ԵԳԻՊՏՈՍ

ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻՈՅ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱՅՆՔԸ

Դիւանական տուեալներուն համաձայն, 1730 թ., Կղեմէս ԺԲ. Քահանայապետը յորդորած է հալէպի առաջնորդ Աբրահամ Եպս. Արծիւեանը, որ Եգիպտոսի կաթողիկէ հայերու հոգեւոր կարիքներով ալ զբաղի:

1734 թ., Հալէպի կաթողիկէ հայերը միաձայնութեամբ կ’որոշեն իրենց յատուկ կաթողիկոս մը ունենալ եւ առանձին հասարակութիւն կազմել. խորհրդակցաբար, կաթողիկոս կ’ընտրեն Աբրահամ Եպս.ը որ այդ ժամանակ Լիբանանի Քրէյմի վանքը կը գտնուէր:

Այդ ժամանակները, Եգիպտոս բնակող կաթողիկէ հայերը բաղկացած էին շուրջ քառասուն ընտանիքէ, կազմած էին ուրոյն հասարակութիւն մը՝ իրենց առանձին քահանայով, իրենց հոգեւոր պահանջներուն համար:

Եգիպտոսի կաթողիկէ հայերը առաջնորդելու համար, Աբրահամ-Պետրոս Ա. 1743-ին ղրկած է Յովսէփ Վրդ.ը, 1744-ին՝ Մատթէոս Վրդ.ը, 1745-ին Գէորգ Վրդ. Միքմէլճեանը,1746-ին՝ Գաբրիէլ Վրդ.ը, 1749-ին՝ Գէորգ Վրդ.ը, եւ Քրէյմի վանքին կառուցման հանգանակութիւն կատարելու համար՝ Յովսէփ Եպս.ը:

1801 թ., Նափոլէոն Պոնափարթի գրաւեալ ֆրանսական բանակին 40.000 զօրքի մեկնումէն ետք, Գահիրէի կառավարիչը՝ Նասիփ փաշա ֆրանսացիներէն վրէժ լուծելու նպատակով՝ իր զինուորներուն կը հրահանգէ անխնայ ջարդել քաղաքին մէջ գտնուած բոլոր քրիստոնեաները: Այս աղիտալի սրածութենէն ազատած հայ կաթողիկէ ժողովուրդը՝ բնակութիւն կը հաստատէ Հին Գահիրէ, որ ընդհանուր կոտորածներէն զերծ մնացած շրջան մըն էր. անոնց ապաստանարանը կ’ըլլայ՝ իր անմատչելի դիրքով եւ անառիկ ամրութեամբ, յոյներուն Ս. Գէորգ վանքը:

Երկրին խառնակ եւ շփոթ վիճակը կը պարզուի՝ երբ կառավարութեան ղեկը ձեռք կ’առնէ ալպանացի Մոհամմէտ Ալի փաշա, եւ 1811 թ. մամլուքներու բնաջնջումով, կը վերահաստատէ խաղաղութիւնը երկրին մէջ, միաժամանակ կը ձեռնարկէ ժողովուրդը խաղաղ պահելու գործին:

1820 թ. սկսեալ, հայ կաթողիկէ կաթողիկոսները քաղաքական այս բարւոքումէն քաջալերուած, Լիբանանէն Եգիպտոս կը ղրկեն անձնուէր քահանաներ՝ որոնք ժողովուրդին հաստատուն կացութիւն տալու մտահոգութեամբ, հետամուտ կ’ըլլան Հին Գահիրէի մէջ գնելու յարմար հողամաս մը՝ վրան եկեղեցի կառուցելու ջանադրութեամբ:

Սեփական աղօթատեղի չունենալով, Գահիրէի համայնքի հաւատացեալները իրենց հոգեւոր պաշտամունքը կը կատարէին լատիններու եկեղեցին, եւ ննջեցեալները կը թաղուէին անոնց գերեզմաննոցը:

Համայնքին կողմէ՝ սեփական եկեղեցի ունենալու բոլոր փորձերը ի զուր կ’անցնին, մինչեւ որ Ագշէհիրլեան Եպս.ին ջանքերով կը վարձուի տուն մը՝ որ յարմարութիւն ունէր թէ փոքրիկ մատուռ մը հաստատելու, եւ թէ քահանայի մը բնակութեան համար: Աղեքսանդրիոյ առաջին մատուռը նուիրուած է Ս. Աստուածածնի Անարատ Յղութեան 1890 թուականին: 1894 թ. այս մատուռը կը քանդուի եւ Խալիլ Խայեաթ փաշայի նուիրատուութեամբ կը կառուցուի նոր եկեղեցի մը եւ կը նուիրուի Սուրբ Աստուածածնի Անարատ Յղութեան: 1899 Յունուար 6-ին, բազմաթիւ դժուարութիւններէ ետք, Աղեքսանդրիոյ հայերը կ’ունենան իրենց սեփական գերեզմաննոցն ալ:


ՆՈՒԻՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅԵՐՈՒ

Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութիւնը կը հաստատուի Գրիգոր-Պետրոս Ը. Կաթողիկոսին կողմէ՝ տեղւոյն ազգայիններուն թախանձանքով:

Լիբանանի Զմմառ վանքին մէջ, 1849 Օգոստոս 26-ին, Եգիպտոսի վիճակին եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի Բարսեղ Վրդ. Աքթարեանը՝ Պօղոս անուանակոչութեամբ: Ան՝ իր արդիւնաշատ կեանքը կը կնքէ 1866 Յունիս 2-ին, քսանեօթը տարի անխոնջ եւ նուիրեալ ծառայելէ ետք իր հօտին:

Որպէս կաթողիկոսական հողամաս, նուիրապետութիւնը կը հաստատուի Հռոմի Ս. Աթոռին կողմէ՝ 1867 թ., իբր ուրույն թեմ:


ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ

  • Արհի. Տ. Բառնաբաս Եպս. Ագշէհիրլեան 1886-1898:
  • Պօղոս Վրդ. Սապպաղեան, իբր Պատրիարքական Փոխանորդ 1898-1901:
  • Արհի. Տ. Պօղոս Եպս. Սապպաղեան 1901-1904:
  • Արհի. Տ. Սերովբէ Եպս. Դաւթեան իբր Պատրիարքական Փոխանորդ 1904-1907:
  • Արհի. Տ. Պետրոս Եպս. Գոյունեան 1907-1911:
  • Արհի. Տ. Յովհան Եպս. Գուզեան 1911-1933:
  • Արհի. Տ. Յակոբ Արքեպս. Նեսիմեան 1933-1960:
  • Արհի. Տ. Ռափայէլ Եպս. Պայեան 1960-1989:
  • Պետրոս Վրդ. Թարմունի, Պատրիարքական Կառավարիչ 1989-1990:
  • Արհի. Տ. Պետրոս Եպս. Թարմունի 1990-1999:
  • Գեր. Մխիթար Քարեմ Վրդ. Պօղոսեան, Պատրիարքական Կառավարիչ 1999-2004.
  • Արհի. Տ. Գրիգոր Օգոստինոս Եպս. Գուսան 2004-


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ