Շաբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2012 - Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքները կոչ ուղղեցին երկխօսութեան
Պքերքէ, Լիբանան

Շաբաթ 8 նոյեմբեր 2012-ին, Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսաց խորհուրդը աւարտեց իր ժողովը Պքերքէի մէջ, մասնակցութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին ու կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու։ 

Փակման հաղորդագրութեան մէջ, խորհուրդը իր մտահոգութիւնը յայտնեց երկրի քաղաքական ներկայ տագնապին շուրջ եւ կոչ ուղղեց երկխօսութեան լուծելու համար բոլոր խնդիրները եւ դիմագրաւելու համար տնտեսական ծանր պայմանները։ Ինչպէս եւս ան զօրակցութիւն յայտնեց տարածաշրջանի ժողովուրդներուն հետ, իրագործելու համար անոնց արդարութեան, ազատութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքները, դատապարտելով բռնութեան ու պատերազմի միջոցները։
Վերջապէս, խորհուրդը վարչական ընտրութիւններ կատարեց իր գործադիր անձնակազմէն ներս եւ պատկան եպիսկոպոսական յանձնախումբերուն մէջ։ 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ