Պէյրութ
Կիրակի, 31 հոկտեմբեր 2010, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Էսեմպլի Հոլին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտաս վարդապետի հայ հոգեւոր եւ ժողովրդական երգերուն նուիրուած համերգ, կատարողութեամբ՝ հայ կաթողիկէ պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբին՝ խմբավար դոկտ. Էտուար Թորիկեան, եւ «Առաքելոց» երգչախումբի՝ խմբավար Գրիգոր սրկ. Ալլոզեան։ Համերգը հովանաւորեց եւ ներկայ գտնուեցաւ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, աջակցութեամբ տէր եւ տիկին Ապպուտ Պօղոսի։
Յայտագիրը ընդգրկեց Կոմիտաս վարդապետի հոգեւոր եւ աշխարհիկ երգերու մեկնաբանութիւն։ Ելոյթի աւարտին, զոյգ երգչախումբերը կատարեցին «Ել ել» երգը, ապա փակեցին յայտագիրը «Հայր մեր»ով։ Համերգը վերջ գտաւ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ «Պահպանիչ»ով։