Հինգշաբթի, 19 Յունուար 2012 - Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեանի մահուան Ա. Տարելից Արժանթինի մէջ


Պէյրութ, Լիբանան

Կիրակի, 22 յունուար 2012-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեանի մահուան Ա. տարելիցին առթիւ, սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն պիտի կատարէ գերպծ. Վարդան եպս. Պօղոսեան, Պուէնոս Այրէսի հայ կաթողիկէ աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, Արժանթին:
Յիշենք, որ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեանի մահուան Ա. Տարելիցին առթիւ, սուրբ Պատարագ մատոյց եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը Զալքայի «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ սուրբ Պատարագ մատոյց եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարեց հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան Աշրաֆիէյի «Սրբոյ Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ մէջ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ