Երկուշաբթի, 23 Փետրուար 2009 - Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Կռունկ» Երգչախումբի Համերգ

Լիբանան

 
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդին, Կիրակի, 22 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ կաթողիկէ միութեան (ՀԿՄ) «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Կռունկ» երգչախումբի համերգը՝ ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Թամար Գասապեանի: Համերգին ներկայ էին Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ դեսպանատուներու մշակութային կցորդները:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց դոկտ. Եդուարդ Թորիկեան, որ շնորհակալական խօսք ուղղեց Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդին՝ ձեռնարկի կազմակերպման համար: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ մեծ թիւով երիտասարդներ ներկայ էին համերգին: Ան բացատրեց, որ «Կռունկ» երգչախումբի պարտականութիւնն է եկեղեցւոյ մէջ շարականներու երգեցողութիւնը՝ աւելցնելով, որ նաեւ երգչախումբը ունի ազգային եւ մշակութային առաքելութիւն:

Բարի գալուստի խօսքէն ետք երգչախումբը մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ յաջողապէս եւ լաւապէս մեկնաբանեց հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն, սպաներէն, ռուսերէն եւ ուքրաներէն ժողովրդական երգերու փունջ մը՝ բազմաձայն մշակումով:

Համերգի եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց «Կռունկ» երգչախումբի հոգեւոր վարիչ հայր Անդրանիկ վրդ. Կռանեան: Ան նկատել տուաւ, որ մեկնաբանուած երգերը նախապէս ծանօթ էին, սակայն մշակուած են դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի կողմէ, որ մեծ աշխատանք կը տանի «Կռունկ» երգչախումբը կանգուն պահելու համար, որպէսզի անիկա պատիւ բերէ Լիբանանին, պարծանք՝ հայութեան եւ հպարտանքի առիթ՝ բոլորին: Ան կոչ ուղղեց աշակերտութեան արձանագրուելու եւ միանալու «Կռունկ» երգչախումբին՝ արժեւորելու համար հայ մշակոյթը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ