Երկուշաբթի, 16 Փետրուար 2015 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Հռոմ մեկնեցաւ

 

Պէյրութ

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Հռոմ մեկնեցաւ այսօր 16 փետրուար 2015-ին եւ կը վերադառնայ իր նստավայրը՝ Պէյրութ 7 մարտ-ին: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ամսուն 17-ին պիտի մասնակցի Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու պետերուն հետ ժողովի մը, նախագահութեամբ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու ժողովի նախագահ կարդինալ Սանտրիի: Ապա Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսը բացառիկ նիստեր պիտի գումարէ Հռոմի մէջ, 26 փետրուարէն սկսեալ, որպէս նիւթ ունենալով «Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրավիճակը երէկ, այսօր եւ վաղը»:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ