Շաբաթ, 18 Դեկտեմբեր 2010 - Մամլոյ ասուլիս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին մասին Իտալիոյ մէջ

 

Հռոմ 

 

Նախաձեռնութեամբ Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի, եւ Իտալիոյ մօտ Հ Հ դեսպանութեան,  Հռոմի Մալոյեան մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, ներկայացնելու՝ Լեռնային Ղարաբաղի մասին  տեղեկատուական քարոզչութեան ծրագիրը, որ որպէս նպատակ ունի՝  «հանրային կարծիքը մասնակից դարձնել Լեռնային Ղարաբաղի հարցին»։

Հանդիպումին՝ ներկայ էին  Հայաստանի, Ադըրբէջանի եւ Թուրքիոյ դեսպանատուներէն ներկայացուցիչներ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ։

Այս առթիւ խօսք առաւ Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի բանբերէն՝ Ռոպէր Աթթարեան, որ պարզեց տեղեկատուական քարոզչութեան այս ծրագրին նպատակակէտը որն է . «Տեղեկացնել իտալացի ժողովուրդը եւ հանրային կարծիքը Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան իրադրութեան մասին որպէսզի արդար լուծում մը գտնուի հարցին»։

ի դէպ՝ այս նպատակով վերջերս ստեղծուեցաւ կայքէջ մը իտալերէն լեզուով «www.karabakh.it» նուիրուած Ղարաբաղին: Ինչպէս նաեւ հրատարակուեցաւ 140 էջնոց հատոր մը «Ղարաբաղի Իրաւունքները- փոքր երկրի  եւ մեծ ժողովուրդի մը  պատմութիւնը» վերնագրով, (& mybook-Caravaggio հրատարակչատունէն) մեկենասութեամբ՝ Պէզիքեան ընտանիքին։

«Ղարաբաղի Իրաւունքները- փոքր երկրի եւ մեծ ժողովուրդի մը  պատմութիւնը» հատորին մէջ հեղինակը կ’անդրադառնայ Ղարաբաղի  ընդհանուր պատմութեան, յիշելով մասնաւորապէս ազատագրման պատերազմը եւ հանրապետութեան ինքնորոշման հարցը։

Հատորէն օրինակներ ձրիաբար բաշխուած են`իտալական հաստատութիւններուն, քաղաքական կուսակցութիւններուն, յանձնախումբերուն եւ  համալսարաններուն ու նաեւ Իտալիոյ բոլոր երեսփոխաններուն, Եւրոպայի խորհրդարանին, ԵԱՀԿ-ի անդամ իտալացի ծերակուտականներուն եւ երեսփոխաններուն, եւ արտաքին գործոց նախարարութեան։ 

«Ղարաբաղի Իրաւունքները- փոքր երկրի  եւ մեծ ժողովուրդի մը  պատմութիւնը» Լեռնային Ղարաբաղի  մասին իտալերէն առաջին գիրքն է, ուր տեղ գտած է նաեւ ԼՂՀ  նիւթին շուրջ ժողովներու եւ  խորհրդաժողովներու ծրագիրները։

 

Գրքին մասին հեղինակը այսպէս գրած է. «Պատմութիւնը փոքր հողի մը,  փոքր թաշկինակի մը նման, նետուած՝ խռովարար Կովկասի մէջ, եւ մեծ ժողովուրդի մը, որ կը պայքարի իր «ինքնորոշման  իրաւունքը» ստանալու համար։ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ կը դառնան միջազգային շահերը, տեղ տալով նաեւ դիւանագիտական կնճռոտ կարգադրութիւններու»։

Հատորին մէջ տեղեկութիւններ կան մանաւանդ «հինգ տարուայ արիւնալի պատերազմի «օրագրութիւն»ը, որուն տեղ չէ տրուած օրաթերթերու առաջին էջերուն վրայ»։

Մինչ Հայաստանը եւ Ադըրբէջանը մեծ դժուարութեամբ կը փնտռեն խաղաղութեան ուղին, յայտարարութիւններու եւ պատերազմի սպառնալիքներու միջեւ, որոնք կը դնեն մարդիկը լարուածութիւնը սաստկացնելու սարսափին մէջ, այս հատորը կու գայ  կարեւոր տեղեկութիւններ տալու կովկասեան Արցախի հանրապետութեան մասին։

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ