Ուրբաթ, 9 Յունուար 2015 - Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան ծիսակատարումը Սուրբ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ

 

Պէյրութ

Երեքշաբթի, Յունուարի 6-ին,  Սուրբ Կուսին Աւետման եկեղեցիին մէջ, Ժէիթաուի,  տեղի ունեցաւ Աստուածայայտնութեան եւ Յիսուս Քրիստոսի Մկրտութեան ծիսակատարումը։ Համապատարագեցին արհիապատիւ Տէր Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեան եւ Տէր Կարապետ քահանայ Թադէոսեան։ Երգեցողութիւնը կատարեց  Կիլիկիա երգչախումբը։
Յընթացս Սուրբ Պատարագին,  գերապայծառ Պաթագեան՝ արարողութեանց մասնակցող հաւատացեալներուն ուղղեց օրուան խորհուրդէն թելադրուած իր պատգամը, ուր ան շեշտեց յատկապէս  խոնարհութեան օրինակը զոր Յիսուս ուզեց տալ մկրտուելով,
միաժամանակ ապացոյցը տալով  մարդկային ճակատագիրը լիովին բաժնելու Իր կամքին։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ