Ուրբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2012 - ՀՀ նախագահին շնորհակալական նամակը Հոգեւոր Տիրոջ

Պէյրութ

Հինգշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2012-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը նամակ մը ստացաւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ պրն. Սերժ Սարգսեանէն։ Նամակին մէջ, նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հոգեւոր Տիրոջ հանդիսաւոր ընդունելութեան համար Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ, 27 նոյեմբերին։ Նախագահը կը նշէ թէ հայ կաթողիկէ Եկեղեցին հաւատարիմ կը մնայ իր ազգային սրբազան առաքելութեան՝ հայապահպանումին սփիւռքի տարածքին։ Ան բարձր կը գնահատէ Լիբանանի հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան վսեմ առաքելութիւնը, պահպանելու եւ փոխանցելու հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգուած արժէքները, մասնայատուկ անդրադառնալով Զմմառու հնադարեան պատմական ու ազգային արժէքին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ