Երկուշաբթի, 11 Մարտ 2013 - Անճարի Կարդինալ Աղաճանեան Տան սաներ այցելեցին Զմմառու վանք

Զմմառ

Ուրբաթ 8 Մարտ 2013-ին, Անճարի Կարդինալ Աղաճանեան Տան 35 անդամներ, գլխաւորութեամբ կեդրոնին տնօրէն՝ Տէր Ալիշան Աբարթեանի եւ իր աշխատակազմին, այցելեցին Զմմառու վանքը, մօտէն ծանօթանալու համար վանքին հնադարեան պատմութեան: Անոնք այցելեցին զանազան բաժինները, յատկապէս նոր եւ հին թանգարանը, մատենադարանը, գինեմառանը իր նորոգուած բաժիններով: Ապա նաեւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Նորընծայարանի շէնքը, որ այս տարի կը յիշատակէ իր կառուցման 50-ամեակը (1963):
Միաբանութեան գերապատիւ հայրեր՝ մօտիկ եւ մտերմիկ զրոյցներով խօսեցան հայ կաթողիկէ դարաւոր վանքին արժէքներուն ու գոյութեան կենսականութեան մասին: Այդ բոլորին կողքին տեղի ունեցաւ կոչումներու մասին հակիրճ զրոյց մը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ