ էակը կը ծնի ընտանիքին մէջ եւ անոր կը պարտի իր գոյութիւնը, հետեւաբար կարելի չէ զինք բաժնել կամ հեռացնել իր բոյնէն։ Սակայն երբ մարդը կը ծնի ընտանիքէն դուրս, անոր սրտին մէջ կը գոյանայ անբաւարարութիւն մը եւ ցաւ, որոնք ծանր կը կշռեն անհատի ամբողջ կեանքի ընթացքին, Կ՛ըսէ երանելի Յովահաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը։ Այսպիսիներու պարագային եկեղեցին մօտ է եւ իր սէրը կը տածէ անոնց կեանքին ու ապագայինն[4]: Անտարակոյս անխուսաբելի է ընտանիքին կարեւոր դերը մարդու կեանքին մէջ։
Ընտանիքին մէջ պարտականութիւններն ու իրաւունքները համերաշխօրէն կը բաժնուին   անդամներու միջեւ։ Ծնողները, իրենց ծնողական վիճակի կարգին եւ յատուկ կոչումին, պար­ տականութիւն ունին հսկելու իրենց զաւակներուն հոգեբանական առողջ մթնոլորտին, բնական աճումին եւ հասունութեան։ Այն զաւակները, որոնք կ՛աճին ու կը մեծնան քրիստոնեայ, օրինակելի ընտանիքի մէջ, աւելի հեշտութեամբ կը փորձարկեն բարոյական արժէքներն ու աստուածային սէրը, ընթօրինակելով բարի օրինակը ծնողներու կեանքէն[5]։ Սէրը միակ կրակն է որ կը պահէ ընտանիքը մէկ օճախի մէջ միացած, հասուն եւ պարզ։ Կը պահէ ուժեղ դիմագրաւելու կեանքի դժուարութիւնները, յաղթահարելու փորձութիւնները եւ ճշմարտապէս վկայելու իրենց քրիստոնէական ինքնութեան եւ պատկանելիութեան։
Ս. Գրային հակիրճ ուսումնասիրութենէն ետք, կ՛անցնինք երկրորդ ոլորտին. որ է ընտանիքի ըմբռնումը եւ հասկացողութիւնը, իրաւաբանական եւ ընկերային տեսանկիւնէն դիտուած։
Յիրաւի, Աստուած ընտանիքը ստեղծեց, սիրեց, սրբացուց ու զայն ընտրեց որպէս Միածին Որդւոյն Ծննդեան օրրան։ Նոյնպէս, պատմական իրականութիւն է, Նոր Կտակարանի մէջ, Քրիստոսի, վերահաստատումը ընտանիքին, որպէս աստուածային արարչագործութեան հրաշքը։ Իրականութիւն է նաեւ, խաչի վրայէն Քրիստոս մօրը կը հռչակէ որպէս համայն մարդկութեան մայր յանձին Ս. Յովհաննէս առաքեալի “Ով կին ահա քու որդիդ” (Յով. 19,26 ) եւ Յովհաննէս առաքեալին միջոցաւ որդեգրուիլ աստուածային ընտանիքի “Ահա քու Մայրդ” ( Յով.19,27)։ Սակայն այս արժէքաւոր երեւոյթներէն դուրս, հարկ է ընդունիլ մարդկային ընկերութեան դարերու ընթացքին տարած անգնահատելի աշխատանքները Ընտանիքի հան­ դէպ սահմանումները զարգացնելով  հասցուցին եաւագոյն մեկնաբանութեան։   Ինչպէս զայն  կը նշմարենք, պատմութեան ընթացքին, գրագէտներու գիրքերուն մէջ յիշատակութիւններէն ։ “Ընտանիքը՝ հասարակութիւնն է մանրակէտ ձեւին մէջ, որու ամբողջականութենէն կախուած է ամբողջ մարդկային մեծ  հասարակութեան անվտանգութիւնը” կ՛ըսէ ամերիկացի մանկավարժ Ֆելիքս Ատլերը։ (1851-1933): Հետեւաբար, էական է մեզի, հասկնալ  թէ մենք ո՞վ ենք այս ընկերութեան մէջ և ի՞նչ են մեր իրաւունքներն ու պարտականութիւնները։
Եւրոպական մշակոյթի մէջ ընտանիքի հասկացողութիւնը կը բացատրուի հետեւեալ կերպով. “խումբ մը անհատներ իրարու հետ միացած օրինական կանոններով, ինչպէս ամուսնու­ թիւնը, եւ արենակցական կապերով, իչպէս տոհմային յաջորդութիւնները։ Կարգ մը մարդաբաններ սակայն կը տարբերին իրենց կարծիքներով։ Անոնք, կը հաստատեն թէ բացի արենեկցական կապերուն, կան նաեւ տարբեր մշակոյթի հասարակութիւններ որոնք կ՛ապրին ընտանեկան ամբողջական իրականութիւնը արենակցական կապերէ դուրս”։ Այս բոլոր յայտարարութիւնները մէկ կողմ, եւ Մարդու իրաւունքներու 16 րդ կանոնը ընդհանրական յայտարարութիւնը միւս կողմ, որովհետեւ այս վերջինը կը հաստատէ հետեւեալ երեք կէտերը։                    
ա ­Այր մարդիկ եւ Կիները պատշաճ տարիքին, իրաւունք ունին ամուսնանալու եւ ընտանիք կազմելու, առանց որեւէ ցեղի, քաղաքացիական եւ կամ կրօնական խտրականութեան։ Անոնք հաւասար իրաւունքներ ունին ամուսնութեան մէջ, ընթացքին եւ ամուսնալուծումին ատեն։
բ ­Ամուսնութիւնը կը կատարուի միայն ու միայն երկու սեռի ամուսիններու ազատ եւ կատարեալ անկաշկանդ հաւանութեամբ։
գ ­Ընտանիքը  բնական եւ էական կորիզն մըն է ընկերութեան. Ուստի իրաւունք ունի պաշտպանուելու ե՛ւ ընկերհասարակական ե՛ւ պետական իշխանութիւններէ։
Չեմ ուզեր զանազան երկիրներու ու պետութիւններու օրէնսդրութեան անդրադառնալ, քանի մարդու իրաւունքներու կանոնական 16 յօթուածը որդեգրուած է համաշխարհային իշխանութիւններու մեծամասնութեան կոմէն։ Մեր փափաքը աւելի կեդրոնացած կ՛ուզենք որ մնայ, ընտանիքի նկարագրին, որ ունի այժմէական հասարակութիւնը, կամ ընկերութիւնը։
Ընտանիքի նկարագիրը եւ իրեն առաջնակարգ դերը եւ ընկերհասարակական տեսանկիւնէն դիտուած, սերնդագործութիւնն է եւ կամ հասարակութիւնը  բազմացնելու պարտականու թիւնն է։ Այս պատճառով ընկերութիւնն ու ընտանիքը մնայուն եւ սերտ յարաբերութեան մէջ են եւ դարերու ընթացքին փոփոխութիւններու ենթարկուած կը հետեւին մշակոյթի եւ ընկերային պահանջներուն համաձայն։
Ընտանիքը ընկերութեան մէջ, իշխող տարրն է, որը բաձարցակ ձայն ունեցողն է էական որոշումներուն եւ կենցաղային եւ իրաւաբանական պահանջներուն իրականացման մէջ։ Այս ամբողջ արաւելութիւնները կը գործեն ի շահ զաւակներու ապագայի ապահովութեան համար։
Ընտանիքը, ըստ ընկերաբաններու գիտական վերջին ուսումնասիրութիւններուն, զոյգը՝ ամուսինները, կը վայելեն յատուկ ընկերային յարաբերութիւն զաւակներուն հետ։ Անոնք, կարեւոր դեր ունին ընկերութեան մէջ եւ հանրութեան դիմաց մեծ արժէք։ Վերոյիշեալ եւ շատ ուրիշ տուեալներու վրայ հիմնուած, ընտանիքը կարողացած է դիմադրել դարերու ընթացքին վատագոյն ուժերու դէմ եւ զանոնք յաղթահարելով մնալ հաստատ իր էական բնաբաններուն մէջ։
Այս առընչութեամբ ունինք միքանի ուսումնասէր հեղինակներ, որոնք մեծապէս ազդած են ընտանիքի հոգեբանութեան եւ անոր ընկերային կարգավիճակին վրայ։ Առ օրինակ, Ֆրէտէրիխ Հենկել՝[6]  գերմանացի փիլիսոբայ, արտայայտուած է, ընտանիքի մասին, կատարած ուսումնասիրութիւններուն մէջ  թէ. "ամուսնական կեանքին մէջ տեղի կ'ունենայ առաջին պայքարը մարդկային դասակարգերու միջեւ" եւ այս գաղափարը որդեգրուած է դասականներու քննարկումներուն մէջ։ Անտարակոյս, կարող ենք ընդունիլ այս աշխատասիրութիւնը եւ տեսնել այն, ինչ որ ուսումնասէր Ֆրէտերիխը տեսաւ, այնքան որքան հանգամանքային անհաւասարութիւն կը դնենք երկու ամուսիններու միջեւ։ Արդարացի կը տեսնենք հեղինակին ուսումնասիրութիւնը պատկերաւոր կերպով, եթէ մերկացնենք մարդը իր հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներէն, երբ հեռացնենք զինքը իր Արարիչէն որ հաւասար կերպով ստեղծեց երկու սերէ բաղկքացած այրն ու կինը։ Այո այն ատեն մոռնալով իր ինքնութիւնը, կեանքի  կոչումը, պատկանելիութիւնը, պայքառը, դիւրիմացութիւնն ու բաժանումը  կը դառնան հասարակութեան մէջ բնական երեւոյթ, դասակարգերու դաշտ։ Այսինքն վերոյիշեալ հեղինակը իրաւունք կ՛ունենայ ընտանիքը կարգելու որպէս առաջին դասակարգերու պայքար։ Ուրիշ պատմաբան  հեղնակներ ալ կան որոնցմէ մէկը  Բիդր Լազլէդ անունով աշխատասիրութիւն մը տարած է ընտանիքի վրայ եւ որուն մէջ զայն կը բաժնէ ՀԻՆԳ դասակարգերու։ Ընդհանրապէս ընդունուած ամուսնու թիւնը, առաւել չորս տարբեր կորիզներ։
ա – Կորիզ, այսինքն ընտանիքը, որ կազմուած է մէկ ամուսնական միաւորէ։                              
բ – Ընդարձակ ընտանիք՝ այսինքն այն ընտանիքը որ մէկ միաւորի ամուսնութեամբ  ընտանեկան կապեր ունեցող, ինչ որ մեր բառբարով կը կոչենք, ՏՈՀՄԱՅԻՆ կամ ՆԱՀԱՊԵՏԱԿԱՆ Ընտանիք։                                    
գ – Բազմաթիւ, այսինքն այն ընտանիքը որ կազուած մէկէ աւելի ամուսնական կապերով։  
դ – Անկազմ կապերով ընտանիք, այսինքն ապոռինի կենակցութեամբ կազմուած ընտանիք, որ կը կոչենք "աղջիկ մայր"։
Այս ուսումնասիրութենէն դուրս, ընկերաբաններու մօտ ալ ուրիշ ԵՐԵՔ գլխաւոր բաժանում ներ բերած են,  իրենց ենթաբաժանումներով, առաւել միասեռականութիւնը, որուն պատաս խանը կը գտնենք, Գիրք Ծննդոցի մէջ, ուր յստակ սահմանումով Աստուած ընտանիքը ստեղծեց երկու տարբեր սեռերով, հետեւաբար հարկ չկայ խորանալու քննութեան մէջ, քանի մաս չի կազմեր մեր ըմբռնումներուն։            
Ընկերութեան արդի ժամանակներու Ընտանիքի ըմբռնումն ու սահմանումը, լրիւ խաթարուած է։ Արեւմուտքի՝ Եւրոպական և ամերիկեան ընկերութիւներու մէջ, Նահապե­ տական սրբութիւնը կորսուած, քանդուած է։ Սատանայական ուժեր կան, որոնք կը ձգտին  ընդհանրացնել մարդկային կեանքի "globalisme"ի հոգեբանութիւնը, ջլատելու ընտանիքին առողջ մտայնութիւնը։ Այս պատկերը ինծի կը յիշեցնէ ափրիկէի նուաճումները երբ սպիտակամորթները կը փոխարինէին ադամանդը, պսպղուն ապակիով։ տեղական բնակիչը կ՛անգիտանար բաղդատութիւնը եւ ունեցած ադամանդը կու տար սիրայօժար։ Դարեր անցան դատապարտելու համար այն անիրաւութիւնները։ Այսօր նոյնը կը պատահի ոչ սեւամորթի եւ սպիտակամորթի միջեւ, այլ ողջ մարդկութեան կեանքին մէջ։ Անոր համար մեր մօտեցումը ընտանիքին, կը մնայ աւանդական, մեր ազգի որդեգրած եւ դարերէ ի վեր պահած ու ապրած ընտանիքի կեանքը։ Ընտանիքի ըմբռնումը ազգային եկեղեցական եւ պետական սահմանադրութեան մէջ, կը մնայ համապատասխան Ս. Գրքի տուած սահմանումին և նկարագրին։ Համապատասխան Քրիստոսի հաստատած ուսուցումին եւ վարդապետութեան։ Մեր հայ ընտանիքը, ի հեճուկս բազմաթիւ ներքին հարցերուն, կը մնայ հաւատացող անոր սուրբ և աստուածային հիմնարկին։
Կատարելագործելու համար մեր աշխատութիւնը, կ՛արժէ յիշել Աշտիշատի 356 թուականի երկրորդ ժողովը, Արշակ Բ Թագաւորի (350-368) օրերուն, Ս. Ներսէս մեծ Պարթեւ Կաթո­ ղիկոսի(353-373) նախաձեռնութեամբ: Ժողովի որոշումով բացուած են որբանոցներ, հիւան­ դանոցներ, անկելանոցներ եւ աղքատանոցներ։ Այսինքն ի սկզբանէ մեր եկեղեցականներն ու թագաւորները մեծ հոգածութիւն տածած են հայ ընտա նիքին համար։ Ուստի բնական երեւոյթ է նաեւ մեր այսօրուան նուիրումը ընտանիքին եւ անոր մտահոգութիւններով զբաղուիլ լաւագոյնը իրականացնելու եւ զայն ապրելու համար։

ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ                  

«…Արդ, ինչ որ Աստուած միացուց, մարդ թող չբաժնէ» (Մատթ. 19.6):
Վերջերս ուսումնասիրութիւն մը դուրս եկած է, ուր 1970 - 2000 թուականներուն, ընտանիքը, կամ ընտանեկան հաստատութիւնը մեծ նահանջ արձանագրած է իր արժէքներուն մէջ (40էն-5 տոկոսը): Ստոյգ ընտանիքը ունի այլազան հարցեր, ներքին եւ արտաքին յարաբերութիւն ներուն  մէջ հարցեր, ծնողք եւ զաւակներ, ամուսիններ իրարու հետ, ընդլայնուած իմասով    ընտանիքի պարագաներ, ազգականներ, մինչեւ իսկ անձնական, անհատական հոգեբանա նական հարցեր, որոնք ընտանեկան հաւասարակշռութեան վրայ, ժխտական կերպով կ՛ազ­ դեն։ 
Անպատասխանատուութեան հոգին, անձնասիրութիւնը, ինքնահաճութիւնը, որոնք արդիւնք են անգիտակից ծնողական պարտականութիւններուն, դարձեալ ծանր բեռ մըն են ընտանիքի խաղաղ կեանքին։ Բացի մարդկային արարածներու միջեւ եղած փոխադարձ հարցերէն կան նաեւ, ընտանիքի ֆինանսական պայմանները, ելեւէջները հարստութեան եւ աղքատութեան, որոնք իրենց կարգին ընտանիքը կը բեռնաւորեն ժխտական դրութեամբ եւ կ՛առաջնորդեն դէպի բաժանում եւ ատելութիւն։ Պիտի զարմացնէր մեզ եթէ ընտանիքի մէջ հարցեր չգտնուէին։ Եթէ ամուսիններու միջեւ նկարագրի պատճառաւ բախումներ չպատահէին։ Ընդահակառակը, այս տեսակի հարցերը, կեանքի նշան են, եթէ յաղթահարուին բարի եւ հոգեւոր տրամադրութեամբ։ Ասոր համար, մեր նկատողութիւններն ու մտահոգութիւնները այս պարագաներուն, լծումներ գտնել, ընտանիքին  հաւասարակշռութիւնը եւ բնականոն աճը  ապահովելու համար։ Համոզուած ենք, որ կարող ենք դրական արդիւնքներ ստանալ ընտանիքի կեանքէն ներս, եթէ հոգեւոր եւ բարոյական արժէքները արթնցնենք։

Սէրը                   
«Այս է իմ պատվէրը, որ սիրէք զիրար, ինչպես որ ես ձեզ սիրեցի » (Հովհ. 15.12):
Անտարակոյս, առողջ ընտանիքի առաջին նշանը Սիրոյ մէջ կ՛արտայայտուի։ Սիրով կը ծնինք, սիրով զոյգերը կ՛ամուսնան, սիրով կ՛ապրին, սիրով զաւակներ կը բերեն։ Սակայն, կեանքի իրականութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ սէրը լքուած է։ Սէրը շահագործուած է։ Սէրը ստորագնահատուած, բզքտուած է անձնական շահերու համար։ Սէրը մոլութիւններու եւ ապօրինի գործունէութիւններու գործիքի վերածուած է այս ժամանակներուն։
Ընտանիքը սիրոյ վրայ հիմնուած է, բայց ո՛չ վերոյիշեալ ժխտական մտայնութեան սիրով, որու յաճախ կը հանդիպինք։ Ընտանիքը ճշմարիտ սիրոյ հաստատութիւնն  է։ Արդ եթէ սէրը պակսի կամ բացակայի այս հաստատութենէն, ինչո՞վ ընտանիքը պիտի սնանի։
Ընտանիքի խնդիրներու հիմնական տառապանքի կէտը, սիրոյ պակասն ու բացակայութիւնն է։  Սիրոյ սահմանումը դժբախտաբար թերի մնացած է մեր քրիստոնեայ ընկերութեան մէջ։ Սէրը յաճախ տարբեր մեկնաբանութիւններ ստացած է, նոյնիսկ ընտանեկան շրջանակներէն ներս։ Խեղաթիւրուած է անոր էութիւնը, վաճառականացուած կորսնցուցած է անոր վսեմութիւնը։ Անոր համար մեր պարտականութիւնն է, զայն մաքրել, ուղղել եւ վերականգնել անոր ճշմարիտ իմաստը։ Ի՞նչ է սէրը, որ այնքա՜ն էական կը թուի ընտանեկան կեանքի միութեան եւ յաջողութեան։
Սէրը, շատերուն մօտ, զոյգի մը համախոհ եւ միասնական ընթացք մըն է կեանքի ճանապար­ հին։ Ուրիշներուն մօտ, փոխադարձ յարգանքի եւ կամաւոր ենթակայութիւն մըն է մէկը միւսին, կամ միակողմանի  կնոջ ենթակայութիւնը իր ամուսինին։ Իսկ ոմանք կան, որոնք սէրը անբացատրելի վիճակ կը նկատեն եւ զգացումի կամ զգացական արտայայտու թիւններուն կը կապեն, ուստի անկարող կը համարեն ինքզինքնին զայն նկարագրել։ Այս բոլոր արտայայտութիւն ները ցոյց կու տան թէ որք՜ան տկար հասկացողութեան զոհ է սէրը եւ օգնութեան կը կարօտի, ըմբռնելու անոր ճշմարիտ իմաստը եւ անոր լոյսին տակ հասկնալ նաեւ ընտանեկան ճշմարիտ կոչումը։ Արդ, վերոյիշեալ ենթադրութիւններէն եւ ոչ մէկուն մէջ է սէրը, եւ ոչ իսկ սիրային յարաբերութիւններու մէջ լոկ։ Սիրոյ սահմանումը, զոհողութեան մէջ կը գտնէ իր իրականացումը։ Զոհողութիւն, որ առանց պայմանի, կատարեալ՝ ամբողջական, անսահման եւ մնայուն տրամադրութեան մէջ կ՛իրականացուի։ Նկարագրուած այս սէրը, Քրիստոսի պատկերին մէջ կը ցոլայ։ Քրիստոս, մեզ փրկելու համար, ի՜նչ սէր սպառեց։ Ս. Պօղոս Փիլիպեցիներու նամակին մէջ կը գրէ. “ Ձեզմէ ամէն մէկը թող խորհի այն ինչ որ կայ Քրիստոս Յիսուսի մէջ, որ Աստուծոյ կերպարանքով էր…այլ անձը ունայնացուց, ծառայի կերպարանք առաւ….եւ հնազանդ եղաւ մինչեւ մահ եւ խաչի մահը”(Պօղ. Փիլիպ. 2, 5-9) ։  Այս է ճշմարիտ սէրը, որ կը պահանջուի ամուսիններէն։ Այս է գաղտնիքը եւ բանալին, որ կ'ապահովէ ընտանիքի երջանկութիւնը, առողջ եւ յաջող ընթացքը։ Զոհողութիւն եւ ամբողջական անձնուիրում մէկը միւսին։ Այս է ճշմարիտ սէրը որ կը փափաքինք վերահիմնել մեր հայ ընտանիքին մէջ։ Սէրը հասկնալու համար կարելի է կարդալ Ս. Պօղոսի թուղթը Կորնթացիներուն ուղղուած Ա նամակ 13 գլուխ, “օրհներգ սիրոյ”:

Անհաւատարմութիւնը

«Ուրեմն խտրություն չկայ… ո՛չ արուի և ո՛չ էգի. որովհետև դուք ամենքդ մէկ էք ի Քրիստոս Յիսուս» (Գաղատ. 3.28):
Ամուսնական կեանքի կամ ընտանիքի Երկրորդ գլխաւոր ցաւերէն մին կը համարուի անհաւատարմութիւնը ։ Այո, հիմնական եւ գլխաւոր խնդիրներէն մէկն է հայ ընտանիքին, եթէ ոչ ամէնացաւալին։ Ամէնքս ալ կը խօսինք անհաւատարմութեան մասին իբրեւ սովորական երեւոյթ մը, որ մեզ չի հետաքրքրեր, մանաւանդ այրերու մօտ, որովհետեւ գլխաւոր Անհաւա տարմութիւնը, կը վերագրուի միայն Կին արարածին դէմ, իսկ այր մարդու  անհաւատար մութիւնը, բնական երեւոյթ կը նկատուի, նոյնիսկ իրաւունք։ Երկու չափ, երկու կշիռ։  “Աստուած ի սկզբանէ Այր եւ կին ստեղծեց զանոնք” եւ օրհնելով զիրենք, պարտակա նութիւններ դրաւ անոնց վրայ առանց խտրականութիւն դնելու երկու արարածներու միջեւ “այլեւս երկու չեն այլ մէկ մարմին” Աւետարանիչը կ՛ըսէ։ իսկ Ս. Պօղոս՝ Քրիստոսի առաքեալը կ՛ըսէ “Դուք բոլորդ որ ի Քրիստոս մկրտուեցաք, Քրիստոսը զգեցած էք, ուստի չկայ խտրութիւն ո՛չ հրեայի եւ ո՛չ հեթանոսի…ո՛չ արուի եւ ո՛չ էգի. Որովհետեւ ամէնքդ մէկ էք ի Քրիստոս Յիսուսու” (Գաղտ. գ, 27-29) ։ Ուստի անհաւատարմութեան յանցանքը հաւասար կերպով կը դատապարտէ երկու ամուսինները։
Մեր դիտաւորութիւնը սակայն մարդ դատապարտել չէ եւ ո՛չ ալ դատել, այլ ամուսիններուն անդրադարձնել դատողութեան սխալ ընթացքը, որ դարձած է բնականոն կենցաղ մեր հասարակութեան մէջ եւ ուղղել։ Անդրադարձնել դժբախտ իրողութիւնը, որուն զոհերը մեր զաւակներն են։ Եթէ անհաւատարմութեան մասին կը խօսինք, սէրէ մղուած կը գործենք, գտնելու համար միջոցը վերականգնելու վսեմութիւնն ու սրբութիւնը մեր հայ ընտանիքին։ Ինչպէ՞ս գտնել անհաւատարմութեան աղբիւրները, եւ բուժել։
Յետ դատական ատեաններու մէջ երկար տարիներու աշխատանքի եւ մեր քահանայական առաքելութեան ունինք առատ փորձառութիւն, ուր ականատես եւ խորհրդատու եղանք բազմաթիւ զոյգերու կեանքի հաշտութեան եւ վերականգնումի աշխատանքային առաքելու թեան, կարող ենք համառօտել ամուսնութեան թշնամիները հինգ կէտերու մէջ, որոնք ընտանիքը կ՛առաջնորդեն բաժանումի, ամուսնալուծումի եւ անհաւատարմութեան։
ա­ Ստիպողական ամուսնութիւնը, մէկ, կամ երկու կողմերէն պայմանաւորուած, երբեմնի դժբախտ արդիւնքներու կ՛առաջնորդէ։ Նոյնպէս, ընտանեկան հարստութիւններու վրայ հիմնուած, կամ պաշտօնական հանգամանքներու ակնկալութեամբ շահագրգրուած ամուսնու թիւնները, կարող են սպաննել խնդրոյ առարկայ զոյգերու կեանքի երազներն ու ապագան։
բ­ Ամուսիններուն ծնողական անտեղի միջամտութիւնները, որոնք յառաջ կու գան ծնողական անզուսպ սէրէն, որ խանգարումներ կը ստեղծէ նոր ընտանիքէն ներս եւ կը պղտորէ անոնց համերաշխութիւնն ու փոխադարձ սէրը։               
գ­ Ընչաքաղցութիւնը եւ եսասիրութիւնը ամուսիններու մօտ։ Այս պարագան խորապէս մտահոգիչ է։ Ընչաքաղցութիւնը հիւանդութիւն մըն է, որովհետեւ մտահոգիչ կացութիւն կը ստեղծէ, թէ՛ խնդրոյ առարկայ զոյգերուն մօտ եւ թէ՛ անոնց պարագաներուն, անոր զոհը կը զլանայ իրեն ամուսնական եւ ծնողական պարտականութինները կատարել, իսկ եսասիրութիւնը, ենթագիտակցական բարդոյթ մըն է, որուն ենթական անկարող կը դառնայ ճշմարիտ սէրը ապրելու եւ նուիրուելու ընտանեկան ամբողջական պարտականութիւննե րուն։
 դ­ Ամուսիններու արտաքին անխոհեմ կապերը, բարեկամական, գործի, եւ կամ ընկերային յառաբերութիւնները, որոնք ընտանիքի երկու ամուսիններու միջեւ, սառնութիւն կը ստեղծեն, հեռաւորութիւն, անտարբերութիւն ու անհետաքրքրութիւն իրարու հանդէպ, մինչեւ դաւաճա նութիւն,  բաժանում եւ փախուստ։                              
ե­ Անհիմն եւ երեւակայական իդէալներ, ինչպէս զաւակներու կրթութեան համար անտեղի վէճերը երկու ամուսիններու միջեւ, մանաւանդ եթէ խառն ամուսնութիւն է ։
Այս հինգ կէտերը, ընդհանրապէս ամուսնական կոչումը կ՛ոտնակոխեն եւ կը մոռցնեն զոյգի կեանքին սրբազնագոյն պահը, երբ Ս. Խորանի դիմաց զոյգերը ուխտեցին Աստուծոյ եւ իրարու հանդէպ հաւատարմութիւնը։ Այս հինգ կէտերը եւ անոնցմէ բխած ուրիշ խնդիրներ ընտանե կան մթնոլորտը կը պղտորեն, խաղաղ կեանքը կը վրդովեն, եւ տհաճ կացութեան կը մատնեն ընտանիքը։ Սակայն վատագոյնը, երեխաներուն հոգեբանութիւնն է որ կը քանդուի։ Անապա հովութեան ախտին մէջ կը խրեն, անկարող կը դարձնեն զաւակները իրենց ապագան որոշելու, չըսելու համար վրէժխնդիր նկարագիր մը կը գոյացնեն անոնց հոգիին մէջ։ Այս բոլոր ըսուածներէն ետք, կարելի չէ փակել ընտանեկան բոլոր հարցերն ու վտանգները, որ կը սպառնան ընտանիքին։ Մեր դիմաց ունինք.

Ամուսնալուծումը (Ապահարզանը [7])                      

«…Արդ, ինչ որԱստուած միացուց, մարդ թող չբաժնէ» (Մատթ. 19.6): 
Նախորդ էջերուն մէջ նշած էինք ապահարզանի (ամուսնալուծումի) մասին, որպէս անհաւատարմութենէ յառաջ եկած արդիւնք մը։ Սակայն իրականութեան մէջ ամուսնալուծումին դիմողները միայն վերոյիշեալ ախտին համար չէ, որ կ՛ամուսնալուծուին, այլ յաճախ ամուսնալուծւողները եսասիրութենէ տառապող անձեր են։ Անոնք, բացի հաղոր­ դակցութեան միջոցներու զոհ ըլլալը,  զոհ են նաեւ պետութիւններու եւ անոնց կառավարու­ թիւններու ընտանիքի հանդէպ ունեցած անհոգոթեան, որ ծանրապէս կ՛ազդէ ընտանիքի կայունութեան, եւ կը խախտէ, նոյնիսկ հաւատացեալ զոյգերու, որոնք կամովին կապած են իրենց կեանքը ամուսնական անքակտելի Ս. խորհուրդով։
Ամուսնալուծումը արդիւնքն է նաեւ անոնց, ովքեր   կը փնտռեն իրենց քմահաճոյքը, կամքը, ցանկութիւնը եւ ոչ անձնուիրումը, զոհողութիւնը կամ սէրը իրենց ընտանիքին՝ ամուսինին եւ զաւակներուն։ Անոնք մտահոգուած չեն ամուսնալուծումէն ետք պատահելիք աւերներուն, մանաւանդ զաւակներու կեանքին մէջ եւ անոնց հոգեբանութեան վրայ կրելիք դժբախտութիւն ներուն։ Եկեղեցին սակայն  ի հեճուկս, կարգ մը երկիրներու մէջ եւ մանաւանդ մեր հայ հասարակութեան մէջ յառաջացած եւ շատցած ամուսնալուծումը, կը նկատէ ընկերային “ցաւալի վէրք” մը (cf. Gaudium et spes, n. 47), որուն համար յատուկ կերպով կը շարունակէ իր Մայրական հոգածութիւնը անոնց հանդէպ, կը մօտենալ, կը սիրէ եւ կ՛օգնէ։ Ամուսնալուծումը մարդկութեան ցաւ մըն է, մանաւանդ անոնց որ կը տեսնեն ձախողութիւնը իրենց ամուսնական վսեմ երազներուն։ Եկեղեցին զգայուն է իր զաւակներուն հանդէպ, հետամուտ Ս. Պօղոսի խօսքին. “Խնդացէք անոնց հետ, որ կը խնդան, լացէք անոնց հետ, որ կու լան” (Պօղ. Հռոմ.12,15):               

Աղքատութիւնը                

«Երանի՜ հոգւով աղքատներուն, որովհետև անոցն է երկնքի արքայությունը» (Մատթ. 5.3):
Անտարակոյս աղքատութիւնը անախորժ վիճակ մըն է մարդու կեանքին մէջ, եւս առաւել եթէ ընտանիքի նիւթական աղքատութիւնն է հարցը։ Թող ինքնախաբէութիւն չնկատուի եթէ  Ս. Աւետարանի մէջ  առնենք  բազմաթիւ անգամներ նշուած ամոգիչ յայտարարութիւնները աղքատութեան մասին, մանաւանդ երանութիւններուն մէջ “Երանի հոգւով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է երկնքի արքայութիւնը” (Մատթ. 5,3)։ Այո տհաճելի է աղքատութիւնը։Ան յառաջ կը բերէ շատ անհամաձայնութիւններ նոյն ընտանիքի անդամներու միջեւ տարաձայնութիւններ, եւ մանաւանդ զաւակներու ապագայի կեանքին մէջ  անապահովու­ թիւն։ Ընկերային շրջանակէն ներս, ստորադաս եւ անկարեւոր դասակարգի կը վերածուի աղքատ ընտանիքը ու անոր բոլոր անհատները։ Աղքատ ընտանիքի զաւակները, ի հեճուկս անոնց զարգացումին, գիտութեան, իմաստութեան եւ գերազանց ազնուութեան, կը մնան անտեսուած, մեկու­ սացուած, արգահատանքի առարկայ։ Աղքատի մէջ բարոյական արժէքները, անիմաստ եւ անարժէք են, տեղ հասցնելու կամ իրեն կեանքը փոխելու համար։ Մէկ խօսքով Աղքատը տեղ չ՛ունի եւ ոչ իսկ լաւագոյն հոգեւորականներու մօտ։
Դաժան է աղքատութիւնը, բայց աւելի դաժան է ընկերութիւնը, որ  կը մերժէ ընդունիլ աղքատը։ Սակայն ի հեճուկս այս բոլոր ըսուածներուն, եթէ հոգւով զօրաւոր եւ ճշմարիտ սիրով տոգորուած ամուսիներ եւ զաւակներ են իրարու հետ, նիւթական պակասը չի քանդեր ամուսնութիւնը եւ ո՛չ ընտանիքը, այլ ընդհակառակը կը դառնայ աղբիւր ընտանիքի միաս­ նականութեան եւ համագործակցութեան, որոնք կ՛առաջնորդեն իրենց դէպի կեանքի յաջո­ ղութեան։

Վիժումը կամ արհեստական վիժում                        

«Մի՛սպանիր» (Ելք 20.13):
Երկու արտայայտութիւններն ալ միեւնոյն ողբերգական որդեսպանութեան  կ՛առաջնորդեն։ Երկու բառերն ալ անզէն եւ անմեղ մարդ արարածի սպանութեան քստմնելի արարքին դիմաց մեզ կը դնեն։ Երկու արտայայտութիւնները  մարդկային իրաւունքի դէմ կը մեղանչեն. Չեմ ըսեր թէ որքա նո՜վ Աստուծոյ դէմ է այս ոճիրը։ Չեմ պատմեր թէ գլխաւոր զոհը մայրն է, եւ չեմ ըսեր որքանո՜վ պիտի չարչարուի վիժողը, կեանքի ընթացքին։ Չեմ ուզեր յիշեցնել ամուսնութեան առաջին նպատակը, որդեծնութիւնն է եւ հարսը  այն երազով  կ՛ամուսնանայ եւ կը ցանկայ մայրութիւնը։ Ի՞նչպէս կարելի է բացատրել կամ արդարացնել նման ոճիր մը։ Որքանո՞վ կարելի է հասկնալ մօր մը հոգեբանութիւնը եւ դրդապատճառները որոնք զինքը կը մղեն  նման ինքնակամ   տրամադրուելու, անզէն զաւակի սպանութեան։ Անբան անասուներն անգամ չեն գործեր նման ոճիր։ Ի՜նչ դաւաճանութիւն զաւակին դէմ, ընտանիքին դէմ, ինքն իր դէմ եւ ի՜նչ դաւաճանութիւն մարդկային կեանքի իրաւունքին եւ կեանք պարգեւող Աստուծոյ դէմ։
Ժամանակին, փոքր եղած ատենը կը կարդայինք մօր սրտի նուիրուած պատմութիւն մը, որուն մէջ, զաւակը խաբուելով  թշնամիի կողմէն եւ շլանացած արտակարգ խոստումներէն, կու գայ մայրը կը սպաննէ եւ սիրտը առնելով կը տանի թշնամիին։ Աճապարանքի պահին զաւակը գետին կ՛իյնայ ու կը վիրաւորուի։ Մօր սիրտը ընդոստ կը պոռայ, վա՜յ զաւակս, զգոյշ չվիրաւորուիս։
Այսօր մայրերու սիրտը կարծես այլափոխուած է։ Ի հեճուկս սրբակեաց մայրերու, որոնք լռութեան մէջ իրենց կեանքի խաչը շալկած նուիրուած սերունդներ կը պատրաստեն, ունինք մայրեր եւ դժբախտաբար շատ են, որոնք ինքնակամ եւ նախածրագրուած, իրենց արքանդին մէջ ապահովութիւն գտած,  անպաշտպան զաւակը վիժումով կը սպաննեն. Ի՜նչ անողորմ արարք։ Երկու կաթիլ արցունքներ կը թափեն ու ապա իրենց կեանքի բնականոն ընթացքին կը վերադառնան անզգամ եւ անտարբեր։ Չենք ուզեր այս խոցելի եւ անողորմ արարքի վրայ ժամանակ վատնել պատմելու համար անոնց մասին, որոնք մէկ արհեստական վիժումով չեն բաւականար չեն  գոհանար, այլ կրկին ու կրկին վիժումներով ընթանալ, կարծես թէ իրենց մարմինները սպանդանոց դարձած ըլլային։
Մինչ այս զարհուրելի վերլուծումը կը կատարենք,մեր աչքին առջեւ ունինք մեր ազգի հարա զատ մայրերը, որոնց կ՛ուզեմ գգկուել ու սիրելով անոնց ըսել. սիրէ եւ մի Սպաններ։ Կ՛ուզեմ մեր հայ երիտասարդ մայրերուն հանդիպիլ ու սիրով անոնց ըսել. եթէ կան համաշխարհային ուժեր, կամ հզօր աթոմական ուժեր ոչինչ են, հաւատացեալ, Աստուծոյ հաւատարիմ ընտանիքի ուժին դիմաց։ Եւ դու հայ աղջիկ քու ուժդ քու մայրութեանդ եւ ընտա նիքիդ մէջ է։
Անոր համար  չենք ուզեր աւելի հեռու երթալ ու պատմել այն երկիրներուն ու պետութիւննե­   րուն մասին, որոնք կ՛աշխատին վիժումը  մարդկային իրաւունք դարձնել։ Չենք ուզեր խօսիլ անոնց մասին, որոնք կ՛աշխատին մարդկութեան գերագոյն եւ կեդրոնական ուժը՝  ընտանիքը քանդել։  Եկեղեցին, գիտակից սատանայական այս ուժերուն գոյութեան, կը մնայ հաստատ եւ անխախտ իր աստուծային բնաբաններու վրայ հիմնուած եւ կը շարունակէ պայքարիլ մարդու իրաւունքները յարգելու եւ պահպանելու համար։ Յիշատակութեան արժանի է, Միացեալ Ազգերու կողմէ հռչակուած մարդկային իրաւունքները,  10 Դեկտեմբեր 1948ին եւ որ  մարդ­ կային իրաւունքներու տիեզերական յայտարարութեան յիսնամեակի տօնակատարութեան առթիւ  կ՛ըսէր . “Ընտանիքը ընկերութեան բնական եւ հիմնական Կորիզն է” ։

ԽՐԱՏ  ԾՆՈՂԱՑ

«Ով խրատ է սիրում, նա իմաստություն է սիրում…» (Առակներ 12.1)
Եթէ տիեզերական մարդկային իրաւունքները կ՛ընդունին ընտանիքը, որպէս կորիզ մարդկային ընկերութեան, նոյնը եթէ գիտական աշխարհը զայն կ՛ընդունի, որպէս առաջին դպրոց կեանքի գիտութեան, եկեղեցին, եւս առաւել զայն կ՛անուանէ “տնային եկեղեցի”։ Եթէ ընկերաբանները ընտանիքը կը նկատեն որպէս լաւագոյն բնական օրրանը զաւակներու բնականոն աճին։ Եթէ հոգեբանները նաեւ կը նկատեն ընտանիքը իդէալ վայրը յաղթահարե լու բարդոյթները եւ հոգեկան տագնապները կեանքին։ Ինչո՞ւ մենք  հայ քրիստոնեայ ժողովուրդը, լքած պիտի մնանք  մեր սրբազան աւանդութիւնները, ինչո՞ւ պիտի մոռնանք Աստուծոյ պատուիրանները եւ Անոր խնդրանքը որ Աստուծոյ օրը սուրբ պահուի եւն…։ Ինչո՞ւ պիտի չապրինք այս սուրբ հոգեպարար պատուէրները եւ փողոց իյնկած հաւաքենք եւ ընթօրինա կենք օտար երկիրներու՝ վատ ու ժխտական սովորոյթները։
Օտար ափերու վրայ մեր զաւակաները խառնուելով տարբեր մշակոյթներուն հետ, յաճախ կը վարակուին անոնց սովորութիւններէն եւ վերադառնալով իրենց տոհմային ծննդավայրը   օտարացած կ՛անջատուին իրենց միջավայրէն ապրելու համար օտար սովորութիւն մը, մտայնութիւն մը որ չի պատկանիր իրենց ինքնութեան կամ ազգութեան։ Այս պատճառով սրտաբուխ աղաչանք մը ունինք ձեզի հայրեր, որ պարտականութիւնը առած էք պաշտպանե լու ձեր ընտանիքը վտանգներու դէմ։ Այր մարդը գլուխ ըլլալով   ընտանիքին կամ կնոջ, պարտականութիւն ունի սիրելու, ուղղելու, կրթելու եւ առաջնորդելու իր զաւակները դէպի աղբիւրը լոյսին։ Հայրեր պատասխանատուութիւն ունիք Աստուծոյ եւ ընկերութեան դիմաց հասցնել զաւակներ, առողջ հոգիով ու մարմինով, զօրաւոր կամքով հաստատ քրիստոնէական բարոյականով, ու արդարամիտ հաւասարակշիռ ապագայի անձնաւորու թիւններ։
Իսկ դուք մայրեր, ձեր պարտականութիւնները շատ աւելի ծանր ու պատասխանատու են։ Յղիութենէ սկսեալ մինչեւ ծննդաբերութիւնը, մինչեւ մանկութիւն, երիտասարդութիւն ու հասունութեան տարիք, դուք էք տուողը, դուք էք կերտողը։ Ձեր աճեցուցած զաւակները կ՛առնեն ամբողջ ձեր տուած, գուրգուրանքն ու սէրը, հոգեւորն ու բարոյականութիւնը, դաստիարակութիւնն ու գիտութիւնը։ “Պարոններ եթէ դուք կը ձանկաք կրթուած զաւակներ ստանալ անոր հարկաւոր է կրթուած մայրեր պատրաստել…Կրթութիւնը կը ստացուի ընտանիքէն ապա դպրոցէն։ Կրթուած մայրը օրօրոցէն  հարկ է որ նախապատրաստէ իր զաւակը” այսպէս կը գրէ մեր անուանի գրող Ռաֆֆի։ Ձեր դերը սիրելի մայրեր չի բաւականանար լոկ  դժուարութեան դիմաց պատնէշ կենալով, այլ ձեր կեանքը լրիւ պարտական առաքելութիւն մըն է։ Ինչպէս Մարիամ՝ աստուածամայրը խնամեց մանուկ Աստուածորդին, նոյնպէս դուք ձեր զոհողութեամբն ու անձնուիրումով, կեանք կու տաք, ուրախութիւն եւ ապահովութիւն ձեզի յանձնուած ընտանիքին ու զաւակներուն։
Մեր բանաստեղծներն ալ կը յիշեն ձեզ՝ Մայրեր, իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ։ Չկայ իշխան թէ թագաւոր,  հարուստ թէ աղքատ, ալեւոր թէ երիտասարդ, որ չխոնարհի ու յուզուի Մօր անունի դիմաց։ Մեր հայ բանաստեղծներէն չկայ մէկը որ չփառաբանած չըլլայ մօրը։ Մեր գրութիւնն անգամ պիտի  չի բաւականանար յիշատակել բոլոր հեղինակները։ Մէջբերենք սակայն  ամենհոգեպարար մօր մասին գրուած բանաստեղծութիւններէն մին[8] 
Մայրս
Մեր  յույսի դուռն է մայրս, Մեր տան մատուռն է մայրս, Մեր օրօրոցն է մայրս, Մեր տան ամրոցն է մայրս,
Մեր հերն ու մերն է մայրս, Մեր ճորտն ու տէրն է մայրս, Մեր տան անտունն է մայրս, Մեր արծուաբունն է մայրս,
Մեր տան ծառան է մայրս, Մեր տան արքան է մայրս, Մեր տան անճարն է մայրս, Մեր դեղ ու ճարն է մայրս,
Մեր տան աղբիւրն է մայրս, Մեր ծարավւ քոյրն է մայրս, Մեր տան անքունն է մայրս, Մեր անուշ քունն է մայրս,
Մեր տան ճրագն է մայրս, Մեր արեգակն է մայրս: Մայրս, մեր հացն է մայրս, Մեր տան աստուածն է մայրս:
Չենք ուզեր որեւէ մէկը դատել կամ դատապարտել կեանքի ընթացքին գործած սխալներուն կամ մեղքերուն համար, ամէնքս ալ մեղանչական ենք, ամէնքս ալ կը կարօտինք Աստուծոյ օրհնութեան ու մեր մեղքերու քաւութեան թողութեան։ Սակայն բնական իրաւունք է ուզել տեսնել ձեր մէջ այն քաջութիւնն ու հաստատ կամքը վերականքնելու ու բաց երկնքի անհունութեան մէջ սլանալու, ինչպէս կապեանները (Ջայ կամ Ջայկա), բոյնէն չթռչած նախ կը թեւածեն գետնի վրայ, ապա կը թռչին իրենց ծնողներուն հետ դէպի անսահման տարածքները երկնքի։ Մենք ալ կապիաններու նման մարզենք հոգեւոր մեր թեւերը սլանալու սրբութեան երկնային ճանապարհներով, մեր ընտանիքի հարազատներուն հետ, որոնք մեզի տուին կեանք եւ բարոյական, որոնք մեզի ջամբեցին հոգեւոր պաշարը մեր կեանքին։ Այն օրը, որ ընտանեկան կեանքը ընտրեցիք, դրական պատասխանը տուիք Աստուծոյ, ծնողական ձեր յատուկ կոչումը ընդունեցաք, որ պատասխանատու է և Աստուծոյ պարգևն է: Անոր համար ալ Աստվածաշունչի Առակներուն գիրքը  կը խրատէ զաւակին. «Որդեակ, պահէ հօրդ օրէնքը և մի մերժեր մօրդ խրատը: Ընդունէ  անոնց հոգիիդ մեջ, մշտապես պահէ քու գլխիդ մէջ  և իբեւ մանեակ, կրէ քու պարանոցին» (Առակաց 6.20-21), ծնողական պատասխանատուութեան մեծ կոչումը եւ պատիւը:
Հայրեր, ինչպէս Ս. Պօղոս իր նամակներուն մէջ կը գրէ “Ծնողներ մի՛ զայրացնէք ձեր որդի­ ները, այլ կրթեցէք զանոնք խրատներով…որ կը ներշնչուին Տիրոջմէ” (Եփես.6. 4), նոյնպէս այսօր կ'ուզենք նոյն խրատականը յիշեցնել։ Հայրութիւնը իշխանութեան եւ հրամայողա­ կանութեան մէջ չի կայանար լոկ, եւ ո՛չ ալ խստութեան զայրոյթի եւ անհաւասարակշիռ հրամաններու մէջ։ Հայրութիւնը կը կայանայ զոհողութեան, ներողամտութեան եւ նուիրումի հոգիի մէջ ինչպէս Ս. Պօղոս կ՛ըսէ "Ամուսիններ սիրեցէք ձեր կիները ինչպէս Քրիստոս սիրեց Եկեղեցին եւ իր անձը զոհեց անոր համար" (Եփես. 5. 25): Այո Քրիստոս իր անձը նուիրեց եկեղեցիին մինչեւ իր կեանքին վերջը՝ մինչեւ խաչին վրայ զոհուելով։ Հաւատարիմ մնաց անոր, խնամեց զայն իր Ս.  Արիւնով եւ կը խնամէ  եւ կը պահէ իր Ս. Մարմնով. “որ արեամբդ քո զմեզ ստացար եւ մարմնովդ կերակրես”, այսպէս կ՛աղօթենք Ս. Հաղորդութեան երկրպագութեան ընթացքին[9]։ Դուք ալ քսան մէկերորդ դարու հայրեր հաւատարմութեամբ շարունակեցէք այն ինչ որ մեզի աւանդուեցաւ Ս. Գրքերու, եւ մեր Ս. Հայրերու ու տոհմային աւանդութիւններու միջոցաւ։
հայրեր ձեր կոչումը ազնիւ եւ սուրբ է։  Հարուստ է եւ պատուական, նա Ս. Պսակի խորհուրդով դաշինք մըն է կնքուած Աստուծոյ եւ իրարու հետ, պահելու եւ ի գին ամէն դժուարութեան, պաշտպանելու ձեզի յանձնուած ընտանիքը։ Ձեր խնամքին ու սիրոյն յանձնուած է ընտանիքը, որ հաւատարմութեամբ առաջնորդէք, այնպէս ինչպէս Ս. Յովսէփ աստուածահայրը՝ այս աշխարհին մէջ, խոնարհութեամբ, սրբութեամբ եւ սիրով զայն կատարեց։

ՁՕՆ Ս. ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ եւ մաղթանք վասն Հայ ընտանիքին

Յետ ալեկոծ ընտանիքի խաւերը քննելէ եւ անոր կոչումը  ճանչնալէ ետք, տեսանք անոր վեհութիւնը։ Տեսանք անոր զօրութիւնը, անյաղթ նկարագիրը, ի հեճուկս ընտանեկան կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն եւ տկարութիւններուն։ 
Այս հոգեկան ապրումներով, ինքնակամ եւ ինքնավստահ քայլերով կը մօտենամ քեզի ո՜վ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամայր, որ խաչի կողքին դարձար մայր մարդկութեան։ Կը մօտենամ խոնարհութեամբ յանձնելու մեր ազգի բոլոր մայրերը եւ մայրութեան պատրաստուող մեր սիրալիր դուստրերը։  Թող որ հովանիիդ եւ պաշտպանութեանդ շուքին ներքեւ զրահուին առաքինութեամբ, հարստանան աստուածային առատ շնորհքներով, զարդարուին վսեմ եւ բարձրորակ բարոյական արժէքներով։
Իսկ դու ո՛վ Ս. Յովսէփ, պաշտպանը անպաշտպաններուն եւ առաջնորդ կորուսեալներուն, քեզի կը յանձնեմ մեր հայ ընտանիքի հայրերը, որ տպաւորուին քու համեստութեամբ, խոնարհութեամբ եւ հաւատարմութեամբդ։ Թող զօրանան քու քաջութեամբդ եւ անխոնչ աշխատասիրութեամբդ։ Պայքարին իրենց ընտանիքները պահելու, պաշտպանելու եւ ճշմարիտ ճամբու վրայ դնելու։ Աստուածահօր քու կոչումովդ ո՛վ Ս. Յովսէփ, դրոշմէ մեր հայ ազգի հայրերը, եւ թրծէ զիրենք հոգեւոր կեանքով ու հաւատարմութեամբ ի սպաս իրենց ընտանիքներուն, տիպար օրինակներ դառնալու իրենց զաւակներուն։
Վերջապէս մեր համայն ազգի զաւակները Քեզի կը յանձնեմ ո՛վ Յիսուս որ կերտես ու զարգացնենս անոնց սրտին մէջ աստուածասիրութիւնը, անկեղծութիւնը, արդարամ տութիւնը եւ քաջութիւնը վկայելու իրենց պատկանելիութեան քրիստոնեավայել կեանքով։
Այս թող ըլլայ Ս. Ընտանիքի պաշտպանութեան եւ սիրոյն մէջ խարիսխուած, Ամէն։

 

Գերաշնորհ Տէր Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեան
Տիտղոսաւոր Արքեպս.ԿապադովկեանԿեսարիոյ Հայոց Առաջնորդ
Հայաստանի, Ռուսաստանի,Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց
Գիւմրի՝ 5 Փետրուար, 2014

 

[1] Մարդկային իրաւունքներու հաստատման յիսնամեակին առթիւ Միացեալ Ազգերու սրահին մէջ։ Մարդկային իրաւունքները հաստատուած են 1948ին, դարձեալ Միացեալ Ազգերու կողմէ։ Սակայն յետագային շատ մը երկիրներ դաւաճանեցին իրենց տուած յայտարարութեան դէմ եւ աշխատեցան քանդել անոր կորիզը՝ Ընտանիքը, մէջբերելով անապահովութիւնը այս հաստատութեան։
[2] COMPENDIUM DU CATÉCHISME DE L’ÉGLISE CATHOLIQUE CHAPITRE III LES SACRE MENTS AU SERVICE DE LA COMMUNION ET DE LA MISSION 1659-1660
[3] Enchiridion della Famiglia, p. 709, 1974
[4] Gratissimam sane, Lettera alle famiglie Enchiridion della famiglia, p. 284, n 898

[5] Familiaris Consortio, 18, 63-64: n. 532ss, 666ss; EV 7/1582s. 1716s

[6] Հեկել­ Գէորգ Վիլհելն Ֆրիտրիխ 1770-1831
[7] Հովուական թուղթիս մէջ Ամուսնալուծում բառը, ապահարզանի տեղ գործածած եմ բաժանումի իմաստը բացատրելու համար։ Ամուսնալուծումը օտար լեզուներու մօտ, կը նշանակէ “Annullement, annullamento, annulation” այսինքն չեղեալ։ Այս ամուսնալուծումը կ՛ուսումնասիրուի եւ կը տրուի միայն եկեղեցական ատեանէն ներս։ Իսկ ապահարզանը “Divorce”ի կը համապատասխանէ։ Այս վերջինը եկեղեցին չի ընդունիր արտօնելու համար երկրորդ ամուսնութիւն մը. Մինչ առաջինը կարգ մը պարագաներու մէջ կ՛արտօնէ։
[8] Յովհաննէս Շիրազին. “Մայրս”
[9] Մաշտոց, Վիեննա, 1880 էջ 503, Կանոն օրհնութեան Կենարար Խորհրդոյ Ս. Հաղորդութեան։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ