Երեքշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2009 - Հայագիտական Սեմինար

ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՆԻՒԹԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ-ՄԵԹՈՏԱԲԱՆԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐ

Պէյրութ, Լիբանան


Կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւններուն, կիրակի, 25 հոկտեմբեր 2009-ին, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, «Յ. Ֆարաճեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչներու մանկավարժական-մեթոտաբանական միօրեայ սեմինար՝ ներկայութեամբ վարժարաններու տնօրէններուն, կրթական պատասխանատուներուն եւ ուսուցիչներուն:

Զոյգ վարժարաններու հայագիտական դասանիւթերու համադրող Րաֆֆի Տեմիրճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք խօսք առաւ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ այս սեմինարը կարեւոր իրադարձութիւն մըն է, քանի որ հայագիտական դասանիւթերը հայ դպրոցի առաքելութեան հիմնական առանցքները կը կազմեն: Ան յայտնեց, որ յառաջիկային բազմատեսակ նախաձեռնութիւններ պիտի իրականան, որպէսզի հայ աշակերտը իրողապէս սիրէ իր մայրենի լեզուն եւ իր ժողովուրդին պատմութիւնը:

Իսկ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան ըսաւ, թէ միօրեայ սեմինարին կայացումը արտայայտութիւնն է հայեցի դաստիարակութեան գծով գոյութիւն ունեցող մտահոգութիւններուն եւ այլ դիտակէտէ՝ պատկերը բարելաւելու յանձնառութեան: Պոյաճեան նշեց, որ հայագիտական դասանիւթերը աշակերտներուն համար պէտք է ըլլան հաճելի պահեր եւ ազգային դաստիարակութեան միջոցներ:

Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի վարիչ Վարդան Թաշճեան՝ անդրադառնալով գրասենեակին աշխատանքներուն, ներկայացուց «Իմ հայոց պատմութիւնս» աշակերտական ուսումնասիրութիւններու կայքէջին ծրագիրը:

Օրուան առաջին զեկուցումը կը կրէր «Հայերէնի կարեւորութիւնն ու արժէքը» նիւթը, զոր ներկայացուց Պօղոս Սնապեան: Ան հաստատեց, թէ եթէ ուսուցիչը իր նիւթին շուրջ ունենայ պաշտամունք, ապա բոլոր դժուարութիւններն ու հարցերը լուծուած կ’ըլլան: Սնապեան նշեց, որ մեծ պարտականութիւն ունին Լիբանանի մէջ հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչները, որոնց համար ուսուցչութիւնը պէտք չէ ըլլայ պաշտօն, այլ՝ ազգային ոգի:

Արմէն Իւրնեշլեան խօսեցաւ հայոց պատմութեան կարեւորութեան ու արժէքին մասին: Ան նշեց, որ ուսուցիչը պէտք է ունենայ գործին կարեւորութեան գիտակցութիւնը՝ միշտ ամրապնդելով եւ զարգացնելով իր գիտելիքները: Ան յայտնեց, որ հայոց պատմութեան դասանիւթը կը միտի փոխանցել անհրաժեշտ գիտելիքներ, ազ$ային դաստիարակութիւն, համամարդկային քաղաքական միտքի զարգացում եւ քննադատական մտածելակերպի քաջալերում:

Սեմինարին երրորդ զեկուցաբերն էր Արփի Համբարեան, որ ներկայացուց հայերէնի դասաւանդման եղանակները: Ան նշեց, որ ուսուցիչը կարճ ժամանակի ընթացքին պէտք է կազմակերպուած կերպով շատ գիտելիքներ փոխանցէ աշակերտներուն: Համբարեան յայտնեց, որ ուսուցիչ-աշակերտ կապը պէտք է ըլլայ անկեղծ, առողջ ու բնականոն: Արփի Համբարեան գործնական աշխատանքներով նաեւ խօսեցաւ եղանակներուն, աշխատելաձեւին, գրական գործերուն ու ծրագիրներուն մասին:

Ճաշի դադարէն ետք Գոհար Գանտահարեան զեկուցեց հայոց պատմութեան դասաւանդման եղանակներուն մասին: Ան ըսաւ, թէ հայոց պատմութիւնը պէտք է հետեւի ընդհանուր պատմութեան հմտութիւններուն՝ անշուշտ շեշտը դնելով ազ$ային դիմագիծի ամրապնդումին եւ ինքնութեան հաստատումին վրայ: Թուարկելով ու բացատրելով հայոց պատմութեան դասաւանդման կարեւորութիւնը՝ Գանտահարեան յայտնեց, որ պատմութիւնը միջոց է զարգացնելու աշակերտներուն քննական միտքը: Դասաւանդման եղանակներուն մասին զեկուցումներուն զուգահեռ նաեւ տեղի ունեցան խմբական գործնական աշխատանքներ եւ զրոյց:

Միօրեայ սեմինարի վերջին զեկուցումին նիւթն էր «Համադրող-ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւնները». զեկուցումը ներկայացուց Շաղիկ Խիւտավերտեան: Ան ըսաւ, թէ համադրողը դասանիւթին կամ բաժինին ակադեմական առաջնորդն է, դասանիւթի ծրագիրի փոխանցման եւ կիրարկման հսկողն ու զանոնք տնօրինողն է եւ ուսուցանելու-սորվելու ընթացքը կարգաւորողն է: Խիւտավերտեան նշեց, որ այս յարաբերութիւնները կը նպատակադրեն ապահովել բարձրորակ ուսուցանելու-սորվելու գործընթաց, բարելաւել աշակերտներու ուսման մակարդակն ու իրագործումները, օ$տագործել ընձեռուած կարելիութիւնները եւ ղեկավարել մասնագիտականօրէն եւ արհեստագիտականօրէն:

Սեմինարի աւարտին խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի հայագիտական դասանիւթերու համադրող Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ ներկայացնելէ ետք դպրոցներու միամեայ գործունէութեան ռազմավարութիւնը, հաստատեց, թէ այս սեմինարը առաջինն է, բայց ոչ վերջինը, եւ յառաջիկային պիտի իրականան այլ նախաձեռնութիւններ՝ իրականացնելու համար ճշդուած նպատակներն ու հեռանկարները: Բարեկարգման ու զարգացման ծրա$իրներուն մասին խօսելէ ետք, Տեմիրճեան կոչ ուղղեց ներկաներուն գործակցութեան բարձր ոգիով կատարելու վստահուած պարտականութիւնները՝ ապահովելու համար նոր սերունդին ազգային ու առողջ հայեցի դաստիարակութիւնը: Միօրեայ սեմինարը փակուեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 5.00-ին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ