Երկուշաբթի, 20 Յունուար 2014 - Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը կը նշանակէ 19 նոր կարդինալներ

Վատիկան

Կիրակի, 12 յունուար 2014, Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց անունները այն 19 հոգեւոր առաջնորդներուն, որոնք կարդինալական աստիճան պիտի ստանան յառաջիկայ 22 Փետրուարին, Սուրբ Պետրոս Առաքեալի գահի տօնին։

Նորանշանակ կարդինալներէն մասնաւորաբար չորսը ներկայիս բարձրաստիճան պաշտօններ կը վարեն արդէն Վատիկանի մէջ։ Անոնք են Վատիկանի պետքարտուղար Փիեթրօ Փարոլին արքեպիսկոպոսը, Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի  ընդհանուր քարտուղար Լորենզօ  Պալտիսերի արքեպիսկոպոսը, Հաւատքի Վարդապետութեան առաքելական խորհուրդի նախագահ Կերհարտ Միւլլեր արքեպիսկոպոսը եւ Քահանայութեան առաքելական խորհուրդի նախագահ Պենիամինօ Սթելլա։ 12-ը՝  իրենց պաշտօնավայրերուն մէջ ծառայող եպիսկոպոսներ են։ Պապը յայտարարեց որ երեք եպիսկոպոսներ ալ կարդինալական աստիճանին պիտի բարձրացուին եւ մաս պիտի կազմեն Կալդինալներու Ժողովին՝ Եկեղեցիէն ներս իրենց մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն համար, հակառակ անոր որ անոնք 80 տարեկանը բոլորած են, հետեւաբար չեն կրնար մասնակցիլ պապական ընտրութիւններու։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ