Շաբաթ, 22 Մայիս 2010 - Հ.Կ. Մեսրոպեան վարժարանի վկայականաց բաշխման հանդէս


Պէյրութ, Լիբանան

Երեքշաբթի, 18 Մայիս 2010-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրաոյն վարժարանի շրջափակը հաւաքուած հոծ բազմութիւնը եկած էր մասնակցելու 2009-2010 ուսումնական տարեշրջանի Հայ Կաթողիկէ Բարձրագոյն եւ Արուեստից վարժարաններու աւարտականներու վկայականաց բաշխման հանդիսաւոր արարողութեան: Օրուան պատուաւոր նախագահն էր Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Աշոտ Քոչարեան, որ սակայն բանաւոր պատճառով կը բացակայէր հանդէսէն: Անոր փոխարէն ներկայ էր դեսպանատան առաջին քարտուղար՝ պարոն Վարդան Ադամեան:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէն յետոյ խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն՝ պարոն Կրէկուար Գալուստ: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հրճուանքի, հպարտութեան եւ գոհունակութեան արդար իրաւունքը նախ եւ առաջ կը պատկանի ձեզի՝ սիրելի ծնողներ, որովհետեւ ի գին մեծ զոհողութիւններու եւ զրկանքներու, ձեր հանգիստին եւ նոյնիսկ առողջութեան հաշուին եւ ի հեճուկս կեանքի օրէ օր բազմացող դժուարութիւններուն, ձեր զաւակները բերիք, հասցուցիք ահա այստեղ՝ վաւերական կնիք մը շնորհելով տարիներ տեւած անոնց ուսումնառութեան: Պատիւ ձեզի եւ բիւր յարգանք՝ հայ դպրոցին հանդէպ անխախտ հաւատքին, ազգային գիտակցութեան եւ հայկականութեան հաւատարիմ մնալուն համար»: Այնուհետեւ, շարունակելով եւ խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, պարոն տնօրէնը ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ ձեզի ուսումնառութեան այս հանգրուանի աւարտին եւ Մեսրոպեանի վկայականին արժանանալուն առիթով: Այսօր դուք ոչ թէ վերջակէտ կը դնէք ձեր ուսումնառութեան, այլ ընդամէնը պարբերութիւն մը աւարտած՝ կը գտնուիք ձեր կեանքի գիրքը աւելի հարուստ, աւելի բովանդակալից ու աւելի պայծառ էջերով շարունակելու սկզբնակէտին: Այս բեմին վրայ վարագոյրը պիտի իջնէ միմիայն որպէսզի անոր ընդմէջէն նոր դուռ մը բացուի ձեր առջեւ՝ դէպի նոր ու աւելի բարձր բեմեր տանող: Հաւատացած եմ, որ այս հանդիսութեան աւարտին դուք յուզումով վար պիտի իջնէք այս աստիճաններէն եւ խռովալից ապրումներով դուրս պիտի գաք այս դպրոցի դարպասներէն, բայց նոյնքան վստահ եմ, որ քաջութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ պիտի ուղղուիք դէպի աւելի լայն դարպասներ՝ յաղթականօրէն նուաճելու համար աւելի բարձր աստիճաններ»:
Իր խօսքի աւարտին, վարժարանի տնօրէնը կատարեց վկայագիրերու տուուչութիւն: Այս մէկը անցեալ տարուընէ սկսեալ վերածուեցաւ աւանդութեան վարժարանին համար: Պր. Գալուստ, ընկերակցութեամբ Մեսրոպեանի Նախկին Սաներու Միութեան ատենապետ բժիշկ Կոստան Եափուճեանի,  վկայագիր յանձնեց աւարտական դասարանի հայերէն նիւթերու մէջ ամենաբարձր միջին ապահոված աշակերտուհի՝ Անի Դարբինեանին: Ինչպէս նաեւ տնօրէնը յայտարարեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի սահմանած մրցանակին մասին, որ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով պիտի տրուէր աւարտական դասարանի գիտական եւ գրական զոյգ բաժիններու ամենաբարձր ընդհանուր միջինը ապահոված աշակերտներուն: Այս առթիւ պարգեւատրուեցան աշակերտներ Գարին Ֆերմանեան եւ Մարիա Չէօլմէքեան: Այնուհետեւ բեմը տրուեցաւ աւարտականներուն, որոնք իրենց յայտագիրը սկսան «Հաւատքի Երգ» խմբերգով, որմէ յետոյ աշակերտութեան անունով հայերէն խօսքը կարդաց Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի ուսանողուհի Թամար Սարգիսեան: Ան ըսաւ. «Այսօր կը վկայուինք հաստատութենէ մը, որուն արմատները ամուր խրած են Լիբանանի ասպնջական հողին մէջ, հաստատութիւն մը, որ ունի հարուստ անցեալ, գեղեցիկ աւանդութիւններ՝ մարդկային, ընկերային եւ  ազգային-հայրենասիրական արժէքներով զինուած: Մենք հպարտ ենք, որոհետեւ այդ ամուր արմատներուն նոր՝ ամենաթարմ եւ ամենականաչ ընձիւղներն ենք: Այսօր մեզի յանձնուած վկայականները մեր կրթական կեանքի աւարտը խորհրդանշող կամ այդ ուսման ընթացքին մեր տարած աշխատանքին գնահատականի վկայագիրերը չեն միայն, այլեւ վկաներն են մեր եւ մեր սիրելի կրթօճախին միջեւ եղած անկեղծ հաւատարմութեան»:
Թամար Սարգիսեան շարունակելով իր խօսքը ըսաւ. «Այսօրուան մենք հասանք երկար ու ձիգ աշխատանքէ մը յետոյ: Մեր ուսանողական կեանքին ընթացքին արձանագրուած բոլոր յաջողութիւնները կը պարտինք մեր սիրելի տնօրէնութեան եւ մեր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն: Այսօր բոլորին կը յայտնենք մեր երախտագիտութիւնը: Սիրելիներ, դուք ոչ մէկ վայրկեան դադրեցաք տալու ձեր սիրտէն, հոգիէն եւ էութենէն եւ տուիք՝ առանց հաշիւի: Ձեր գաղափարներով դուք կոփեցիք մեր հոգիները մեր մէջ կերտեցիք մարդը՝ հայ մարդը որպէս ճարտարապետները մեր ապագայ կեանքին: Յաղթանակի օր է այսօր մեր վարժարանին համար, որուն մէջ սիրելի ուսուցիչներ յատկապէս մեծ ու անգնահատելի է ձեր բաժինը»: Իր խօսքին մէջ Թամար Սարգիսեան նաեւ շնորհակալութեան իր խօսքը յայտնեց աւարտականներու ծնողներուն, անոնց պարտելով իրենց նուաճումը:
Հայերէն խօսքէն յետոյ, աւարտական դասարանի աշակերտուհի Անի Դարբինեան հանդէս եկաւ ասմունքով: Ան ներկայացուց Գէորգ Էմինի «Մենք»ը, որուն կատարումը մեծ գոհունակութիւն պարգեւեց ներկաներուն:
Աւարտական Վիվիան Պօղոսեան փոխանցեց աւարտականներու խօսքը արաբերէն լեզուով, որուն յաջորդեց "Gypsy" պարի գեղեկեցիկ կատարումը, իսկ անկէ յետոյ աշակերտուհի Մարինա Չէօլմէքեան փոխանցեց աւարտականներու խօսքը ֆրանսերէն լեզուով:
Արուեստից վարժարանի աւարտական ուսանողուհիներ Անի Թութիկեան եւ Կարին Քէշիշեան ֆրանսերէն լեզուով կատարեցին "Tu es mon autre" երգը, որուն յաջորդեց աշակերտութեան անունով անգլերէն խօսքը, որ փոխանցեց Սերժ Քէշիշեան:
Իսկ Գէորգ Քէշիշեան սրինգի վրայ նուագեց «Մարտիկի Երգը» ստեղծագործութիւնը, որուն յաջորդեց աւարտականներոու պատրաստած Տի.Վի.Տի.ն՝ "Promo 2010" խորագիրով:
Այնուհետեւ Արուեստից վարժարանի աւարտականները պարեցին հայկական պար մը, որուն աւարտին վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու Կարինէ Մինասեան-Թաշճեան ընթերցեց Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին ողջոյնի խօսքը:
Պարոն Քոչարեան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս կը գրէ. «Այսօր ուրախալի եւ հանդիսաւոր օր է Ձեր վարժարանի մանկավարժական ողջ անձնակազմի եւ բոլոր շրջանաւարտների համար: Կրկին անգամ ամփոփւում են երկարամեայ եւ քրտնաջան աշխատանքի արդիւնքները բացւում են նորանոր հորիզոններ շրջանաւարտների կեանքում: Համոզուած եմ, որ շրջանաւարտների ապագայ ձեռքբերումները միշտ ուրախացնում են մանկավարժներին նաեւ պարտաւորեցնում նրանց աւելի բարձրացնելու պատասխանատուութեան զգացումը մատաղ սերնդի կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցում:»:
Դեսպանի խօսքի փոխանցումէն յետոյ տեղի ունեցաւ վարժարանի վահանի փոխանցման հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն յաջորդեց «Վերջին Զանգ» երգի աւարտականներու կատարումը եւ վկայականներու բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը, ձեռամբ Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանի եւ վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստի: Վկայականներու կողքին անոնց տրուեցաւ նաեւ վարժարանի պաշտօնաթերթ «Մեսրոպեան Լրաբեր»ի յատուկ աւարտականներուն նուիրուած թողարկումի մէկական օրինակ: Կարկանդակի հատումէն յետոյ աւարտականները ընդունեցին բոլոր ներկաներուն շնորհաւորանքները, այնուհետեւ մեկնեցան «Քորալ Պիչ» անոր գեղեցիկ սրահներուն մէկուն մէջ խրախճանքի սեղաններուն շուրջ շարունակելու համար իրենց գեղեցիկ ու սպասուած տօնը:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ
ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ