Հինգշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2012 - Վարագայ վանքի «սեփականատէրը» համաձայնած է եկեղեցին հայ համայնքին վերադարձնել


Թուրքիա

Վանի մէջ գտնուող Վարագայ վանքի «սեփականատէր», թրքական «Հապերթիւրք» կայքէջի գլխաւոր խմբագիր Ֆաթիհ Ալթայլը համաձայնած է եկեղեցին հայ համայնքին վերադարձնել:

«Թարաֆ» կը հաղորդէ, որ այն բանէն ետք, երբ ի յայտ եկած է, որ վերանորոգման կարիք ունեցող Վարագայ վանքը կը գտնուի Ֆաթիհ Ալթայլըի հողատարածքին վրայ, զայն հայերուն վերադարձնելու պահանջով բողոքի ցոյցեր սկսած էին:

Ալթայլըի ե-նամակի հասցէին բազմաթիւ նամակներ ուղարկուած էին` անոր կոչ ուղղելով եկեղեցին հայերուն վերադարձնել:

«Դուք Թուրքիոյ մէջ շատ յայտնի լրագրող էք, սակայն այս քայլով դուք ձեզ կը խայտառակէք: Ոեւէ պարկեշտ ու խելօք մարդ իր սեփականութեան վկայականը պիտի տանէր եւ յանձնէր Հայոց պատրիարքարանին», գրած էին արշաւին մասնակիցները:

Պատասխան ե-նամակին մէջ խմբագիրը գրած է, որ պատրաստ է վերադարձնելու եկեղեցին, եթէ պատրիարքարանը կամ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը այդ հարցով իրեն դիմեն:

«Մինչեւ հիմա ոեւէ մէկը ինծի չէ դիմած ո՛չ վերադարձնելու, ո՛չ վերանորոգելու խնդրանքով: Եկեղեցին ձերն է, ամէն ձեւով կրնամ օգնել, կրնամ զայն յանձնել պատրիարքարանին», գրած է ան:

Ընկերվարական կուսակցութեան անդամներու մէկ խումբը եկեղեցին վերադարձնելու պահանջով բողոքի ցոյց կազմակերպած էր «Հապերթիւրք»-ի շէնքին մօտ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ