Զմմառ, Լիբանան
Զմմառու միաբան հայրերը գլխաւորութեամբ Տանն ԿԻլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին , Հիագշաբթի՝ 26 Յուլիս 2007ին, Զմմառու վանքին մէջ տեղի ունեցած միաբանութեան ընտրական ժողովին աւարտին ընտրեցին միաբանութեան վարչական նոր կազմը: Նորակազմ վարչական կազմը հետեւեալն է. պատրիարքական Փոխանորդ` Հայր Միքայէլ Ծ. Վրդ. Մուրատեան, Ա. Օգնական եւ դպրեվանքի Տեսուչ` Հայր Միքայէլ Վրդ. Պասալէ եւ վարչականներ` Հայր Գաբրիէլ Վրդ. Մուրատեան, Հայր Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեան, Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան:
Ընտրութեան ուղղուելէ առաջ միաբան ժողովականները կիսաբոլոր հաւաքուեցան Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի եւ 16 նահատակ միաբաններու յուշակոթողին շուրջ եւ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած ընտրելու միաբանութեան համար նոր պատրիարքական Փոխանորդ մը: