Երեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2014 - Հ. Կ. Մեսրոպեան վարժարանը արդիականացման մէջ կ’արձանագրէ նոր նուաճում մը

Պէյրութ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեակի նախաձեռնութիւններուն շարքին արդէն հրապարակի վրայ է վարժարանի «Application»-ը (Mesrobian): Այս իրագործումը կը միտի հետեւիլ արդի արհեստագիտութեան ընձեռած կարելիութիւններուն եւ առաւել եւս դիւրացնել հաղորդակցութեան միջոցները:

Իր բնոյթին մէջ այս եզակի նախաձեռնութիւնը նշեալ առումով անդրանիկ քայլ մըն է եւ յառաջիկային ծրագիրը պիտի ընդարձակուի, որպէսզի յառաջիկայ տարեշրջանին «Application»-ը ոչ միայն գործածուի քարոզչական նկատառումներով, այլեւ` մեծապէս նպաստէ ծնողք-վարժարան կապերուն եւ արագ հաղորդակցութեան:
Նշեալ «Application»-ը կրնաք ներբեռնել այցելելով «Android market» կամ «Apple store»:

Ծրագիր մը, որ 75-ամեակին առիթով, վարժարանի 75-ամեայ երթ ունեցող մեսրոպեանականներուն լաւագոյն նուէրն է` մօտէն հետեւելու վարժարանի գործունէութեան:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ