Երկուշաբթի, 29 Օգոստոս 2011 - Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի «Ովասիս»ի եզրափակիչ հանդէսը


Պուրճ Համմուտ

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանին, երէկ` ուրբաթ, 26 օգոստոս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ «Ովասիս» մանկապատանեկան ամառնային ծրագիրի 13-րդ եզրափակիչ հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ աւելի քան 2500 հայորդիներու:
Հանդիսութիւնը սկսաւ բացման պարով, «Ովասիս»ի խումբերու տողանցքով եւ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներով, որոնցմէ ետք խօսք առաւ «Ովասիս» ամառնային ծրագիրի ընդհանուր պատասխանատու Քարոլին Թերզեան: Ան ըսաւ, որ «Ովասիս»ի մէջ աշակերտները երգերու, պարերու, պտոյտներու, խաղերու եւ այլ դաստիարակչական միջոցներու ընդմէջէն կ՛անցընեն հաճելի եւ օգտաշատ պահեր: Թերզեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան, անձնակազմին եւ ծնողներուն, որոնց միացեալ գործակցութեամբ կ՛իրականանայ այս նախաձեռնութիւնը:

Ապա տարբեր երկիրներէ եւ տարբեր վարժարաններէ համախմբուած «ովասիս»ական աշակերտները շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը: Անոնք երգեցին «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» եւ «Ձեռք տուր ընկեր եմ» երգերը, ինչպէս նաեւ պարեցին հայկական, արաբական եւ եւրոպական բազմաթիւ պարեր, որոնք ներկաներուն մօտ յառաջացուցին մեծ խանդավառութիւն: Յայտագիրին ծիրին մէջ նաեւ տեղի ունեցաւ քոնկ ֆուի ցուցադրութիւն:
Նշենք, որ «Ովասիս»ի իւրաքանչիւր խումբ կը կրէր հայկական պատմական գրաւեալ հողերու անունները, մինչ դաշտին մէջ տեղադրուած էին Այբուբենը, Արարատը, եկեղեցին, Սարդարապատը, Արցախը  եւ խաչքարը խորհրդանշող ձեռային աշխատանքներով պատրաստուած պատկերներ:
Յայտագիրի աւարտին աշակերտները իւրայատուկ կերպով կազմեցին «Ովասիս» բառը, որուն յաջորդեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստին խօսքը: Ան ըսաւ, որ «Ովասիս»ի խումբերուն կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն տարազները Հայաստանի վերանկախացման 20-ամեակին առիթով պատգամող խորհուրդներ կը փոխանցեն: Գալուստ աւելցուց, որ ամառնային ծրագիրին նպատակն է կրթել եւ դաստիարակել մանուկներն ու պատանիները, եւ այս հանդիսութիւնը ցուցանիշ է հաստատելու, որ «Ովասիս» իր նպատակին կը ծառայէ:
Կրեկուար Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն եւ դասատուներուն, որոնք մեղուներու նման իրենց վստահուած պարտականութիւնը կատարեցին: Ան յայտնեց, որ ծնողներու հարազատ վերաբերմունքը յաջողութեան գրաւականներէն մէկն էր: Իր խօսքի աւարտին Գալուստ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ տարիներուն «Ովասիս»ը առաւել եւս զարգանայ ու բարելաւուի, որպէսզի աւելի մեծ թափով շարունակէ իր աշխատանքը:
«Ովասիս»ի 13-րդ հանդէսը փակուեցաւ հրավառութեամբ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ