Հինգշաբթի, 26 Մարտ 2009 - Միջինքի Ս. Պարատագ Պոլսոյ Ս. Յովհան Ոսկեբերան Եկեղեցւոյ Մէջ

Պ
 
ոլիս, Թուրքիա
 

Թագսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Արհի. Յովհաննէս արք. Չոլաքեանի, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Մեծ Պահոց Միջինքը: Ս. Պատարագը մատուցեց Արհի. Գէորգ արք. Խազումեան, առընթերակայութեամբ տէր Հայկարամ քհնյ. Չէքիճեանի: Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց տեղւոյն թեմական երգչախումբը:

Պատարագի աւարտին, ներկաները հրաւիրուեցան Միջինքի ճաշկերոյթի, Թագսիմի Հիլ պանդոկի վերնայարկի սրահին մէջ, որ իր եռակողմանի սքանչելի համայնապատկերով առաջին հերթին կը գրաւէր հրաւիրեալները:

Ճաշկերոյթին մասնակցութիւն բերին Արհի. Չոլաքեան եւ Խազումեան գերապայծառը, իրենց կողքին ունենալով եկեղեցւոյ վաստակաշատ դպիրներ՝ Ճորճի Սուլթանօղլուն եւ Վահէ Լուսարարը, նաեւ թաղականներէն՝ Սերովբէ Չուպուքէրեանն ու Ժիլպէռ Անանը:

 
Սրահը զարդարուած էր շքեղօրէն եւ տիկնանց յանձնախումբը ըրած էր իր առաւելագոյն կարելին ներկաները պատշաճ կերպով հիւրասիրելու
 
համար:
Բացման խօսքը արտասանեց տիկնանց կազմի ատենապետուհի՝ Մէրի Միմար, որ կարճ ուղերձ մը կարդաց, ողջունելով ներկաները, ապա նուէրներ յանձնեց Ճորճի Սուլթանօղլու եւ Վահէ Լուսարար դպիրներուն, որոնք 50-60 տարիներ շարունակ ծառայած են կաթողիկէ եկեղեցւոյ: Նուէրներու տուչութենէն ետք, Խազումեան գերապայծառը, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք եկեղեցիի ծառայութեամբ, օժանդակ յանձնախումբերու մաս կազմելով, իրենց նպաստը կը բերեն աւանդական եւ տոհմիկ ապրումներու:

Այս առիթով կատարուեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը եւ բախտաւորներ ստացան արժէքաւոր նուէրներ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ