Երկուշաբթի, 26 Ապրիլ 2010 - Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում Գ. Հարպոյեան վարժարանին մէջ


Զալքա, Լիբանան

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 95-ամեակը աշակերտական հանդիսութեամբ, ուրբաթ, 23 ապրիլ 2010-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1.30-ին, «Պետողլեան» սրահին մէջ:
Հանդիսութեան բացման խօսքը աշակերտութեան անունով արտասանեց Լիւսի Մազմանեան, որ նշեց, թէ հայ աշակերտները ժառանգորդներն են մէկուկէս միլիոն նահատակներուն ու անոնք պարտաւոր են շարունակելու նահատակներու սրբազան ուղին՝ պահպանելով հայ ժողովուրդին հարստութիւնները եւ պահանջելով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու հատուցումը: Լիւսի Մազմանեան ըսաւ. «Այսօր, աւելի քան երբեք, հայութիւնը իր պայքարին մէջ մէկ է,  մինչ թշնամին օրէ-օր կը գիտակցի, որ արդարութեան արեւը պիտի ծագի ու Արարատը պիտի վերադառնայ իր իսկական տիրոջ»:
Ապա անգլերէնով խօսք առաւ Լիւսի Պապասեան, որ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնն ու Թուրքիոյ վարած հակահայ քաղաքականութիւնը: Պապասեան նշեց, թէ հայ աշակերտները պէտք է ամէն տարի նշեն Ապրիլ 24-ը, մինչեւ որ հայութիւնը վերատիրանայ իր արդար իրաւունքներուն: Ապա տեղի ունեցաւ յիշատակին նուիրուած գեղարուեստական ներկայացումներ:
Օրուան բանախօսն էր Մայտա Քէլէշեան, որ յայտնեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումը իրաւունքի եւ պահանջատիրութեան պահն է, որուն ընթացքին հայութիւնը հաւաքաբար ու $ործակցաբար պէտք է առաջ տանի ճանաչման ու ապա հատուցման աշխատանքները: Քէլէշեան ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր աշակերտ Հայ դատի պայքարին մէջ ունի իր դերակատարութիւնը, որ կը սկսի աշակերտութեան օրերէն՝ խօսելով հայերէն, ճանչնալով հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը ու պահպանելով հայութեան ժառան$ութիւնները:
Յիշատակի հանդիսութեան աւարտին աշակերտական գեղարուեստական ներկայացումներէ ետք, իր սրտի խօսքը փոխանցեց վարժարանի տնօրէն տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ նշեց, թէ նմանօրինակ ձեռնարկներով աշակերտութիւնը անգամ մը եւս եկաւ ապացուցելու, որ ինք տէրն է իր դատին ու պիտի շարունակէ պայքարը՝ մինչեւ որ կերտուի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը: Այս առիթով, Պոյաճեան շնորհաւորեց դասախօսին, աշակերտներուն ու ուսուցիչներուն, որոնց կազմակերպուած աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղաւ ստեղծել համապատասխան պատշաճ մթնոլորտ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ