Չորեքշաբթի, 21 Օգոստոս 2013 - Աստուածածնայ Վերափոխման տօն, Զմմառու վանքի անուանակոչութեան տօն եւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւն

Զմմառ

Հայ ժողովուրդը եւ հայ եկեղեցին իւրայատուկ ակնածանքով ու բարեպաշտութեամբ մեծարած է ու կը մեծարէ Ս. Կոյս Մարիամը` զայն ագուցելով բնութեան մօր ու արարչութեան սկիզբին հետ: Աւանդութեան համաձայն, օգոստոս ամսուն 15-ի շուրջ ինկած շաբաթավերջին տօնական մթնոլորտ եւ աշխուժութիւն կը տիրէ Զմմառու վանքին մէջ: Արդ, Զմմառու Արծիւեան միաբանները Տիրամօր նուիրուած վերափոխման տօնը կը նշեն յատուկ խանդավառութեամբ:
Ընկալեալ սովորութեանց համաձայն, այս տարի եւս 17 օգոստոսի երեկոյեան եւ 18 օգոստոսի առաւօտեան, Զմմառու շրջափակին մէջ վերափոխման նուիրուած հանդիսաւոր պատարագ մատուցուեցաւ:

Հայ ժողովուրդի արաբախօս հատուածը եւ յարակից գիւղերու հաւատացեալները եւս վերափոխման խորհուրդին հաղորդակից դարձնելու մտադրութեամբ` Զմմառեան միաբանութեան վարչութիւնը, յանձինս վարչութեան արտաքին մատակարար եւ ընծայարաններու տեսուչ հ. Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանին, շաբաթ երեկոյեան արաբերէնով մատուցեց սուրբ պատարագ: Ան իր քարոզին մէջ հանգամանօրէն ներկայացուց վերափոխման տօնի իմաստը հայ ժողովուրդին մօտ` ըսելով. «Իւրաքանչիւր հայ հաւատացեալ իր սրտին մէջ Տիրամօր նկատմամբ ունի իւրայատուկ ջերմ ու զեղուն զգացումներ, զորս կ՛արտայայտէ Վերափոխման տօնին օրը, որուն ընթացքին մեր ազգը համայն քրիստոնեայ աշխարհի հաւատացեալներուն հետ` յաւուր պատշաճի իր յարգանքի ու նուիրումի տուրքը կը մատուցէ Աստուածամօր յիշատակին»:

Հայր սուրբը օրուան խորհուրդը մեկնաբանելէ ետք, Զմմառու Տիրամօր աղօթք բարձրացնելով եզրափակեց իր խօսքը. «Ձեր մայրական բարութեամբ ու գթասիրութեամբ բարեխօսեցէ՛ք ձեր Միածին Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին, գթառատ գտնուելու մեզի` մեղաւորներուս հանդէպ վերջին դատաստանին եւ արժանի ընելու անդենական գոյութեան»:
Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, այնուհետեւ վանքի ամառանոց պարտէզին մէջ ներկաները մասնակցեցան իրենց համար պատրաստուած համագիւղական ընթրիքին, որ իր լրումին հասաւ հրավառութեամբ:

Կիրակի առաւօտեան Լիբանանի զանազան շրջաններէն ժամանած հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը եկած էր իր ուխտը կատարելու Տիրամօր:
Զմմառու վարչութեան կազմակերպած վերափոխման օրը պատարագեց եւ քարոզեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը` կողքին առընթերակայ ունենալով հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեան եւ հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահ:

Հայ կաթողիկէ կղերի շքախումբը կիրակի, 18 օգոստոս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին թափօրով ուղղուեցաւ Զմմառու վանքի շրջափակին մէջ զետեղուած խորանին մօտ, ուր տեղի ունեցաւ հայրապետական ձայնաւոր պատարագ` երգեցողութեամբ պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի:
Պատարագի արարողութեան զուգընթաց խորանին վրայ տեղի ունեցաւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւն, սոյն պատիւին արժանացան աշխարհիկ փորձութիւնները անցած եւ իրենց կոչումը իսկապէս նուաճած երկու թեկնածուներ` Զմմառեան միաբանութեան ուխտէն Պարգեւ Պաշխընճի եւ Տիգրան Փիլիպպոս, ձեռամբ` ամենապատիւ եւ գերերջանիկ հոգեւոր տիրոջ, խարտաւիլակութեամբ` Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ընդհանուր եւ Զմմառու միաբանութեան մեծաւոր` հայր Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի:

Ամենապատիւ Եւ գերերջանիկ հոգեւոր տէրը Տիրամայրէն թախանձագին խնդրեց. «Եկած ենք վերափոխեալ Աստուածածինին առջեւ` մեր աղօթքները բարձրացնելու առ Աստուած, մեր երախտագիտութիւնը Անոր յայտնելու համար, որ իր Միածին Որդիին մայրը` Մարիամ մեզի տուաւ իբրեւ երկնաւոր մայր, որպէսզի Ան, մօր հոգածութեամբ եւ սիրով, մեզի օգնէ աճելու համար ամէն օր մեր հաւատքին մէջ, դիմագրաւելու համար առօրեայ անխուսափելի դժուարութիւնները եւ ազատ կամքով առնելու մեր վճռական որոշումները»:

Հոգեւոր տէրը, անդրադառնալով նոր ձեռնադրեալ կիսասարկաւագներուն կոչումին կարեւորութեան, ըսաւ. «Այսօր մենք հաւաքուած ենք նաեւ վկայ ըլլալու համար երկու երիտասարդներու` Պարգեւի եւ Տիգրանի, որոնք իրենց երկնաւոր մօր` Մարիամի օրինակին հետեւելով, կարեւոր որոշում մը տուին եւ Աստուծոյ ձայնը լսելով, քաջութիւնը ունեցան Անոր կոչին իրենց այո՛ն հնչելու եւ անդամակցեցան Զմմառու պատրիարքական դարաւոր միաբանութեան` քարոզիչներ դառնալու համար Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաքելական դաշտին մէջ: Ան աւելցուց, որ անոնց այս որոշումին հասնելուն համար, Զմմառու վանքը` մեծաւոր գերապայծառը եւ տեսուչները երկար տարիներ առաջնորդեցին զիրենք այս վսեմ ճամբուն վրայ»: «Թո՛ղ Աստուած բազմացնէ Զմմառեան առաքեալները եւ զօրացնէ անոնց հաւատքը` ի փառս Աստուծոյ եւ ի բարգաւաճումն Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ», եզրափակեց հոգեւոր տէրը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը:
Պատարագի աւարտին հաւատացեալները իրենց շնորհաւորանքները փոխանցեցին ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ, Զմմառու վարչութեան անդամներուն եւ նոր ձեռնադրեալ կիսասարկաւագներուն. շնորհաւորանքներուն յաջորդեց  եղբայրական ագապը ընծայարանի սեղանատան մէջ:

Հ. ՄԱՇՏՈՑ ՎՐԴ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ
Փոխ տեսուչ Զմմառու Ընծայարաններու


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ