Ուրբաթ, 19 Փետրուար 2010 - Լատին նախկին պատրիարք Սապպահ այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Պէյրութ, Լիբանան

Չորեքշաբթի, 17 Փետրուար 2010-ին, Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հանդիպում ունեցաւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ, Երուսաղէմի լատին նախկին պատրիարք Սապպահին հետ, որուն կ՛ընկերականար Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի բարձրաստիճան պատասխանատուներէն դոկտ. Միշել Նսէյրը։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան։


Ամենապատիւ
Հոգեւոր Տէրը եւ պատրիարք Սապպահ անդրադարձան Երուսաղէմի եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն կողմէ պատրաստուած այն յայտարարութեան, որուն միջոցաւ Երուսաղէմի եկեղեցիները կարող են միջազգային հասարակութեան պատժամիջոցներ հաստատելու Իսրայէլի դէմ, երկրին մէջ քրիստոնեաներուն դէմ ստեղծուած անընդունելի վերաբերումներուն դէմ։

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ