Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2011 - Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակի նշում Դամասկոսի մէջ


Դամասկոս

29 սեպտեմբեր 2011-ին Դամասկոսի  «Four Seasons» պանդոկի «Levant» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանութեան  կազմակերպած ընդունելութիւնը, Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած։
Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան պետական բարձրաստիճան նախարարաներ ու երեսփոխաններ, դիւանագէտներ, դամասկոսահայ համայնքապետերը ու մեծ թիւով ազգայիններ ու միութենականներ։
Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան՝ դոկտ. Արշակ Փոլատեան հակիրճ խօսքով մը վեր առաւ անկախութեան խորհուրդը հայ ժողովուրդին համար ու 20-ամեայ նուաճումներու շարքը, կերտելու Հայաստանի անկախ պետականութիւնը, որպէս ժողովրդավար, ազատ եւ ինքնիշխան երկիր։ Պրն. դեսպանը անդրադարձաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի երկկողմ յարաբերութիւններուն, որոնք բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին ու մաղթեց որ Սուրիոյ ժողովուրդը կարողանայ յաղթահարել ներկայ տագնապը ու երկիրը վերագտնէ իր խաղաղութիւնը ու կայունութիւնը եւ շարունակէ  շրջանի մէջ իր հիմնական դերակատարութիւնը։ Ընդունելութեան վերջաւորութեան, դեսպան դոկտ. Փոլատեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ անկախութեան 20-ամեակի առթիւ՝ պարգեւատրումը Հայաստանի Սփիւռքի եւ Մշակոյթի նախարարութեան մետալներով ու պատւոյ գիրերով, շարք մը դամասկոսահայ կրթական մշակներու, արուեստագէտներու եւ ազգայիններու, որոնք իրենց նպաստը բերած են հայ մշակոյթի պահպանման ու Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրացման։ Այս առթիւ՝ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան «Քնար» երգչախումբը, ինչպէս նաեւ Նոր Սերունդ մշակութային միութեան «Մեղրի» պարախումբը  ստացան Սփիւռքի նախարարութեան պատւոյ գիրերը։ Երգչախումբի պատուոյ գիրը յանձն առաւ ՀԿՄ-ի ատենապետ ու երգչախումբի պատասխանատու պրն. Սարգիս Քէշիշեանը։


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ