Ուրբաթ, 14 Յունիս 2013 - Հաղորդագրութիւն` Ասուլիս Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ

Պէյրութ

Ուրբաթ, 14 Յունիս 2013, առաւօտեան ժամը 11-ին, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ հաղորդամիջոցներու ասուլիս մը, որուն ընթացքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը զեկուցեց Վատիկան այցելութեան եւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումի մասին, որուն ընթացքին Հոգեւոր Տէրը Սրբազան Քահանայապետէն խնդրած է մասնակցիլ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յիշատակումին՝ հրապարակելով  Առաքելական Յորդոր մը, նախագահելով Վատիկանի սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ 2015-ի Ապրիլին մատուցուելիք մեծաշուք սուրբ Պատարագին եւ արտօնելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած վատիկանեան դրոշմաթուղթի մը հրապարակումը։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յայտնեց թէ այս անդրանիկ այցելութեան նպատակն էր Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կեդրոնին դիմել եւ խնդրել անոր աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին եւ արդարութեան իրաւունքի հաստատումին: Ան հաստատեց, թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լի ու լի մեզի հետ է եւ իր հայրական մօտիկութիւնը կը ցուցաբերէ հայ ժողովուրդին եւ անոր արդար իրաւունքներուն: 

Այնուհետեւ, Պր. Սարգիս Նաճարեան, որ վարեց ասուլիսը, անդրադարձաւ Սրբազան Քահանայապետին եւ Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին եւ այս հանդիպումին առիթով Պապին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան կատարուած ակնարկութեան՝ իբրեւ «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը», ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետ Վատիկանի յարաբերութիւններու ընթացքին յառաջացուցած  մեծ արձագանգին  ոչ միայն սփիւռքահայ եւ հայաստանեան մամուլին մէջ, այլ հայանպաստ արձագանգին միջազգային հանրային կարծիքին մօտ։ Ան ըսաւ թէ քրիստոնեայ աշխարհի մեծագոյն առաջնորդին՝ Պապին կողմէ կատարուած նման յայտարարութիւն անշուշտ անտարբեր չէր կրնար ձգել Թուրքիան, որ չուշացաւ իր մաղձը թափելու Պապին դէմ։ Ան յայտնեց թէ Պապին եւ Հոգեւոր Տիրոջ միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին եւ Սրբազան Քահանայապետին կատարած յայտարարութեան՝ յունիսի 7-ին յաջորդեց Վատիկանի մօտ Հայաստանի մնայուն դեսպան Միքայէլ Մինասեանին հաւատարմագրերուն յանձնումի արարողութիւնը եւ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին Հայաստան այցելելու հրաւէրը Պապին։ Պր. Նաճարեան նշեց թէ շատ ուշագրաւ է անշունշտ այս բոլորէն ետք, Վատիկանի մամուլի գրասենեակի տնօրէն հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի կատարած յայտարարութիւնը Վատիկան-Հայաստան յարաբերութիւններուն մասին, որոնք հաստատուած են 23 մայիս 1992-ին, նորանկախ Հայաստանի հանրապետութեան հռչակումէն 8 ամիսներ ետք: Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի նշած է թէ Հայաստան-Վատիկան յարաբերութիւնները եղած են միշտ ներդաշնակ ու սերտ եւ մնայուն դեսպանութեան հաստատումով՝ յարաբերութիւնները աւելիով պիտի ամրապնդուին, նա մանաւանդ երբ կը խօսուի «առաջին քրիստոնեայ ազգի մասին»: Հայր Լոմպարտի, իր յայտարարութեան մէջ կ'անդրադառնայ Հայաստան-Վատիկան յարաբերութիւններու գլխաւոր հանգրուաններուն, մանաւանդ Յովհաննէս Պօղոս Բ. երջանկայիշատակ Պապի պատմական այցը Հայաստան 2001-ին եւ Սուրբ Պետրոսի մէջ զետեղուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանի բացման արարողութիւնը 2005-ին: 

Պրն. Սարգիս Նաճարեան բոլորին ուշադրութեան յանձնեց Վատիկանի եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուած յարաբերութիւնները եւ վերջին զարգացումները այս գծով: Ան աւարտեց իր մէջբերումը յայտնելով թէ պատասխանը այժմ յստակ է այն հարցադրումին, թէ Պապը պիտի վերահաստատէ՞ կարդինալ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիոյի կողմէ կատարուած հայանպաստ յայտարարութիւնը:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած ասուլիսին, բացումը կատարեց հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան, որ հաղորդամիջոցներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Դուք, որ քաջաբար, զոհողութիւններով, մեծ ջանքերով եւ սակայն հայավայել եռանդով յառաջ կը տանիք ձեր առաքելութինը՝ որ է ճշմարտութիւնը հասցնել բոլորին, ապա նաեւ հայուն խանդ ու քաջութիւն փոխանցել, եւ մանաւանդ հանրային կարծիքը առողջ պահել, առիթէն կ'օգտուիմ այս վերջին իրողութիւնը շեշտելով՝ հաւաստիացնել որ հայ իրականութեան մէջ հանրային կարծիքին առողջութիւնը մեծ տոկոսով անոնց կը պարտինք:»

Այս ասուլիսին ներկայ գտնուեցան լիբանանահայ մամուլի եւ հաղորդամիջոցներու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր եւ հայ կաթողիկէ միութենական պատասխանատուներ։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ