Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2011 - Իրանի դեսպանը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան


Պէյրութ

Չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 11-ին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Իրանի դեսպան պրն. Ղատանֆար Րոքն Ապատի, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ։ Հանդիպման ներկայ էին արհիապատիւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան եւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութիւնը եւ վերջին քաղաքական զարգացումները շրջանային մակարդակով, մանաւանդ Սուրիոյ տագնապին առընչուող հարցեր։

Պրն. դեսպանը քննադատեց արտագին ոտնձգութիւնները Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ եւ հաստատեց ժողովուրդներու ազատ կամքը ազգային բարենորոգումներ կատարելու։ Ան այս առթիւ հրաւիրեց Հոգեւոր Տէրը մասնակցելու իսլամ-քրիստոնեայ վեհաժողովին, որ նախատեսուած է յունուար 2012-ին Պէյրութի մէջ, կազմակերպութեամբ իսլամ-քրիստոնեայ արաբական կեդրոնին եւ Իրանի դեսպանատան։
 
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը քաջալերեց այս նախաձեռնութիւնը եւ յոյս յայտնեց որ շրջանի հարցերը կը լուծուին համերաշխութեամբ եւ խաղաղ միջոցներով։

Հանդիպման աւարտին, Հոգեւոր Տէրը դեսպանէն խնդրեց իր բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցէ Իրանի նախագահին եւ հանրապետութեան հոգեւոր պետին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ