Երեքշաբթի, 27 Յունուար 2015 - Քահանայապետական ծիսական գրասենեակը վերահաստատեց 12 ապրիլի սուրբ Պատարագը

 

Վատիկան

(Ռատիօ Վատիկան  27/1/2015Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու պատասխանատու` գերապայծառ Կուիտօ Մարինիի ստորագրութիւնը կրող հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուած են Ֆրանչիսկոս Պապին փետրուարէն ապրիլ ամիսներու ընթացքին գլխաւորելիք արարողութիւններու յայտագիրը­, կը վերահաստատէ թէ յառաջիկայ 12 ապրիլ 2015-ին, «Աստուածային Ողորմութեան» տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի «Սուրբ Պետրոս» մայր տաճարին մէջ­ առաւօտեան ժամը 10-ին, պիտի նախագահէ սուրբ Պատարագի արարողութիւնը­, որ պիտի մատուցուի հայ ազգի բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին, Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակի առիթով, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած հայ եւ օտար հաւատացեալներ եւ ուխտաւորներ։

Բնագիրը քաղուած է Ռատիովատիկանի կայքէջէն

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ