Երկուշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2007 - Ս.Մեսրոպ Մաշտոցի նուիրուած Յուշակոթողի Բացման Արարողութիւն

 

 
Լիբանան
 

Նախաձեռնութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան,  եւ օրհնութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին,  բարերարութեամբ Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանի, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի կեդրոնական հրապարակին վրայ, Շաբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2007ի երեկոյեան ժամը 7:00ին բացումը կատարուեցաւ եզակի յուշակոթողի մը, որ կը նուիրուի Հայ Դպրոցի Հիմնադիր Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի անմահ յիշատակին:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն. Վահան Տէր Ղեւոնդեան, Հոգեւորականներ, քոյրեր, լիբանանահայ կուսակցութիւններու եւ միութիւններու պատասխանատուներ, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններ, ‎Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերու անդամներ, հիւրեր, ծնողներ եւ աշակերտներ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգները հնչելէ յետոյ, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկ. Կարինէ Թաշճեան:
Բացման խօսքէն ետք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանը, Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պր. Վահան Տէր Ղեւոնդեանը եւ Մեսրոպեան
 
Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստը շղարշը վար առին Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին վրայէն, որմէ  ետք տեղի ունեցաւ կոթողի եւ Օշականեան հողի օրհնութեան արարողութիւնը, որպէս պսակումը Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» յուշակոթողի բացման արարողութեան:
 

Այնուհետեւ խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ, որ ըսաւ. «Մեր վարժարանի մեծ ընտանիքի երազանքը դարձաւ իրականութիւն. վարժարանի սրտին՝ կեդրոնական խաղահրապարակին վրայ ահաւասիկ վեր կը խոյանայ արձանը Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին, որուն անունը կը կրենք եւ որուն սկսած առաքելութեան ծառաներն ենք մենք՝ որպէս հաստատութիւն»:
Իր խօսքի աւարտին, Պր. Գալուստ երախտագիտութեան մեծագոյն խօսք ուղղեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, որ ոչ միայն քաջալերած է այս յուշակոթողը կանգնեցնելու մտայղացումը, այլեւ իր օրհնութիւնը տուած է այս սուրբ առաքելութեան: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանին, որ միշտ եւ տարբեր ձեւերով նեցուկ ըլլալով վարժարանին,  սիրայօժար ստանձնած է յուշակոթողին հովանաւորութիւնը՝ ի յիշատակ իր սիրեցեալ ծնողքին՝ Զարուհի եւ Գէորգ Աշգարեաններուն:
Շնորհակալութեան բաժին ունէին նաեւ յուշակոթողի ճարտարապետ՝  Տիգրան Գալուստեանը եւ արձանը իրականացնող հայրենի քանդակագործ Գագիկ Գէորգեանը, ինչպէս նաեւ Հայր Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանը: 
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն մաս կը կազմէին լիբանանահայ արուեստագէտներ Զաքար Քեշիշեան, որ շուիի վրայ ներկայացուց հայկական գեղեցիկ ընտրանի մը, Պր. Գէորգ Պէպէճեան, որ կատարեց «Յուշարձաններ» եւ «Հայորդիք» երգերը: Ասմունքի բաժինով ելոյթ ունեցաւ  Յասմիկ Պերթիզլեան, որ ներկայացուց համադրում մը Վրթանէս Փափազեանէ, Պարոյր Սեւակէ եւ Յովհաննէս Շիրազէ առնուած:
 
Գեղարուեստական յայտագիրէն յետոյ խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան  Վահան Տէր Ղեւոնդեան: Ապա բարերարի յանգամանքով խօսք առաւ Հայ Կաթողիկէ
 
Պէյրութի թեմին Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգեւոր Տիրոջ, որ ոչ միայն յանձն առած էր հովանաւորել այս հանդիսութիւնը, այլ իր ներկայութեամբ պատուած էր ձեռնարկը:
Այնուհետեւ պատմական այս իրադարձութեան առիթով իր Հայրական Պատգամը փոխանցեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս 19-րդ Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ ըսաւ. «Հայ երախտաւորի մը, կամ սոսկ պատմական դէմքի մը կամ դէպքի մը յիշատակը ոգեկոչող արձանի մը բացման սովորական արարողութիւնը չէ, որ կը կատարենք այս պահուս, որովհետեւ այն դէմքը, որուն նուիրուած է այս գեղակերտ յուշակոթողը, երբեք կարիքը չէ ունեցած եւ չունի յուշակոթողի կամ յիշատակումի, որքան ալ մեծադիր ու մեծաշուք ըլլան անոնք»: Այդ դէմքը 16 դարերէ ի վեր քանդակուած է աշխարհ եկած իւրաքանչիւր հայու հոգիին ու մտքին մէջ, իր մկրտուած օրէն, ըսաւ Հոգեւոր Տէրը, եւ շարունակեց ըսելով. «Այդ դէմքը Աստուծոյ հետ սեփական լեզուով հաղորդակցուելու հնարաւորութիւնը պարգեւեց Հայ ժողովուրդին, հաւատաց որ աշխարհի վրայ չկայ ուժ մը, որ կրնայ պարտութեան մատնել սեփական լեզուով, մշակոյթով եւ քրիստոնէական հաւատքով օժտուած Ազգ մը»: Աւարտելով իր խօսքը, Հոգեւոր Տէրը ըսաւ. «Այս քանդակը եւ այս հաստատութենէն տողանցող սերուդններուն եւ անկէ ներս ոտք դնող իւրաքանչիւր հայորդիի այս քանդակով փոխանցուած սրբազան պատգամին հաւատարիմ մնալու յանձնառութիւնը կը վկայեն, որ Ս. Մեսրոպ չէ մեռած, ան կենդանի է ու կÿապրի ամէն Հայու հոգիին եւ մտքին մէջ»:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ