Կիրակի, 26 Սեպտեմբեր 2010 - հայր Նշան արք. Գարաքէհէեանի քահանայական յիսամեայ տարեդարձը

 

Իրան

 

Արհիապատիւ հայր Նշան արք. Գարաքէհէեան տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս Ատանայի եւ առաջնորդ Յունաստանիայս տարի կը տօնէ իր քահանայական յիսամեայ տարեդարձը: Քահանայական ոսկեայ յոբելեանիդ այս առիթով սրբազան քահանայապետը անկեղծ բարեացակամ մաղթանքները կը ներկայացնէ վկայագիրով մը:  Կայքէջիս տնօրէնութիւնն ալ իր կարգին կը մաղթէ առողջութիւն սիրելի գերապայծառին: Ահա քահանայապետական օրհնութեան գիրը.

 

Պատուական Եղբօր

Նշան Գարաքէհէեանին

Տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոս Ատանայի Հայոց

Նոյնպէս Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց, Առաքելական Կառավարիչ

 

 

Սքանչելի եւ իւրայատուկ կեանքիդ հանգրուանը, Պատուական Եղբայր, որ ցնծութեամբ պիտի տօնես, Քահանայութեանդ յիսամեայ տարեդարձին առիթով՝ յիշելով օրը երբ Քրիստոս հոգիիդ մէջ դրոշմեց յաւիտենական Քահանայութեան կնիքը եւ քեզ կարգեց Աստուծոյ պաշտօնեայ եւ խորհուրդներուն բաշխող (տես. Ա.Կոր 4,1)։ Մենք եւս, այս գրութեամբ կը փափաքինք Մեր բարեացակամութիւնը եւ ուրախութիւնը քեզի արտայայտել, եւս այս ուրախալի հանդիսութեան քու կատարած բոլոր առաքելական վաստակիդ եւ բազմաթիւ վայրերու մէջ եւ հաւատացեալներու սիրայօժար շնորհաւորել։

Աստուծմէ կոչուած, Քրիստոսի Աստուածային Վարդապետին հետեւելու, եւ յաջողութեամբ աւարտելէ յետոյ դասընթացքները, 2 Յուլիս 1960ին քահանայական կարգին բարձրացար։ Յաջողութեամբ կատարած բոլոր քեզի յանձնուած վարչական եւ հովուական պաշտօնները, յատուկէն Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալներուն հոգեւոր օգուտին համար՝ Եգիպտոս, Լիբանան, Յունաստան, Ֆրանսա, Ամերիկա, ինչպէս նաեւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան մօտ։

1992-ին, նշանակուեցար Յունաստանի Վիճակաւոր Հայ Կաթողիկէներուն։ Նոր հազարամեակին՝ կարգուեցար Եպիսկոպոս Իսպահանի Հայոց։ Յետոյ, մօտ վերջին հինգ տարիներուն՝ անուանուեցար Տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոս Ատանայի Հայոց եւ Վիճակաւոր Արեւելեան Եւրոպայի Հայոց, պաշտօն մը որմէ վերջերս հրաժարեցար յառաջացած տարիքիդ բերումով, պահելով հանդերձ նախապէս քեզի յանձնուած համայնքներու վարչութիւնը։

Կը դրուատենք քու ուղիղ կեցուածքդ հաւատքի վարդապետութեան մասին ամենուրեք, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ եւ անկեղծ գնահատաութիւնդ Քրիստոսի Փոխանորդին հանդէպ։ Չենք ուզեր անտեսել սուրբ Աւետարանը քարոզելու համար կատարած ուսումդ եւ հոգածութիւնդ հանդէպ ընտանիքներուն եւ կարօտեալներուն։

Այս քիչ բաները զոր յիշեցինք եւ ուրիշ շատեր, որոնք Աստուծոյ ծանօթ են՝ արդար պատճառ կը հանդիսանան ուրախութեան եւ երախտագիտութեան, յատկապէս քու այսօրուայ ուրախ տարեդարձիդ առիթով։ Արդարեւ, Աստուած, որ «Իր շնորհքին անսպառ հարստութիւնը, իր բարութեամբ մեզի հանդէպ՝ Յիսուս քրիստոսի միջոցաւ» (Եփ 2,7) միշտ կը սփռէ, թող Անարատ Կուսի Մարիամու մայրական բարեխօսութեամբ քեզի շնորհէ առատ մխիթարանք եւ հոգւոյ ու մարմնոյ կորով։

Ուստի ընդունէ, Պատուական Եղբայր, Քահանայական ոսկեայ յոբելեանիդ առիթով այս անկեղծ բարեացակամ վկայագիրը եւ անոր հետ միասին կը շնորհենք մեր Առաքելական Օրհնութեան, որպէս հաւաստիք երկնային շնորհքներուն, որ, նախ քեզի, ապա հոգատարութեանդ յանձնուած հաւատացեալներուն, գործակիցներուն եւ ամէն անոնց որոնք հովուական խնամքիդ յանձնուած են։

 

Տրուած Վատիկանի Ապարանքէն, 7 Յուլիս 2010

Մեր Քահանայապետութեան վեցերորդ տարին։

 

Բենեդիկտոս ԺԶ.

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ