Ուրբաթ, 29 Յունուար 2010 - Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը միջեկեղեցական ժողովին

 Պէյրութ, Լիբանան

 

Baabda pic
Երեքշաբթի, 26 յունուար 2010-ին, Անթիլիասի մէջ սկսաւ արեւելեան նախաքաղկեթոնական եւ կաթողիկէ Եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան եօթներորդ հանդիպումը, մասնակցութեամբ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, իբրեւ մնայուն ներկայացուցիչ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ: Միջեկեղեցական այս ժողովին, որ կ՛ընթանայ մինչեւ կիրակի 31 յունուար 2010, պիտի քննարկուին տիեզերական ժողովներու տեղն ու դերը քրիստոնէական առաջին դարերուն ու Հռոմի Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի արծարծուին արեւելեան նախաքաղկեթոնական որոշ Եկեղեցիներու տեսակէտները:

Չորեքշաբթի, 27 յունուար 2010-ին, միջեկեղեցական ժողովի մասնակիցները պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ:

Յիշենք, որ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մասնակցեցաւ միջեկեղեցական ժողովի ընթրիքին Անթիլիասի մէջ, հինգշաբթի 28 յունուար 2010-ին: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ