Երեքշաբթի, 22 Յունիս 2010 - Լիբանանեան մարոնիթ միաբանութեան մեծաւոր հայրը այցելեց Հ.Կ.Պատրիարքարան


Պէյրութ, Լիբանան

Երեքշաբթի, 22 Յունիս 2010-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, լիբանանեան մարոնիթ միաբանութեան մեծաւոր հայր Էլիաս Խալիֆէ այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Արհի. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանին հետ։ Հանդիպումին ներկայ էր hայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան։

 

Հայր Խալիֆէ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ուղղուած եղբայր Ըսթֆան Նաամէի Երանելի hռչակման հանդիսութեան պաշտօնական հրաւէրը փոխանցեց Գերապայծառ Հօր։ Հադիպման ընթացքին ներկաները անդրադարձան նաեւ լիբանանեան մարոնիթ միաբանութեան պատմութեան եւ հայ կաթողիկէ ներկայութեան մասին լեռնալիբանանի մէջ։

 

Գերապայծառ Թէյրուզեան իր կարգին նուիրեց երանելիին համար աղօթքի հայերէն թարգմանութիւնը։ Յիշենք, որ այս առթիւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ Քֆիֆանի վանքին մէջ, ուրբաթ 2 Յուլիս 2010-ին։ 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ