Երկուշաբթի, 25 Յունուար 2010 - Ընկերային Հաղորդամիջոցներու 44-րդ պատգամի ներկայացում

 

Վատիկան

Կիրակի, 24 Յունուար 2010, սուրբ Ֆրանսիս Տը Սալի տօնին առթիւ, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց իր ուղղուած պատգամը ընկերային հաղորդամիջոցներու 44-րդ համաշխարհային օրուան համար, յառաջիկայ 16 Մայիս 2010-ին:
«Քահանան եւ հովուականը, թուային աշխարհին մէջ. նոր հաղորդամիջոցները Խօսքին ծառայութեան համար» վերնագրով այս տարուան պատգամին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը կը ներկայացնէ իր հովուական մտապատկերը նոր հաղորդամիջոցներուն նկատմամբ: Այս հաղորդամիջոցները, ըստ իրեն, «անհրաժեշտ միջոց» մըն են աւետարանացման համար:

Նշենք, որ ընկերային հաղորդամիջոցներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ Գերյ. Քլաուտիօ Մարիա Քելլի մամուլին ներկայացուց ամբողջ Եկեղեցւոյ ուղղուած վերոնշեալ պատգամը, անդրադարնալով մասնաւորապէս Եկեղեցւոյ դերակատարութեան եւ աւետարանացման առաքելութեան «թուային աշխարհի»ն մէջ: Ան աւելցուց, որ Սրբազան Քահանայապետը կ՛եզրափակէ իր պատգամը յստակօրէն հաստատելով թէ նոր հաղորդամիջոցները «մեծ առիթ» կ՛ընծայեն հաւատացեալներուն:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ