Չորեքշաբթի, 5 Փետրուար 2014 - Ռոտնի Տաքէսեան՝ Դատաւոր
Պէյրութ

22 Յունուար 2014-ին յաջողութեամբ անցնելէ ետք նոր դատաւորներու ընդունման քննութիւնը Լիբանանի Արդարադատութեան Գերագոյն Խորհուրդը ներկայացնող դատակազմին առջեւ,  իրաւագիտութեան դոկտոր եւ ցեղասպանագէտ  Ռոտնի Տաքէսեան 30 Յունուար 2014-ին պաշտօնապէս նշանակուեցաւ Դատաւոր։

Նշենք որ նորանշանակ երիտասարդ դատաւորը իրաւագիտութեան դոկտորայի վկայականը Շատ Պատուաւոր յիշատակութեամբ ստացած է Լիոնի (Ֆրանսա)  Ժան Մուլէն Համալսարանի Իրաւագիտութեան Դոկտորական  Կաճառէն, Փրոֆեսէօր Էմիլ Ֆրանսուա Գալլոյի նախագահութեամբ կազմուած  դատակազմին առջեւ փայլուն կերպով պաշտպանելով  իր «1915-ին Հայոց դէմ իրագործուած կոտորածի իրաւական հետեւանքները եւ անոնց լուծման հնարաւոր  դատական եւ արտադատական եղանակները» խորագրեալ թէզը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Անոր  աշխատասիրութիւնը, որ առանձին հատորով հրատարակուեցաւ Լիբանանի մէջ,  արժանացած էր  Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Գիտութեան Զարգացման Հիմնադրամին, Համաշխարհային Հայկական Գոնկրէսին եւ Ռուսաստանի Հայերու Միութեան կողմէ,  Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ կազմակերպուած եւ մինչեւ 35 տարեկան երիտասարդ գիտնականներու վերապահուած «Լաւագոյն Գիտական Աշխատանք» 2013-ի մրցոյթին «Սոցիոլոգիայի եւ Իրաւագիտութեան» առաջին մրցանակին։ Գիրքին շնորհահանդէսը հանդիսաւորապէս տեղի ունեցաւ 17 Մայիս 2013-ին, Պէյրութի Իրաւաբանի Տան հանդիսասրահին մէջ նախագահութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանին եւ ներկայութեամբ Իրաւաբաններու Կարգի նախագահին։ Այնուհետեւ, Լիբանանի  «Ալ Մաժալլաթ Ալ Քատաիյաթ» պարբերաթերթը բազմիցս անդրադարցաւ Ռոտնի Տաքէսեանի գիրքին եւ հրատարակեց անոր յօդուածները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի armeniancatholic.org պաշտօնական կայքի խմբագրութիւնը եւ աշխատակազմը ջերմօրէն կը շնորհաւորեն Դոկտոր Ռոտնի Տաքէսեանը եւ անոր կը մաղթեն յարաճուն յաջողութիւններ եւ աշխատանք ի խնդիր Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտումին եւ Հայոց իրաւունքներու վերականգնումին։
 

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ